ԺՈՒԺԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԸ
Ժուժկալութիւնը եւ ինքնազսպումը, ինքնասանձումը՝ մարդ էակին յատուկ կարողութիւն մը, առաքինութիւն մըն է։ Արդարեւ յաճախ կը կրկնենք՝ մարդս միւս էակներէն զատող ամենակարեւոր յատկութիւնը, անոր բանական էակ մը ըլլալն է, այսինքն խորհող, մտածող, դատող եւ որոշող էակ մը, որ կը պակսի բոլոր միւս էակներուն։
Անասուն-անբան կենդանի էակներ բնազդով կը շարժին, մա՛րդն է, որ բանականութեամբ՝ անկախ ու ազատ կը շարժի։ Եւ ահաւասիկ, հո՛ս է տարբերութիւնը՝ բանաւոր էակին եւ անբան-անասուն կենդանիին։ Եւ մարդ, որքան որ կ՚անդրադառնայ իր բանականութեան, այնքան «մա՛րդ» է։ Այս իմաստով, ժուժկալութիւն, ինքնազսպում եւ ինքնասանձում կը նշանակէ ինքզինք ճանչնալ, անդրադառնալ իր իսկ գոյութեան, կշռել, դատել եւ ըստ այնմ որոշում տալ։ Տրուած որոշումը նպաստաւոր է, ճիշդ է կամ աննպաստ կամ սխալ, այդքան կարեւոր չէ՛, քանի որ էականը որոշում մը կարենալ տա՛լն է։ Որոշում տալ՝ մարդուն յատուկ կարողութիւն մըն է, իսկ անոր սխալ կամ ճիշդ ըլլալու հարցը որոշում տուողին պատասխանատուութեանը տակ է եւ եթէ սխալ է՝ ենթական կը տուժէ եւ կը հատուցանէ, իսկ եթէ ճիշդ է կ՚օգտագործէ եւ կը վայելէ իր որոշումին արդիւնքը։ Այս իրողութիւնը կը սահմանաւորուի «ազատ կամք»ի սկզբունքով։
Եւ ահաւասիկ, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, երբ կը գտնուինք Մեծ Պահքի շրջանին մէջ, այս կը նշանակէ անդրադարձումի առիթ մըն է մեր ուժերուն, բարոյական եւ մտային կարողութեան եւ հոգեւոր զօրութեան։ Պահքը, ուրեմն իր ընդհանուր էութեամբ կը նշմարուի ուտելու-խմելու ժուժկալութեան, մարմնական սանձումներու մէջ՝ բարձրանալու համար հոգեպէս՝ կարգապահութեան մէջ պահելու համար զայն։ Ուստի պահքը վարժութիւն մըն է՝ որ հոգին կը կանոնաւորէ, կը կարգաւորէ, «տիսիփլին»ի կ՚ենթարկէ։ Եւ ինչպէս մարմինը զարգանալու համար պէտք ունի շարժումի, մարզանքի եւ վարժութեան, նոյնպէս հոգին ալ աճելու համար պէտք ունի վարժութեան՝ որ կ՚իրականանայ պահքով՝ իր լայն առումով։
Ժուժկալութիւնը, ինքնազսպումը, հոգեկան տոկունութիւնը առարկաներն են պահքին, այսինքն հոգեւոր մարզանքի եւ վարժութեան։
Այսօր պահքը ընդհանրապէս յետադիմութիւն կամ խաւարամտութիւն կը համար-ւի, բայց պէտք է պահքին նայիլ անգամ մըն ալ դրական տեսանկիւնէն եւ պիտի տես-նըւի, որ անշուշտ եթէ տեսնել ուզէ դիտողը, ան միայն ձեւակերպութիւն մը, ձեւապաշտութիւն մը չէ՛, այլ մարդուն բանականութիւնը բացայայտող կարեւոր եւ մանաւանդ օգտակար արարք մը։
Անշուշտ որ ամէն լուսամիտ եւ ողջախոհ միտք հակառակ է ձեւապաշտութեան, եւ ուրեմն հակառա՛կ է անգիտակից, մեքենաբար եւ կոյրզկուրայն կատարուած ամէն արարքի, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց նպատակը եւ նաեւ նոյն կերպով՝ առանց իմաստին թափանցելու կատարուած պահեցողութեան կամ ծոմապահութեան։ Ուրեմն պահքը կարելի է նմանցնել աշխատասէր մարդու մը՝ պահ մը աշխատութենէ դադրելուն, հանգիստ ընելու պահանջքը ունենալուն։ Աշխատասէր մարդ մը երբ պահ մը դադրի աշխատելէ, կարելի՞ է զայն ծուլութեամբ ամբաստանել եւ «ծոյլ» որակել…։
Ուրեմն պահքի շրջանին ալ փորձենք այս մտադրութեամբ մօտենալ՝ ո՛չ թէ ձեւապաշտութիւն մը, այլ պահանջք մը, մարդ ըլլալու, մարդ ըլլալուն անդրադառնալու, հոգեւոր կարողութիւններուն գոյութիւնը հասկնալու եւ մա՛րդ մնալու առիթ մը, բարեպատեհ շրջան մը, բացատրագիր մը՝ առողջ «հոգեւոր կեանք» մը վարելու…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 10, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024