Լրահոս

ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ. «ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻԼ ԱՆՊԱՏԺԵԼԻՈՒԹԵԱՄԲ»

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները չեն կրնար պարգեւատրուիլ անպատժելիութեամբ։ «Եթէ արդարութիւնը չհաստատուի, ապա այս պարագան պատճառ պիտի դառնայ սերունդներու միջեւ բեկման, ինչ որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը պիտի խոչընդոտէ», համոզուած է Ֆիտան։

ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔ ՄԸ

Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ «Բաժնուած կղզին» խորագրեալ գիրք մը, որու բովանդակութեան մէջ կ՚արծարծուին Կիպրոսի հայոց զանազան խնդիրները։ Հեղինակն է հրապարակագիր եւ հաղորդավար Սագօ Արեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակագիրներէն է։

ՄԱՐՔ ՌՈՒԹԷԻ ԱՅՑԸ

«Մինչ աշխարհ հետզհետէ անկանխատեսելի կը դառնայ, Թուրքիա անգին նպաստներ կ՚ապահովէ ՆԱԹՕ-ին»:
Անգարա դաշինքի հետ գործակցութեան գծով միշտ օրակարգի վրայ կը պահէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցը:

ԹՐԱՄՓ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ԶՐՈՒՑԵՑԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վերընտրեալ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Թրամփ, որ յառաջիկայ տարեմուտին պաշտօնի պիտի կոչուի, ընտրուելէ կարճ ժամանակ վերջ հեռաձայնով զրուցած էր նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Էջեր