ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ. «ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻԼ ԱՆՊԱՏԺԵԼԻՈՒԹԵԱՄԲ»

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները չեն կրնար պարգեւատրուիլ անպատժելիութեամբ։ «Եթէ արդարութիւնը չհաստատուի, ապա այս պարագան պատճառ պիտի դառնայ սերունդներու միջեւ բեկման, ինչ որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը պիտի խոչընդոտէ», համոզուած է Ֆիտան։

Երէկ, Հաքան Ֆիտան մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի 10-րդ համաշխարհային ֆորումի, որ կազմակերպուեցաւ Փորթուգալի հիւրընկալմամբ։ Այս շրջանակէն ներս Բարեկամներու խմբակի նախարարաց հաւաքի բացման ելոյթ մը ունեցաւ Հաքան Ֆիտան, որ մատնանշեց, թէ Մերձաւոր Արեւելքի շարունակական պատերազմներու հետեւանքով միջազգային համակարգը լրջօրէն վնաս կրած է։ Ան ընդգծեց իր մտահոգութիւնները՝ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ ցեղասպանութեան կապակցութեամբ։

Նախարար Ֆիտան յիշեցուց, որ յառաջիկայ տարի Քաղաքակրթութիններու դաշինքի հիմնադրութեան 20-ամեայ յոբելեանը պիտի նշուի։ «Զանազանութեան ու փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած ամուր հաւաքականութիւն մը ստեղծեցինք։ Մենք մէկ ու միասնական մարդկութիւնը պաշտպանեցինք՝ ահագնացող անվստահութեան, սխալ ընկալումներու եւ ատելութեան ալիքին դէմ։ Վերջին քսան տարուան այս վճռակամութիւնը արձագանգ գտած է միջազգային հաւաքականութենէ ներս եւ արժանացած աջակցութեան», ըսաւ Հաքան Ֆիտան, որ կանգ առաւ միջմշակութային երկխօսութեան, միջնորդութեան, ծայրայեղութիւններու եւ օտարատեացութեան նման խնդիրներու վրայ։ Նախարարը առանձնապէս անդրադարձաւ նաեւ իսլամատեացութեան հետ պայքարի հարցին։ Իր խօսքով՝ աւելի խաղաղամէտ, ներառական աշխարհի մը համար պէտք է դաշտի վրայ տարբերութիւն ստեղծել։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2024