Հարթակ

ՊԱՊԱՅԻՍ ՓՈՂԿԱՊՆԵՐԸ (Բ.)

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ընտրեցի պապայիս փողկապներէն, որոնց պատկառելի մասը նորաձեւ էր, թէեւ յարատեւ փողկապ կապող մը չեմ, սակայն անոնցմէ  մի քանին հետս Հայաստան բերի:
Միշտ կը մտածէի, որ կեանքի մէջ կերպար ստեղծելը ամենադժուար ու տանջալի առաքելութիւններէն կրնայ համարուիլ․ ի՛նչ ըլլալը, ի՛նչ տեսք ունենալը, ինչպէ՛ս ապրիլը շատ երկար ու յարափոփոխ վիճաբանութիւններ են եւ անոնք տեղի, մշակոյթի, ընկերութեան ու տնտեսական խնդիրներէն կախեալ են, իսկ ժամանակային առումով՝ աննուաճ:

ՄԻԱԲԵՒԵՌ ԱՇԽԱՐՀ ՉԿԱՅ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ի՞նչ է արդեօք այն խորհուրդ խորինը, որով Տանըլտ Թրամփ յառաջիկայ յունուարին պիտի վերադառնայ Սպիտակ տուն՝ այս անգամ որպէս 47-րդ նախագահը աշխարհի հզօրագոյն ուժին եւ գերտէրութեան՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն։

ԱԿՆԱՐԿ - 91 - ԱՂՕԹՔԻ ՄԷՋ ԳԱՂՋՈՒԹԻՒՆ. ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՆ ՈՒ ԴԱՐՄԱՆԸ

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Շատ յաճախ աղօթքիս մէջ գաղջութիւն կը զգամ: Ինչո՞ւ: Ինչպէ՞ս կրնամ ձերբազատիլ այս գաղջութենէն եւ կարենամ ջերմ ու խոր աղօթք ունենալ:
Պատասխան.
1. Պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ, որ աղօթքդ սահմանափակած ես զօրաւոր շղթաներով, ժամանակի, վայրի, ձեւի եւ բառերու առումներով:

ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սիոնիզմը, գաղութատիրութիւնն ու կայսերապաշտութիւնը, պաղեստինեան յեղափոխութեան գլուխը կ՚ուզեն:
Պաղեստինեան յեղափոխութիւնը սիոնիզմի, գաղութատիրութեան եւ կայսերապաշտութեան գլուխը կ՚ուզէ:

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ պէտք չէ չար մարդոց նախանձիլ:
Պատասխան.
Առակաց 24-րդ գլուխին սկիզբը կը կարդանք. «Չար մարդոց մի՛ նախանձիր ու անոնց հետ կենալու մի՛ ցանկար. վասնզի անոնց միտքը բռնութեան մասին կը խորհի եւ անոնց շրթունքները բռնութեան վրայով կը խօսին» (Առ 24.1-2):

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՄԻՇՏ ԵՂԱԾ Է ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ ՄԸ»

ՍԱ­ԳՕ Ա­ՐԵԱՆ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Վրաստանի թեմի առաջնորդ Տ. Կիրակոս Եպսկ. Դաւթեան համոզուած է, թէ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաբացման զուգահեռ՝ հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ընթացք կ՚առնէ զարթօնք մը։

ԱԿՆԱՐԿ - 90 - «ԶԳՈՒՇԱՑԷ՛Ք ՀԱՇՄԱՆԴԱՄ ՄԵԾՑՆԵԼԷ ՁԵՐ ՏՈՒՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ»

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջերս արաբերէն գրութեան մը հանդիպեցայ, որ կը կրէր այս վերնագիրը. «Զգուշացէ՛ք հաշմանդամ մեծցնելէ ձեր տուներէն ներս»:
Առաջին տպաւորութիւնս զարմանքն էր, բայց գրութիւնը կարդալէ ետք յստակացաւ վերնագիրին իմաստը, մանաւանդ որ ես ալ ծնող ըլլալով, շատ յաճախ գրութեան մէջ յիշատակուած կէտերէն մէկը կամ միւսը կը գործադրեմ…

ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ գրող Մուհամմէտ Հասանէն Հէյքալի1 «Բարկութեան աշուն» գիրքը կարդացա՞ծ ես:
Ո՛չ, չեմ կարդացած եւ պիտի չկարդամ, նոյնիսկ պիտի չդպնամ այդ գիրքին, որովհետեւ մեծ գրողը՝ Մուհամմէտ Հասանէն Հէյքալը վերափոխուեցաւ վաճառականի մը՝ ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս:

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ են գինովութեան մարդուն պատճառած վնասները կամ վէրքերը:
Պատասխան.
Առակացի 23-րդ գլուխին մէջ իմաստունը վեց համրցումներ կը կատարէ, ուր կը յայտնէ, թէ ի՛նչ բաներու կը հանդիպի գինովը: Կը կարդանք. «Որո՞ւն է վայը. որո՞ւն է ցաւը. որո՞ւն են կռիւները. որո՞ւն են տրտունջները, որո՞ւն են առանց պատճառի վէրքերը. որո՞ւն է աչքառու կարմրութիւնը:

Էջեր