Հարթակ

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

​Հարցում. Ի՞նչ կու տայ սիրտի մաքրութիւնը մարդուն:
Պատասխան.
Առակացի մէջ կը կարդանք. «Սիրտի մաքրութիւն սիրողին շրթունքներուն վրայ շնորհք կայ ու թագաւորը անոր բարեկամ կ՚ըլլայ» (Առ 22.11): 

ՀԱԼԷՊԻ ԳՈՂՏՐԻԿ ՎԵՐՆԱՏՈՒՆԸ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Սփիւռքի մեր մշակութային իրականութեան մէջ յաճախ ու տարբեր ժամանակաշրջաններու հանդիպած ենք «վերնատուններու», որոնք ակամայ արտացոլած են հայ մշակութային եւ տեղ մըն ալ ընկերային ու հասարակական կեանքին երանգները, ուղղուածութիւնները, անցուդարձը, միտումները եւ այլն…

ՆԱԽԱԳԱՀ ՓՈՒԹԻՆԻ ՆՈՐ ԽԱՂԸ ԵՒ ՊԱՔՈՒ-ԱՆԳԱՐԱ ՆՈՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Դիմակայելու համար ռազմաճակատին վրայ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին սկսած է փրկութեան լաստօղակներ որոնել։ Այդ առումով ալ ներկայ փուլին կարծէք, թէ ամենանպատակայարմար ձեւը Հարաւային Կովկասի մեծ նաւուն գործերը կարգի բերելն է։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆՈՐ ԳՐՈՀԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սուրբ Երկրի եկեղեցիները ակնյայտօրէն կը թիրախաւորուին՝ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակին մէջ:
Երուսաղէմի ընդհանուր դրութիւնը քաղաքական մահակ մըն է՝ մինչ քրիստոնեայ հոգեւոր կեդրոնները կը զրկուին հասոյթէ:

ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ - 10 - ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ՝ ԻՄ ՄԵԾ ՍԷՐՍ…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Ինչպէս յիշեցի, հայոց լեզուի դասախօսներուս հետ բացի Ռաֆայէլ Իշխանեան մեծութենէն, նաեւ յարգանքս Յովհաննէս Բարսեղեանին, որ լեզուի պատմութիւն կը դասաւանդէր, հինգ տարի պատերազմի դաշտին վրայ գացինք-եկանք, յաղթեցինք ու նահանջեցինք։

ԱԿՆԱՐԿ - 80 - ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ ՄԸ՝ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Տարւոյս 2024 թուականի՝ շաբաթ 17 եւ կիրակի 18 օգոստոս օրերը Հայաստանի մէջ կայք հաստատած քեսապցիներուն համար նոր սկիզբի մը մեկնարկը տրուեցաւ՝ ընթանալով աւանդութեան հետքերով:

ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ - 9 - ԱՅԲ ԲԵՆ ԳԻՄ ԴԱ, ԹԷ՞ Ա Բ Գ Դ…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Հայոց պատմութեան դասերուն ամենածիծաղելի պահը Գագիկ թագաւորին դասն էր, որովհետեւ սփիւռքահայերս օտար հողի վրայ ճիշդ հնչիւնները կորսնցուցած ենք։ Իսկ մայր հողի վրայ դասական ուղղագրութիւնը, այդ բոլորիս ծանօթ տխուր պատմութիւն է։

ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Արաբ Հերակլ Պուարոն վերադարձաւ իր գրասենեակ յոգնած, ու հարցուց իր քարտուղարուհիին՝ Ֆաթմային, թէ իր բացակայութեան ոեւէ մէկը հարցուցա՞ծ էր իր մասին, ու ան հերքեց այդ: Ան անտարբերութեամբ թերթատեց իրեն հասած նամակներն ու հեռագիրները, ապա մէկ կողմ դրաւ՝ անոնց մէջ կարեւոր բան չըլլալուն համար, ապա պառկեցաւ իր սովորական բազմոցին վրայ, իր ոտքերը կօշիկներով երկարեց թերթերու, շաբթական թէ ամսական պարբերականներուն վրայ, որոնք այդ առաւօտ լոյս տեսած էին, ու սկսաւ ծխախոտին ծուխը օդին մէջ փչել, մինչ կ՚երազէր մեծ դատին մասին, որ կը ցնցէր հասարակական կարծիքը…

ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ - 8 - ՎԱԶԳԷՆ ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ՀԵՏ…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

1975-ին Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ ընծայարանի նոր շէնքին բացումին առիթով, բացի բարերարներ տէր եւ տիկին Ալեքս եւ Մարի Մանուկեաններէն, բազմաթիւ բարերարներէ, ազգայիններէ եւ այցելուներէ, Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսն ալ հրաւիրուած էր Երուսաղէմ։

Էջեր