Օրակարգի նիւթերը

Եւ հիմա… (3)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Այսօր նոր սկիզբ մըն է հայոց պետականութեան կեանքին մէջ։ Արդի պատմութեան խաչմերուկ մը, որու վրայ կուտակուած հարցականները կը տագնապեցնեն ամբողջ ազգ մը, որ կը ձգտի երաշխաւորել ինքնիշխան պետութեան ապագան՝ պատերազմի ծանրածանր հետեւանքներով պայմանաւորուած մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ։

Եւ հիմա… (2)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Արցախի երկրորդ պատերազմը ծանր հետեւանքներուն առընթեր, հայութեան օրակարգին վրայ բերաւ բազում հարցականներ։ Պատերազմի հետեւանքները տարաբնոյթ են։ Մէկ կողմէ անծայրածիր ժամանակներու տեսակէտէ մարտահրաւէրներ, իսկ միւս կողմէ օրհասական հարցեր։

ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՎԱՐՊԵՏ ՃԻՎԱՆ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ ԿԱԽԱՐԴԱՆՔԸ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ծիրանափողի վիրթիէօզը հեռացաւ մեզմէ. բօթը երէկ համատարած ցաւ ստեղծեց ինչպէս հայ իրականութենէն, այնպէս ալ երաժշտական աշխարհէն ներս։ Անվիճելի եւ անկրկնելի մեծութիւն մըն էր վարպետը, իսկական հանճար մը, որու կորուստը որբացման զգացում կը յառաջացնէ հայ ժողովուրդին մօտ։

Եւ հիմա… (1)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայութիւնը պատմական ճամբաբաժանի մը առջեւ կանգնած է բոլոր առումներով ու բոլոր ժամանակներու կտրուածքով։ Արցախի երկրորդ պատերազմին ծանր հետեւանքները պետական ցնցումէ կամ քաղաքական տագնապէ շատ աւելին կը նշանակեն հայ իրականութեան տեսակէտէ։

Համահայկական բնոյթով բախտորոշ քուէարկութիւն

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանի վաղուայ ընտրութիւնը հայոց պատմութեան մէջ ջրբաժան մըն է։ Կ՚երեւի առաջին անգամ, աննախընթացօրէն, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները քուէ պիտի գործածեն եւ այդ քուէարկութեան արդիւնքները կամ հետեւանքները սահմանափակ պիտի չըլլան միմիայն իրենց ապագայով, այլեւ ամբողջ հայութեան ճակատագրին վրայ պիտի ազդեն։

Պետրոս Շիրինօղլուի ըսածներուն եւ չըսածներուն լոյսին տակ…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB)՝ Ֆէրիգիւղի մէջ կազմակերպուած վերջին ժողովին արձագանգները կը շարունակուին համայնքային շրջանակներէն ներս։ Շատ երկար ժամանակ վերջ առաջին անգամ կարելի եղաւ այս մակարդակի վրայ խորհրդակցութիւն մը իրականացնել։

ՆՈՐ ՀԱՐԹՈՒԹԻՒՆ (12)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնով երբ հայկական հարցը նոր հարթութիւն մը թեւակոխած է, յառաջիկայ շրջանին սա ի՞նչ անդրադարձ կրնայ ունենալ թրքահայութեան վրայ։ Սպիտակ տունէն հրապարակուած պատգամը հայկական հարցի ուղղակի կամ անուղղակի բոլոր դերակատարներուն տեսակէտէ նոր իրավիճակ մը ստեղծած է։

Նոր հարթութիւն (11)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Նախագահ Պայտընի 24 Ապրիլի պատգամը ի՞նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ Հայաստանի տեսակէտէ կամ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ գործել անոր քաղաքականութեան վրայ։ Սպիտակ տունէն ցեղասպանութեան յայտարարութիւնը հնչած է այնպիսի ժամկէտով մը, երբ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Երեւան ինքնիշխանութեան ճակատագրական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։

Նոր հարթութիւն (10)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Նախագահ Ճօ Պայտընի 24 Ապրիլի պատգամը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ գործել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ապագայ քաղաքականութեան վրայ։ Սպիտակ տան յայտարարութիւնը, միանշանակ, լուրջ գործօն մըն է, որ նոր հարթութեան մը վրայ կը դնէ հայկական հարցը։

Նոր հարթութիւն (9)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Թուրքիա հայկական հարցի վերաբերեալ խօսոյթը վերջին տարիներուն աստիճանաբար ու շատ աւելի ընդգծուած ձեւով պայմանաւորեց տարածքաշրջանային տեսլականով մը։ Այս խօսոյթը միեւնոյն ժամանակ բանաձեւումն էր այն քաղաքականութեան, որով Անգարա-Պաքու թանտեմը հետզհետէ կը զօրանար։

Էջեր