ՄԱՅՐԵՐԸ ՉԵ՛Ն ՄՈՌՑՈՒԻՐ
Մամուլի հ՜ին էջերուն մէջ ճամբորդել, անցեալի մէջ շրջագայիլ անմեկնելի հաճոյք կը պատճառէ մեզի, եւ կարծես հոն կը գտնենք մենք զմեզ, կը նոյնանանք անցեալին հետ եւ կը զգանք, որ կ՚ապրինք եւ մե՛նք ինք։ Զգացումներ կը նորոգուին, կը վերակենդանանք, կ՚արթննանք…։
Ահաւասիկ այս զգացումներով տպաւորուեցայ դարձեալ, երբ կը թղթատէի «ՔՈՒԼԻՍ» հանդէսին հաւաքածոն։ 15 Մայիս 1972 թուակիր պարբերաթերթին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց հանդէսին արտօնատէր եւ խմբագրապետ Յակոբ Այվազի, մայրերու օրուան առթիւ հրապարակուած խմբագրականը։
Խորհելով, որ տարւոյ ամէն օրը «մայրերու օր» է, խորհելով որ մայրերը երբեք չե՛ն մոռցուիր, խորհելով որ մայրերը յիշելու համար յատուկ օրուան մը սպասել մայրութեան նուիրական ու սրբազան կոչումին, մայրութեան բարձր գաղափարին ներհակ է եւ կը հակասէ անոր, փափաքեցանք խմբագրականը ներկայացնել մեր շա՜տ սիրելի ազնիւ ընթերցող բարեկամներուն, նոյնութեամբ, մասնակից ընելու համար անոնք ալ մեր զգացումներուն՝ որոնք կը համապատասխանեն Յակոբ Այվազի զգացումներուն, եւ որոնք մեր ամէնքին հասարակաց զգացումներն են։
Եւ ահաւասիկ այդ խմբագրականը։
Մայրերու օրուան առթիւ
ՄԱՅՐ ԻՄ ԹԱՆԿԱԳԻՆ
Հազիւ աչքերս բացի, գրկիդ մէջ գտայ ինքզինքս անուշիկ մայր իմ։
Թեւերուդ մէջ առած էիր զիս կաթոգին։
Կաթովդ սնանեցիր զիս։
Արիւնովդ տաքցուցիր մարմինս։
Գիշեր ցերեկ հսկեցիր վրաս։
Ուրախ օրերուս մասնակից էիր, ինչպէս բոլոր տխուր օրերուս։
Ի՜նչ որ ունէիր տուիր ինձ համար։
Առաջին դողդոջ քայլերուս հետեւեցար սրտատրոփ։
Խնդացիր երբ խնդացի, լացիր երբ լացի, եւ ասիկա առաջինէն աւելի պատահեցաւ գրեթէ բովանդակ կեանքիս մէջ։
Բոլոր դժուարութիւններու ու չքաւորութիւններու դէմ դրիր զիս կարդացնելու համար։
Լամբարներու աղօտ լոյսին տակ կար կարեցիր, երիտասարդութեան ամենէն գեղեցիկ օրերդ զոհեցիր զիս մեծցնելու համար։ Չի կերար կերցուցիր, չի հագար հագուեցուցիր, քաջառողջ զաւակ մը ունենալու տենչովը տոգորուն։
Ծաղիկ հասակիս, ամէն խոչընդոտի դէմ դրիր, որպէսզի զերծ պահես զաւակդ չար ճամբաներու հետեւելէ։
Մօրկան խրատդ անպակաս ըրիր միշտ։ Միշտ լաւը, գեղեցիկը, բարին ցոյց տուիր ինծի։ Ասոնցմէ ինչ որ մնաց մէջս, քեզի կը պարտիմ անուշիկ մա՜յր։
Դո՛ւն սիրցուցիր մարդկութիւնը, բնութիւնը ինծի։
Երիտասարդութեանս ընթացքին չար փորձանքներէ, չար խրատներէ խուսափեցուցիր զիս։ Հիւանդ օրերուս բարի հրեշտակի մը պէս վայրկեան մը իսկ չի հեռացար սնարիս քովէն։
Ամենէն դժուարին օրերուս միշտ քովս էիր։
Բեմախտը վարակած էր զիս։
Հակառակ հօրս ընդդիմութեան, գլուխ ցցել սկսած էի այլեւս ձեզի։
Միակ փափաքս էր բեմական մը դառնալ։
Եւ ատոր համար պատրաստ էի նոյնիսկ հօրենական տունս անգամ լքել։
Այդ դժուարին օրերուս քո՛վս էիր միշտ։
Հօրս եւ իմ միջեւ կանգնած կամուրջ մը եղար։ Բարի խրատներովդ կ՚ուզէիր զիս ճամբու բերել։
Բոլոր աղաչանքներդ ու պաղատանքներդ օգուտ մը չըրին այդ ուղղութեամբ, եւ ստիպուեցար գլուխ ծռել զաւկիդ բաղձանքներուն։
Տառապեցար ինծի հետ։
Բոլոր այդ տառապանքներուդ փոխարէն ի՞նչ կրցայ տալ քեզի թանկագին մայրս։
Ոչի՛նչ…
Արդէն ոչինչ ունէի տալիք քեզի։
Հկառակ բոլոր ջանքերուս, չկրցի քեզի լաւագոյն ու վարդագոյն օրեր ցոյց տալ։
Չար զաւակ մը չէի։
Բայց բախտ ըսուածը միշտ փախաւ ինձմէ։
Ո՛չ ոք ունէի ձեռքէս բռնող։
Ամբողջ երիտասարդութիւնս տառապանք մը եղաւ ինծի համար։
Ու այդ տառապանքներով տառապեցար նաեւ դուն։
Եւ վերջապէս մահը բաժնեց քեզ ինձմէ։
Այդ օրէն ի վեր տարինե՜ր անցան, սիրելի՜ մայր իմ։
Հակառակ տարիներու հոլովումին, երբեք մոռցած չեմ քեզ։
Ամէն օր աղօթքներուս մէջն ես։
Կը լսես չէ՞ձայնս։
Ամէն մեռելոցի անպայման կ՚այցելեմ գերեզմանդ։
Կը նստիմ քովիկդ ու կը խօսինք իրարու հետ։
Ինչպէս կը խօսէինք տարիներ առաջ։
Մի՛ մեղադրեր զիս, մեր օրերուն «ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ» չկար տակաւին։ Ատոր համար ալ չկրցայ նոյնիսկ փոքրիկ նուէրներով կամ ծաղկեփունջով մը քովդ գալ ու գրկելով քեզ համբուրել սիրելի՜ մայր իմ։
Այսօր ես վաթսունս անցայ այլեւս։
Բայց օգտուելով «Մայրերու օր»էն այս տողերովս կու գամ երախտագիտական զգացումներս յայտնել քեզի ու համբոյրներով ողողել մարմարէ շիրիմդ։
Օրերը կը մօտենան այելւս թանկագին ու սիրելի՜ մայրիկ, կրկին պիտի գիրկընդխառնուինք ու այն ժամանակ, երբեք, երբեք պիտի բաժնուինք իրարմէ։
Յ. ԱՅՎԱԶ
Մենք բոլորս շա՜տ կը սիրենք մայրերը եւ երբեք չե՛նք մոռնար զանոնք, անոնք միշտ մեզի հետ են՝ ո՛ւր որ ալ ըլլան անոնք եւ ո՛ւր որ ըլլանք մենք։
Այս առթիւ յիշեցի, որ Աւետարանի «Անառակ որդի»ի առակին մէջ երբեք չի՛ յիշուիր «անառակ»ին մայրը, կը յիշուի միայն հայրը…։
Ի՞նչ կը խորհինք սիրելի ընթերցող բարեկամներ, այդ առակին մէջ եթէ ըլլար «մա՛յր» մը, արդեօք Աւետարանի պատմութեան մէջ «անառակ որդի» մը պիտի ըլլա՞ր…։
Չ՚արժե՞ր մտածել այդ մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 6, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024