ՊՈՒՏԱՓԵՇՏԻ ՄԷՋ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ոտքի վրայ զրոյց մը ունեցան Պուտափեշտի մէջ, ուր մասնակցեցան Եւրոպական քաղաքական համայնքի 5-րդ գագաթաժողովին, որ կազմակերպուած էր Հունգարիոյ տանտիրութեամբ։