Լրահոս

G20-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ. ՍՈՎԻ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴԱՇԻՆՔ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՈՒՂՂԵԱԼ ՋԱՆՔԵՐ

Պրազիլիոյ հիւրընկալմամբ, Ռիոյի մէջ ընթացքի մէջ է Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովը, որ կազմակերպուած է՝ «Արդար աշխարհ մը եւ տեւական մոլորակ մը» նիւթով։ Երկօրեայ գագաթաժողովը կը համախմբէ Մեծն քսանեակի անդամ 19 երկիրներու եւ Եւրոմիութեան ղեկավարները։

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընտրեալ-նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ, որ Սպիտակ տուն պիտի վերադառնայ յառաջիկայ յունուարի վերջաւորութեան։

ԱՒԱԶԸ ՎԱՐՍԱԿԻՆ ՉԻ ՓՈԽԱՐԻՆԵՐ

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

1955 թուականին Խորհրդային Միութեան ղեկավար Խրուշչեւը սկսաւ, այսպէս կոչուած, «եգիպտացորենային» արշաւին, որու նպատակն էր՝ հնարաւոր բոլոր տեղերուն մէջ ցորենը փոխարինել եգիպտացորենով: Իւրայատուկ «կարգոյ պաշտամունք» մըն էր սա, որուն հիմքը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փորձն էր:

ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երէկ Ժընեւի մէջ տեսակցեցաւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահ Միրիանա Էկէրի հետ։ Նախագահ Խաչատուրեան, որ դէպի Զուիցերիա աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ, Միրիանա Էկէրի հետ արծարծեց Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ գերիներու, պատանդներու եւ կորսուած անձերու վերաբերեալ խնդիրները։

ՔԱԶԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ԵՐԿՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐԱԾ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ՝ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼՈՒ ՀԵՏԱՄՈՒՏ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին արդիւնաբերական համագործակցութեան եւ փոխադրութեան ոլորտէ ներս՝ փոխադարձ շահաւէտ շարք մը նախագծերու գործնական իրականացումը։

ՓՈՒԹԻՆ-ՇՈԼՑ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ միջազգային լրահոսին մէջ։ Մոսկուա-Պերլին առանցքին վրայ երկու տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ այսպիսի շփում մը։

ԻՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ յատկապէս վերջին տարիներուն տասնեակ անգամ կարդացած է Անկախութեան հռչակագիրը։ «Ես եկած եմ սարսափելի եզրակացութեան մը, թէ այդ Անկախութեան հռչակագրին բովանդակութիւնը այն մասին է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կրնար գոյութիւն ունենալ։ Սա մեր ամենամեծ խնդիրն ու ողբերգութիւնն է», ըսաւ ան։

ԿԼԻՄԱՅԻ ՀԱՄԱՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Համաշխարհային դրամատունը կը ծրագրէ յառաջիկայ տասն տարուայ ընթացքին 150 միլիառ ամերիկեան տոլար յատկացնել՝ կլիմայի վերաբերեալ նախագծերու գանձատրման համար։ «Ինթերֆաքս»ի հաղորդումներու հիման վրայ, «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Համաշխարհային դրամատան կայուն զարգացման հարցերով փոխ-նախագահ Եուրկէն Ֆիյոկէլ Պաքուի COP29 գագաթաժողովի ընթացքին այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ մանրամասնութիւններով։

Էջեր