Օրակարգի նիւթերը

Նոր հարթութիւն (8)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Որպէս վարչապետ պաշտօնավարած տարիներուն, 1980-ական թուականներու կէսին՝ նախկին նախագահներէն Թուրկուտ Էօզալ յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կը համարուի միայն անգամ մը օգտագործելի փամփուշտ մը։ Սա թէեւ ունէր իր տրամաբանութիւնը, որոշ հիմնաւորումներ, սակայն այդ ժամանակ քաղաքական մեկնաբաններու եւ վերլուծաբաններու կողմէ բուռն քննադատութեան առարկայ դարձած էր։

Նոր հարթութիւն (7)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Վերջին տասնամեակներուն հայկական հարցի շուրջ Թուրքիոյ խօսոյթը միշտ նախատեսած է՝ երրորդ կողմերու միջամուխ դառնալու կանխարգիլումը կամ բացառելը։ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն առաջ սա չէր կրնար իրատես ըլլալ, որովհետեւ որպէս պետական միաւոր ուղղակի երկխօս մը չունէր Թուրքիան։

Նոր հարթութիւն (6)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Արցախի երկրորդ պատերազմը արդէն եկաւ ի հիմանէ քանդել տասնամեակներ շարունակ ձեւաւորուած բոլոր հաւասարակշռութիւնները։ Սա կը վերաբերի նաեւ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն։

Նոր հարթութիւն (5)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թուրքիա եւ ԱՄՆ տասնամեակներ շարունակ կայուն յարաբերութիւններ յառաջ տարած են՝ որպէս ռազմավարական դաշնակից։ Անոնց յարաբերութիւններուն բնոյթը շատ ատեն համագործակցութիւնը կանխատեսելի հունի մը մէջ պահած է կարմիր գիծերու նկատմամբ երաշխաւորուած յարգանքով հանդերձ։

Նոր հարթութիւն (4)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Սպիտակ տունէն 24 Ապրիլին հրապարակուած պատգամը Թուրքիա-ԱՄՆ առանցքին վրայ տագնապալի կացութիւն մը յառաջացուցած է՝ կարմիր գիծի մը խախտումին պատճառով։ Իւրաքանչիւր երկիր միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ունի կամ կ՚ունենայ կարմիր գիծեր։

Նոր հարթութիւն (3)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Միջազգային յարաբերութիւններու ամբողջ տրամաբանութիւնը պետական շահ հետապնդելու ուղղուած է։ Դիւանագիտութիւնը այս ուղղութեամբ կ՚ընձեռէ հնարաւորութիւններ՝ նախ եւ առաջ սակարկութիւններու տեսակէտէ։

Նոր հարթութիւն (2)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Նախագահ Պայտըն շատ կարճ ժամանակէ մը ի վեր Սպիտակ տան մէջ է։ Ուաշինկթընի ղեկը թէեւ շատ կարճ ժամանակէ մը ի վեր ստանձնած է, սակայն իր պաշտօնավարութիւնը ծանր ժառանգութեան մը բեռին տակ մեկնարկած է։ Որպէս ԱՄՆ-ի նախագահ՝ ան կը յաջորդէ Տանըլտ Թրամփին, որու հետ սուր ու բարդ ընտրապայքարէ մը վերջ իշխանութեան գլուխ եկած է Պայտըն։

Նոր հարթութիւն (1)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնով հայկական հարցը արդէն նոր հարթութեան մը վրայ է։ Լայն արձագանգներէն, համակրանքի կամ հակակրանքի հարցերէ, բողոքներու եւ հակազդեցութիւններու սաստկութենէն բոլորովին անկախ՝ առարկայական պարագայ մըն է այս մէկը։

Ծանօթ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երէկ մեր ընթերցողներուն տեղեկացուցած էինք, որ այսօր խորհրդածութիւններու շարքի մը սկսէինք այս սիւնակին մէջ։ Օրակարգի ծանրաբեռնուածութեան պատճառով յօդուածաշարքի սկիզբը կը յետաձգենք վաղուան՝ ապաւինելով մեր ընթերցողներու հասկացութեան։ 

Նոր հարթութիւն եւ գործօններ

​ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

2021 թուականի իրադարձութիւնները եկան անանտեսելի փոփոխութեան ենթարկել այն հաւասարակշռութիւնները, որոնք վերջին աւելի քան տասն տարիներու կտրուածքով ձեւաւորուած էին հայկական հարցին շուրջ։ ԱՄՆ-ի նախագահ Պայտընի շաբաթավերջի յայտարարութիւնը խնդիրը նոր հարթութեան մը վրայ դրած է։

Էջեր