ՏԱՍՆԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒ ԱՄՓՈՓՈՒՄ
Քաղաքիս յոյն համայնքի օրակարգին վրայ վերջին օրերուն կարեւոր իրադարձութիւն մը դարձաւ՝ «60-րդ տարելիցին 1964-ի աքսորներն ու պոլսեցի յոյները» խորագրեալ խորհրդաժողովը, որ տեղի ունեցաւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ։ Ֆէնէրի «Մարաշլը» վերանորոգեալ դպրոցի շէնքին մէջ կեանքի կոչուեցաւ այս նախաձեռնութիւնը, որ ձօնուած էր Ալեքսիս Ալեքսանտրիսի յիշատակին։ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի Փոքրամասնական իրաւունքներու ակադեմիայի ծիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկը խրախուսուած էր Եւրոմիութեան կողմէ։ «ԻՍԹՈՍ» հրատարակչութիւնն ալ աջակցած էր այս նախագծին, որ մտայղացումն էր յոյն համայնքի յայտնի դէմքերէն Լաքի Վինկասի։
Պալթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի ողջոյնի խօսքով սկսաւ խորհրդաժողովը, որու մասնագիտական գծով խորհրդականն էր Իլայ Ռոմէն Էօրս, որ եւս ունեցաւ ելոյթ մը։ Միեւնոյն ժամանակ, ծրագիրը ընդգրկեց երկու փաստավաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն։
Խորհրդաժողովի երեք նիստերէն առաջինը վարեց Այհան Աքթար, իսկ երկրորդը՝ Սեչքին Էրտի։ Զեկուցումներէ բաղկացեալ այս նիստերէն քիչ մը աւելի տարբեր էր երրորդը, զոր վարեց RUMVADER-էն Մանոլիս Քոստիտիս։ Այս փուլին ունկնդրուեցան 1964 թուականի աքսորեալներէն վկայութիւններ եւ յուշեր։