Հարթակ

ՀԱՆՔԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇՏԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պետական ճիշդ կառավարման մօտեցման եւ արդար յարաբերութիւններու մշակման ակնկալութիւնները:
Հայաստանի պարագային առաջնահերթութիւն դարձած է՝ այս հեռանկարային ոլորտի հարցերուն արդի լուծումներ գտնելը: Կ՚ակնկալուի, որ արդիւնքի հիման վրայ քաղաքականութիւն մը մշակուի՝ յատուկ կառոյցներու հետ աշխատանքով:

ԵՐԿՈՒ ՆԿԱՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ - 2

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Մեր վայրին մէջ կը գտնուէր հազարաւոր դպրոցներէն եւ եկեղեցիներէն մին, որ մանկութեան բացակայութիւնը թաքնօրէն կը բարձրաձայնէր ու տիեզերական ամենամեծ առաքելութեան հետ կը մրցէր։ Ան կարծես գրեթէ վերջնականապէս երկնայինը պիտի հատուցէր երկրայինին:

ԿՐՕՆՔ ԵՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կրօնքի եւ գիտութեան մասին առանձին-առանձին եւ երկուքի մասին միասնաբար շա՜տ բան գրուած է: Դրական թէ ժխտական մօտեցումներ միշտ ալ եկած են նոր երանգ մը տալու այս երկու զուգահեռ իրականութիւններուն, որոնք կողք կողքի կը քալեն՝ արդէն երկա՜ր դարերէ ի վեր:

ԱԿՆԱՐԿ - 86 - ԾՆՈՂՆԵՐ, ԺԱՄԱՆԱԿ ՏՐԱՄԱԴՐԵՑԷՔ ՁԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ներկայ ժամանակաշրջանին զաւակ դաստիարակելը ամենէն դժուար մասնագիտութիւնը դարձած է, նկատի ունենալով արժէքներու փոփոխութեան, սրբութիւններու ոտնակոխումին, նորարարութեան լայնամաշտաբ տիրակալութեան եւ նիւթի ու նիւթականին գերիշխանութեան հանգամանքները:

ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մարդկային, բարոյական եւ հանածոյ ամբողջ կարողութիւններով, որով առատ է արաբական երկիրը, նաեւ բոլոր այն հսկայական գումարները, որոնք կ՚անցնին պատասխանատուներուն ձեռքը, ինչպէս նաեւ աշխատաւորներու, վարպետներու, մասնագէտներու եւ խորհրդականներու, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրութիւններ, հաշուարկներ, համալսարաններ, քոլէճներ եւ փորձագիտական դպրոցներ, տակաւին մարդիկ, ծրագրաւորումներ, գիտական յանձնախումբեր, փորձառական դասընթացքներ, ամերիկացի, ռուս, եւրոպացի, չինացի, քորէացի մասնագէտներ, եւ ճառերու եւ համաձայնութիւններու հանդէսներ, փորձերու փոխանակում, այս բոլորով հանդերձ ոչ ոք մինչեւ հիմա յաջողեցաւ ներկայացնել՝

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարները. «Տղայէն խրատը մի՛ կտրեր, վասնզի եթէ զանիկա գաւազանով ծեծես, չի մեռնիր: Թէեւ դուն անիկա գաւազանով կը ծեծս, բայց անոր հոգին դժոխքէն կ՚ազատես» (Առ 23.6-8):

ԱՂՄԿԱՅԱՐՈՅՑ ՁԱԽՈՂՈՒՄ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կազզէի մէջ շղթայազերծուած արիւնալի ու ողբերգական պատերազմը արդէն տարի մըն է կը շարունակուի:
«Համաս» այսօր առաջուան ուժը չունի, սակայն արմատախիլ չէ, ապագային կրնայ վերարտադրուիլ: Ամերիկեան ղեկավարութիւնը կը ջանայ իր հանրութիւնը համոզել, թէ այդքան ալ խանդավառ չէ Նեթանիյահուի կերպարով: Իսրայէլի կառավարութեան ընթացքը կ՚ենթադրէ բացարձակ պարտութիւն մը՝ մինչ ԱՄՆ-ի որոշ հրէական շրջանակներն ալ կը դիտարկեն նոյնը:

ԶԻՆԵԱԼ ՊԱՅՔԱՐ-ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՀԱԿԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Յիսուն եւ աւելի տարիներու դէպք մը. դէպք, որ ցնցեց ամբողջ Եւրոպան ու դեռ ալ կը շարունակէ համարուիլ անկիւնադարձային։ Արդարեւ, մեր թուականէն ճիշդ յիսուներկու տարի առաջ պաղեստինցի զինեալներ «Սեւ սեպտեմբեր» խորագրով գործողութիւն մը կատարեցին ու սպաննեցին տասնմէկ իսրայէլացի մարզիկներ, Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ, ուր տեղի կ՚ունենար Ողիմպիական ամառնային խաղերը։

ԵՐԿՈՒ ՆԿԱՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ - 1

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Նկարներ կան, որոնք մեծ ազդեցութիւն կը գործեն մարդու վրայ, մա՛նաւանդ երբ մանկութեան շրջանին յիշողութիւններու, խմորումներու եւ կազմաւորումներու-տպաւորութիւններու հաստատման հետ կը կապուին: Գեղանկարչութիւնը ընդհանուր առմամբ արուեստի ամենամեծ բնագաւառներէն մին է, որ խորհրդապաշտութիւնը կը սնանէ եւ մարդկային հոգեկան, ոգեղէն ու մտային նկարագրութեան ուժ կու տայ:

Էջեր