ԴՐԱՄԸ՝ ԳԼԽԱՒՈՐ ԱՐԺԷՔ
Ընդհանրապէս կ՚ըսուի՝ թէ չար օրինակը «օրինակ» չի՛ կրնար ըլլալ։ Շատեր այսպէս կը խորհին։ Սակայն կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ չար օրինակ մըն ալ կրնայ լաւ օրինակի մը ուղեցոյցը ըլլալ եւ չարէն բարիք քաղել։ Զոր օրինակ՝ Աւետարանի «Անիրաւ տնտես»ի առակը մեզի ցոյց կու տայ, թէ չար օրինակ մը ցոյց տալով՝ կարելի է բարիին ուշադրութիւն դարձնել, մէկ խօսքով՝ չարէն բարի արդիւնք ձեռք ձգել. Յիսուս այս առակը պատմելով՝ ցոյց կու տար, թէ եթէ դրամը վատնելով, շահագործելով երբ մարդիկ դարձեալ խորագէտ միջոցներու կը դիմեն վերագտնելու համար զայն, հապա ո՜րքան կարեւոր է, ո՜րքան գնահատելի ու վե՛հ գործ մըն է հակառակը գործադրել։ Եւ ահաւասիկ, հո՛ս է հմտութիւնը, ճարպիկութիւնը՝ բան մը ցոյց տալ, եւ անկէ անոր հակառակին արժէքը մատնանշել։
Դրամը ինքնին ո՛չ չար է եւ ոչ ալ բարի, զայն գործածողը անիկա չարի կամ բարիի կը վերածէ։
Ուստի ամէն անկենդան նիւթէ պատասխանատու են զայն գործածողները, գործածութեան կերպը եւ նպատակն է, որ անկենդան նիւթ մը կը վերածէ չարի կամ բարիի։ Զոր օրինակ՝ դրամը եթէ բարի նպատակներու գործածուի «բարի» է, անշուշտ զայն ձեռք ձգելու կերպն ալ պէ՛տք է բարի ըլլայ։
Արդարեւ բարի նպատակը՝ չ՚արդարացնե՛ր չար միջոցը։ Իսկ բարի միջոցով բարի նպատակի համար օգտագործուած ամէն «նիւթ» բարի է, օգտակա՛ր է։
Ուրեմն հարցը «շիտակ գործածել»ու մէջ կը կայանայ։ Այս իմաստով «բարի» եւ «օգտակար» կարծուած որեւէ բան, եթէ չար նպատակի մը համար գործածուի՝ «չար» եւ «վնասակար» կ՚ըլլայ։
Ահաւասիկ, այս կէտին կարեւորութիւն կը ստանայ «տնտեսութիւն»ը իր լայն առումով, որ կը նշանակէ առարկայ մը տեղին գործածելու, օգտակար կերպով վարելու հմտութիւն եւ յատկութիւն։
Ուստի մարդ պէտք է հեռանայ վաղանցուկ եւ պարապ բաներէ, որոնք ո՛չ թէ օգուտ, այլ վնաս կը պատճառեն ենթակային եւ իր շուրջիններուն։ Այլ պէտք է ուշադրութիւն դարձնել եւ կեդրոնանալ օգտակար, պիտանի եւ մշտական արժէք ներկայացնող իրերու եւ իրողութիւններու վրայ։
Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է՝ թէ ամէն «լաւ» նաեւ «օգտակար» կրնայ չըլլալ։
Դրամը աշխարհի նիւթական գլխաւոր արժէքն է։
Դրամը՝ ուժ է, զօրութիւն է երբ բարի միջոցներով ձեռք կը ձգուի եւ նոյնպէս՝ բարի նպատակներու կը գործածուի։ Ո՞րն է «բարի»ն։ Բարին, ինչպէս ըսինք, միայն «լաւ»ը չէ, այլ այն որ օգտակար է, այն որ մարդկութեան կը ծառայէ՝ զայն կը զարգացնէ, կը լուսաւորէ եւ կը բարեփոխէ…։
Քրիստոնէութիւնը երբեք չի դատապարտեր դրամը եւ արգելք չի հանդիսանար անոր գործածութեան։ Աւետարանի մէջ շատ մը օրինակներ կարելի է գտնել դրամի օգտագործութեան մասին։ Բայց կը յանձնարարէ ու կը պատուիրէ, որ պարկեշտ ու օրինաւոր կերպով շահուի եւ օգտակար նպատակներու համար գործածուի։
Դրամը զօրաւոր է, երբ ան շիտակ գործածուի։
Դրամի գործածութիւնը արժէքներու շրջագայութիւնը կը դիւրացնէ, այս իմաստով օգտակար է եւ բարի՛։ Առանց դրամի գործածութեան, խորհեցէք սիրելիներ, պիտի դադրէր աշխարհի ամէն գործերը, պիտի կաղար տնտեսական ընդհանուր գործընթացը եւ մարդկային ընկերութիւնը պիտի մատնուէր դժուա՜ր դիրքի մը…։
Դրամը իրապէս արժէք կ՚ըլլայ, երբ ան գործածուի բարի եւ օգտակա՛ր նպատակի համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 6, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024