Հարթակ

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ո՞վ է աղքատներուն եւ տնանկներուն պաշտպանը:
Պատասխան.
Աստուած Ամենաբարին Ինք է: Իմաստունը կը գրէ. «Աղքատը մի՛ կողոպտեր իր աղքատութեանը համար ու տնանկը դատաստանի մէջ մի՛ անարգեր: 

ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈՒԼԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան թէեւ այնքան խանդավառ չէ «3+3» ձեւաչափով, բայց չի կրնար մեկուսանալ տարածաշրջանէն:
«Հայաստանի վերջնական դիրքորոշման վրայ զգալի ազդեցութիւն պիտի ունենայ Ուքրայնայի պատերազմի հաւանական աւարտը»:

ԱԿՆԱՐԿ - 82 - ՓՈՒՆՋ ՄԸ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԷՆ

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւորականներէն՝ Հայր Պուլոս Ճորճ հետեւեալ դրուագը կը պատմէ երջանկայիշատական Շնուտա Գ. Հայրապետի մասին:
* Առիթով մը հանդիպեցայ Շնուտա Հայրապետին եւ հարցուցի անոր.
- Ձերդ Սրբութիւն, կրնա՞մ հարցում մը հարցնել:

ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Արաբ քաղաքացիին վրայ օր մը չ՚անցնիր, առանց լուրեր ստանալու այսինչ երկրէն, կամ այսինչ հանդիպած է այսինչին եւ անոր հետ կարեւոր զրոյց ունեցած է, սակայն հանրութեան չէ՛ բացայայտուած զրոյցի մասին:

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս պէտք է դաստիարակել մանուկները:
Պատասխան.
Սողոմոն Իմաստուն կը թելադրէ. «Մանուկին սիրտին մէջ յիմարութիւնը [տգիտութիւնը] կապուած է. խրատի գաւազանը զանիկա կը հեռացնէ անկէ» (Առ 22.15):

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, ՊԱՏՄԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ, ԿԱՏԱՐԵԼԱՑՈՒՄ ԵՒ ՅԱԿՈԲ ՄՈՎՍԷՍ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Մտաւորականներ կան, որոնք իրենց միտքերով ու մտասեւեռումներով ո՛չ միայն աւելի կը հարստացնեն ընդունուած արժէքները՝ այլեւ տեւաբար այժմէականութիւններ կու տան անոնց: Ի վերջոյ գիտութիւններու առաքելութիւնը ամէնուրեք ու տեւաբար այժմէականութիւն իրագործելն է, իսկ գիտնականներու կողքին մտածողները, գրողները, արուեստագէտները եւ այլն, այդ մէկը կը համադրեն։

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԹԵԼԵՐՈՎ ԿԸ ԿԱՊՈՒԻՆ ԱՆԳԱՐԱ-ՄՈՍԿՈՒԱ՝ ԱՅԺՄ ԱՐԴԷՆ ՈՉ ԱՅԴՔԱՆ ՋԵՐՄ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՐՈՒՆԱԿԻՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Բարդ եւ անշնորհակալ գործ է, անշուշտ, «լաւ բժիշկ»ի մը տանիլ Հայաստանի վիրաւոր մարմինը, որ այսօր դարձեալ ինչպէս անցնեալ չորս տարիներուն, կ՚ապրի մշուշոտ պահեր։ Ներքին քաղաքական վերիվայրումներէ անդին, յստակ է, անշուշտ, որ Հայաստանի շուրջի գործընթացներուն մէջ ո՛չ միայն ինք կամք թելադրելու ուժ չունի, այլեւ յայտնուած է առաւել չափով խաղը դիտողի ծանր կացութեան մէջ։

ԱՆԳԱՐԱ ՅՈԳՆԱ՞Ծ ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական օրակարգը կը շարունակէ ձեւով մը մնալ՝ «զերօ խնդիր հարեւաններու հետ» դրոյթը. բան մը, որ վերջին շրջանին յատկապէս շեշտադրուեցաւ անցեալ տարուան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններով։

ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Դասախօսութիւններու դահլիճը լեցուն էր այն մարդոցմով, որոնք անձրեւի ջուրին ծարաւով կու գային այնտեղ. անոնց մէջ էին՝ մտաւորականներ, անգրագէտներ, բանուորներ, պաշտօնեաներ, պարտիզպաններ, արհեստաւորներ, ուսանողները՝ յաջողակ ու ձախողակ. այս բոլորին մէջ առաջիններն էին պատերազմի հաշմանդամները եւ գործազուրկները, որոնք ձգած էին իրենց տուները, դպրոցները, պարտէզները, գործարանները, դիմակայելով ահաբեկութիւնները՝ թէ գործէն պիտի ազատուին, եւ եկած են հանդիպելու մերժումի եւ տեսութեան վարպետին հետ, այս դժուարին փուլին, որու մէջէն կ՚անցնին իրենց ազգերը, ժողովուրդներն ու հայրենիքները:

Էջեր