ԹՐԱՄՓ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ԶՐՈՒՑԵՑԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վերընտրեալ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Թրամփ, որ յառաջիկայ տարեմուտին պաշտօնի պիտի կոչուի, ընտրուելէ կարճ ժամանակ վերջ հեռաձայնով զրուցած էր նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Ան երէկ ալ Ալիեւին հետ զրուցեց՝ մինչ վերլուծաբաններ արդէն սկսած են կանխատեսումներ ընել՝ իր պաշտօնավարութեան շրջանին Հարաւային Կովկասի պարագային որդեգրելիք քաղաքականութեան շուրջ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ալիեւ Թրամփը շնորհաւորեց ընտրութիւններու յաղթանակին առթիւ։ Ան ընդգծեց, որ Թրամփի գործունէութիւնը ա՛լ աւելի կարեւոր դեր կը խաղայ համաշխարհային անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ։ Ան յոյս յայտնեց, թէ համատեղ ջանքեր կը գործադրուին Պաքու-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու խթանման համար։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՀԱՃԻԵՒ
Միւս կողմէ, Ալիեւի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւ հերթական անգամ անդրադարձաւ հայոց Արցախ վերադարձի պայմաններուն։ «Ազգութեամբ հայերը Ատրպէյճանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար կրնան դիմել միայն անհատական հիմքով եւ անոնց վերադարձը կը քննարկուի մեր երկրի օրէնքներուն համապատասխան, եթէ քաղաքացիութիւն տրուի։ Սակայն սա կրնայ ըլլալ միայն փոխադարձութեամբ եւ Հայաստանէն վտարուած բնիկ ազերիներու վերադարձի իրաւունքի ճանաչման զուգահեռ», ըսաւ ան։