Հոգե-մտաւոր

ԶԱՆԳԱԿԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Միշտ խոր­հուրդ մը կ՚արթնց­նէ զան­գա­կը, երբ կը ղօ­ղան­ջէ։
Զան­գա­կին ղօ­ղան­ջիւ­նը խորհր­դա­ւոր է, քա­նի որ ան մարդս կը փո­խադ­րէ բո­լո­րո­վին տար­բեր աշ­խարհ՝ մտա­ծում­նե­րու եւ հո­­գե­ւոր ապ­րում­նե­րու մի­ջա­վայր մը։

ԼԻՃԸ ՎԵ՛ՐՋՆ Է ԳԵՏԻՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեան­քի մէջ ան­խու­սա­փե­լի են դժուա­րու­թիւն­ներ, նե­ղու­թիւն­ներ, խո­չըն­դոտ­ներ, ցա­ւեր ու վիշ­տեր՝ ո­րոնք վերց­նե­լու, տա­նե­լու բա­ւա­կան ուժ կրնայ չու­նե­նալ մարդ։ Ուս­տի երբ մար­դուս դէ­մը կ՚ել­լէ ո­րե­ւէ ար­գելք՝ ո­րուն վրայ մագլ­ցե­լու ան­կա­րող է, կը հա­մա­կեր­պի, կը տա­րուի ան հոն՝ ուր կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ եւ կամ կը պար­տադ­րէ այդ ար­գել­քը։

ԴՐԱՄԸ՝ ԳԼԽԱՒՈՐ ԱՐԺԷՔ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ընդ­հան­րա­պէս կ՚ը­սուի՝ թէ չար օ­րի­նա­կը «օ­րի­նակ» չի՛ կրնար ըլ­լալ։ Շա­տեր այս­պէս կը խոր­հին։ Սա­կայն կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մե­զի ցոյց կու տայ, որ չար օ­րի­նակ մըն ալ կրնայ լաւ օ­րի­նա­կի մը ու­ղե­ցոյ­ցը ըլ­լալ եւ չա­րէն բա­րիք քա­ղել։

ՍԻՐՈՅ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սէ­րը զօ­րու­թի՛ւն մըն է՝ ար­ժէ­քը եւ ազ­դե­ցու­թիւ­նը ան­վի­ճե­լի ո՛ւժ մը։ Երբ Քրիս­տոս մարդ­կա­յին բնու­թիւ­նը զգե­ցաւ, մար­դե­ղա­ցաւ՝ մարդ­կու­թիւ­նը Ի­րեն կա­պեց սի­րոյ այն­պի­սի կա­պով մը, որ ո­րե­ւէ զօ­րու­թեամբ չի խոր­տա­կուիր ե­թէ ո՛չ մար­դուն ի՛ր իսկ կամ­քո­վը։

ՄԱՐՄԻՆԸ ԵՒ ՀՈԳԻՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը կրկնենք՝ մարդ մար­մի­նէ եւ հո­գիէ բաղ­կա­ցած ամ­բող­ջու­թիւն մը, էակ մըն է։ Մար­մի­նին ու հո­գիին մի­ջեւ կեն­սա­կան կապ մը կայ եւ ուս­տի ինչ տե­սակ թոյն կ՚ազ­դէ մար­մի­նին, եւ կ՚եղ­ծա­նէ, կ՚ա­պա­կա­նէ զայն, կ՚ազ­դէ նաեւ հո­գիին, ինչ­պէս ան­պայ­ման՝ մտքին, եւ կը տկա­րաց­նէ զա­նոնք, եւ կամ, բո­լո­րո­վին կը փճաց­նէ։

ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ ՄԸՆ Է ՄԻ՛ՇՏ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ե­կե­ղե­ցին՝ իր բա­ռա­կան ի­մաս­տո­վը խորհր­դա­նիշ մըն է միա­բա­նու­թեան։ Այս «միա­բա­նու­թիւն»ը, մէկ կող­մէ՝ Աս­տու­ծոյ եւ իր որ­դի­նե­րուն մի­ջեւ, իսկ միւս կող­մէ՝ որ­դի­նե­րուն, այ­սինքն մար­դոց մի­ջեւ հաստա­տուած է։

ԱՂՕԹՔԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ խօ­սե­ցանք ա­ղօթ­քի մա­սին այս սիւ­նակ­նե­րուն մէջ, բայց երբ ա­մէն օր կ՚ա­ղօ­թենք, եւ պէ՛տք է ա­ղօ­թենք, քա­նի որ ա­մէն օր «նո՛ր օր» մըն է կեան­քի մէջ, ու­րեմն ան­պա­տե­հու­թիւն չենք նկա­տեր ա­մէն ա­ռի­թով խօ­սիլ ա­ղօթ­քի մա­սին, յի­շել ա­ղօթ­քի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ 

ՄԱՅՐԵՐԸ ՉԵ՛Ն ՄՈՌՑՈՒԻՐ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­մու­լի հ՜ին է­ջե­րուն մէջ ճամ­բոր­դել, ան­ցեա­լի մէջ շրջա­գա­յիլ ան­մեկ­նե­լի հա­ճոյք կը պատ­ճա­ռէ  մե­զի, եւ կար­ծես հոն կը գտնենք մենք զմեզ, կը նոյ­նա­նանք ան­ցեա­լին հետ եւ կը զգանք, որ կ՚ապ­րինք եւ մե՛նք ինք։

 

Էջեր