Համաճարակ եւ վերյիշում…
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Համաճարակի սահմանափակումները այս տարի նոր պայմաններ պարտադրած են նաեւ Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն։ Հասկնալիօրէն, այս տարի միջազգային հնչողութիւնը համազօր չ՚ըլլար սովորոկանին, որովհետեւ համաշխարհային օրակարգը գերեվարուած է հրատապ խնդրի մը կողմէ եւ աշխարհի երկիրները կը ջանան առաջին հերթին մարել իրենց սահմաններէն ներս համաճարակով ծագած հրդեհը։