Հարթակ

ԱԿՆԱՐԿ - 84 - ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՅՐԵՐԸ ՍՈՒՐԲ ՄԻՒՌՈՆԻ ՄԱՍԻՆ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ Եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ՝ Ս. Միւռոնի մասին:
* Սուրբ Յովհան Օձնեցի Կաթողիկոսը իր կանոններուն մէջ կը գրէ.
Պարտ եւ արժան է որ հայրապետը օրհնէ Սուրբ Միւռոնը, այսինքն՝ անուշահոտութեան իւղը, ինչպէս նաեւ՝ իւրաքանչիւր եպիսկոպոս՝ մէկ անգամ Զատիկի հինգշաբթի օրը, ինչպէս հրամայուած է:

ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Արտերկրի մէջ մեր եւ ուրիշներու զաւակներէն խառնուրդ մըն էին, որոնք իրենց թեւերուն տակ առած իրենց թերթերն ու պարբերականները Եւրոպայի փողոցները, համալսարաններն ու սրճարանները կը թափառէին յանուն Դատին: Ամէն ինչի մէջ հակառակ էին, միակ բանը որ կը միացնէր զիրենք՝ գիշերն էր, որ բոլորին ընկերն էր:

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարները. «Երբ իշխանի հետ սեղան նստիս, առջեւդ դրուածին աղէ՛կ նայէ. ու եթէ դուն ախորժակի տէր մարդ ես, կոկորդիդ վրայ դանակ դի՛ր: Անոր ազնիւ կերակուրներուն մի՛ ցանկար, վասն զի անոնք խաբէութեան հաց են» (Առ 23.1-3):

«ԿԵՆԱՑՆԵՐԸ ԿԸ ՔԱՂՑՐԱՆԱՆ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անցեալ օրերուն հնչեցին յայտարարութիւններ, որոնք կը վկայեն Թեհրան-Մոսկուա բաւական բարձր լարուածութեան մասին։ Թերեւս առաջին անգամն է, որ այսպիսի լարուածութիւն մը ի յայտ կու գայ Ռուսաստանի եւ Իրանի միջեւ։

ՏՀԱՃ ՊԻՏԱԿԱՒՈՐՈՒՄ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Փարիզի «Նոր Յառաջ»ը խօլ արշաւ մը կը դիմագրաւէ՝ կուսակցական շրջանակներու «Նիկոլական» դարձած ըլլալու պնդումներով։ Եւրոպահայութեան լուրջ մարտահրաւէրը։ Սփիւռքեան մամուլի հաստատութենականացած կաղնիներէն մին գոյատեւման պայքար կը մղէ։  Թերթի խմբագրութիւնը հաշուեյարդարի՞ կ՚ենթարկուի որդեգրած գծին համար։ Անկախ լրատուամիջոցը՝ մանաւանդ այժմու ժամանակներուն կարծես անպիտան բան մը դարձած է հայոց համար։

 

​Ա­պա­գա­յա­պաշ­տու­թիւն կամ ա­պա­գա­յա­կա­նու­թիւն

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ապագայապաշտութիւնը կամ ապագայականութիւնը (futurisme), թէեւ 20-րդ դարուն ծագած հասկացողութիւն մըն է եւ զայն առաւելապէս արուեստի եւ շինարարութեան մէջ ձեւ ու էութիւն ստացաւ, բայց ժամանակակից կեանքին հետ ապագայականութիւնը (ոչ իբրեւ տեսութիւն, դպրոց կամ նոյնիսկ դպրութիւն) արդիականութեան հետ հոմանիշութիւն մը ձեռք բերաւ եւ մարդկային ապրուստի, ոճի եւ մտածմունքի-մտածելակերպի ընդմէջէն կեղծ կամ իրական, այսպէս ըսած վաւերականութիւն ստացաւ:

ՆԵՐԿԱՅԷՆ ԲԱՑԱԿԱՅ ՉԵՄ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Օրերէ ի վեր դարձեալ անտրամադիր, քիչ մը յոգնածութիւն, քիչ մըն ալ ծուլութիւն, զիս նետած էին տանս մէկ անկիւնը, առանձնացած՝ սենեակէս ներս։ Այս, ա՛յն սենեակն է, որ Ամերիկան եւ ուրիշ շատ բաներ օրին արդէն դուրս ձգած էի։

ԱԿՆԱՐԿ - 83 - «ՃԱՄԲՈՐԴՆԵՐ»

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր մեր ընթերցողներուն արաբերէնէ թարգմանաբար պիտի ներկայացնեմ սուրիացի բանաստեղծ Նիզար Քապանիի (21 մարտ 1923-30 ապրիլ 1998) մէկ բանաստեղծութիւնը, որ առաջին անգամ արտասանած է Պաղտատի մէջ, 1985-ին:

ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Իտալիոյ մէջ ամենէն նշանաւոր ֆութպոլի մարզիչը՝ պրն. Ռիֆին գնելէ ետք, աւելի հարուստ նաւթային պետութեան մը դրամապանակը, որ աւելի հեռուները կրնայ հասնիլ՝ գրգռուեցաւ ու նախանձեցաւ այսպիսի խելացի քայլի մը վրայ:

Էջեր