Հարթակ

ԱՌԱՆՑ ԵՐԵՒԵԼԻ ՁԵՌՔԲԵՐՄԱՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իսրայէլ չի յաջողիր հասնիլ իր նպատակին՝ մինչ Լիբանանի տեսակէտէ մեծագոյն վտանգն է ներքին պառակտումը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հրադադար հաստատելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնները կը ձախողին. ընտութենէն վերջ դարձեալ…

ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՔՆ ՈՒ ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Մարդկային քաղաքակրթութիւնը իր կազմութեան պատմութեան ընթացքին ունեցած է շատ մը դրսեւորումներ, տարազներ, մարմնացումներ... եւ այլն: Նոյնինքն անոր արժեւորումը ու կառոյցը կատարուած է զայն կերտողներուն կողմէ, այսինքն այն կողմերէն, որոնք այսպէս կամ այնպէս յայտնուած են մարդկային զարգացումը ղեկավարման դերին մէջ կամ ստանձնած են այդ դերը:

ԱԿՆԱՐԿ - 89 - ԹԵՐԱԳՆԱՀԱՏՈ՞ՒՄ, ԹԷ՞ ԾԱՅՐԱՅԵՂ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջերս հանդիպեցայ լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի հետեւեալ մտածումին. «Ուրիշ ազգեր իրենց չունեցածով գիտեն պարծենալ, մինչ մենք որ պարծենալու ամէն պատճառ ունինք՝ յաճախ չենք իսկ ճանչնար մեր սեփական գանձերը, եւ ատոր համար ալ մեր սիրտերը հեռու կը մնան անկէ, եւ կը կապուին ուրիշ, յաճախ անարժէք բաներու»:

ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ան որ առաջին անգամ տարածաշրջան կ՚այցելէ եւ կը լսէ, թէ ինչպէս արաբական մամուլը իր բարկութիւնը կը թափէ ալ-Սատաթին վրայ, եւ կը թուարկէ ողբերգութիւններն ու դժբախտութիւնները, որոնք պատահեցան արաբական աշխարհին ալ-Սատաթի նախաձեռնութեան պատճառով, կը կարծէ, թէ այս աշխարհը դրախտ էր անկէ առաջ եւ իրմէ ետք դժոխքի վերածուեցաւ:

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարները. «Արդարին հայրը շատ պիտի ցնծայ եւ իմաստուն զաւակ ծնանողը անոր համար պիտի ուրախանայ: Թող քու հայրդ ու մայրդ քու վրադ ուրախանան ու քեզ ծնանողը թող ցնծայ» (Առ 23.24-25):

ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ՄԱՐԴԻԿԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Չեմ գիտեր, ճիշդ քանի՞ մոմեր մարուեցան, երբ Իսթանպուլը դարձած էր կիզակէտը ամբողջ տարածաշրջանին։
1908 թուականին բացուած նոր շունչին հետ իր առաջին խարիսխը կը նետէր՝ այսօր մեծարուող ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, որու թաւալումներուն եւ թռիչքներուն մէջ, անշուշտ, ամենէն աւելի շաղախուած էր այդ օրերուն վերստին շրջանառութեան մէջ դրուած Ազգային Սահմանադրութեան ոգեղէն արժէքը։

ԱՆՑԵԱԼԷՆ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՑՈԼԱՆԱՅ ՆԵՐԿԱՅԻՆ ՎՐԱՅ. ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ՝ ՍՓԻՒՌՔԸ ԵՒ ՎԵՐԱՍԱՀՄԱՆՈՒՄԻ ԽՆԴԻՐԸ - 2

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

-Սկիզբէն ի վեր մենք կղզիի մէջ չենք ապրած, մեր մշակոյթը միշտ այստեղէն այնտեղէն առած տուած ենք, սկսեալ մանրանկարչութենէն, հայկական գիրերէն:
-Հայութիւնը պահելու հարց մըն ալ կայ. հայկական ինքնութիւնը մաքուր պահելու պայքարը, որ շատ վաւերական իտէալ մըն է, որ դուն դարերու ընթացքին կերտած ես մշակոյթ մը ու կ՚ուզես մաքուր պահել զայն:

ԵՐԿՈՒ ՆԿԱՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ - 4

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Վերջին այցելութիւններս Հալէպ շատ հոգեպարար էին ու յուզումնալից, աւերակներով ապրող քաղաք, չքաւորութիւն, յուսալքութիւններ, հայութեան թիւի նուազում: Բազմազան զգացումներ ունէի Հալէպին հանդէպ. ցասում, խղճահարութիւն, կարօտ, նոյն կարօտի հատուցման խեղթող ու անբաժան փափաք (տնտեսական հատուցման հետ զուգակցող), որ կը տանէր նոյնիսկ դէպի ամենայն պատմականութիւնը դրժելու ու աւելի կապուելու համաշխարհայնացման (իբրեւ ապաքինում եւ բոլոր մեծ ու փոքր մարդկութեանց հաւաքականութիւններուն հաշիւներու լուացում):

ԱՆՑԵԱԼԷՆ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՑՈԼԱՆԱՅ ՆԵՐԿԱՅԻՆ ՎՐԱՅ. ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ՝ ՍՓԻՒՌՔԸ ԵՒ ՎԵՐԱՍԱՀՄԱՆՈՒՄԻ ԽՆԴԻՐԸ - 1

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սփիւռքի իսկութիւն, ինքնութեան խնդիրներ, Հայաստանի հետ կապ եւ տարբերութիւն, մտաւորականի դեր եւ ընելիք եւ ի վերջոյ՝ դարու հայու կերպար ու հայու ճակատագիր-ճամբորդութիւն։ Թող ներուի ինծի, որ Վահէի յիշատակը լոյսին բերող այս սիւնակով իրեն հետ իմ ունեցած մտերմութիւնս անգամ մըն ալ թուղթին տամ ու զինք առանց տիտղոսներու կոչեմ, պարզ, իր սիրած ձեւով՝ Վահէ:

ԱԿՆԱՐԿ - 88 - «ԱՂՕԹՔԸ ԴՊՐՈՑԷՆ ՆԵՐՍ»

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Աղօթքը չէք գիտեր ինչու, շատերու համար տկարութեան եւ թուլութեան նշան է, այն ինչ, ճիշդ կերպով կատարուած աղօթքը զօրութեան աղբիւր է, չըսելու համար զօրութիւնն իսկ է:
Քրիստոնէական տարբեր երկիրներ տարբեր ժամանակներու տարբեր մօտեցում ունեցած են դպրոցներէ ներս աղօթելու կամ չաղօթելու երեւոյթին:

Էջեր