ԶԱՆԳԱԿԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Միշտ խորհուրդ մը կ՚արթնցնէ զանգակը, երբ կը ղօղանջէ։
Զանգակին ղօղանջիւնը խորհրդաւոր է, քանի որ ան մարդս կը փոխադրէ բոլորովին տարբեր աշխարհ՝ մտածումներու եւ հոգեւոր ապրումներու միջավայր մը։
Մանաւանդ երբ ղօղանջողը եկեղեցիի մը զանգակն է՝ մարդուս ականջին ա՜յնքան քաղցր կը հնչէ, որքան երաժշտական անուշ հնչի՜ւն մը։ Այս իմաստով եկեղեցիի զանգակին ղօղանջը՝ հոգեւոր երաժշտութեան սկզբնաւորութիւնը կարելի է համարել։ Եւ երաժշտութեան ամէն տեսակը ինքն իր մէջ խորհուրդ մըն է, եւ հոգեւոր ոգեւորութի՛ւն։
Անշուշտ եկեղեցիի զանգակը ունի նաեւ մտաւոր խանդավառութեան ազդեցութիւն մըն ալ. մարդ երբ կը լսէ այդ ձայնը՝ կ՚առաջնորդուի մտածումներու, որոնք զայն աշխարհի կեանքէն կը փոխադրեն մտաւոր կեանքի մը անհասանելի հորիզոններուն, անվերջ սահմաններուն։
Զանգակին ղօղանջը եւ ամէն երաժշտութեան քաղցր հնչիւնը տարբեր աշխարհի մը դռները կը բանան մարդուս անհուն երեւակայութեան առջեւ՝ ուր կայ բոլորովին տարբեր աշխարհ մը, նո՛ր աշխարհ մը…։
Այս երեւոյթին պատճառը թերեւս հոգիին մէջ է, քան բո՛ւն ինքն զանգակին մէջ։
Արդարեւ, որեւէ ձայնի հնչական ու ներդաշնակ թրթռումները, իրենց մէջ, իւրայատուկ նշանակութենէ զուրկ կրնան ըլլալ, բայց անոնց արձագա՛նգն է, որ հոգիին մէջ իմաստ մը կու տայ, ըլլայ զանգակ կամ ուրիշ որեւէ երաժշտութիւն, ձայնական գործիքէ արձակուած հնչական թրթռումներուն։
Արձագանգն է, որ կը տպաւորէ, կ՚ազդէ հոգիին եւ կ՚ոգեւորէ, կը խանդավառէ զայն։ Ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս կ՚ըսէ Պղատոն՝ թէ մենք ո՛չ թէ ճշմարտութիւնը կը տեսնենք, այլ՝ ամէն ճշմարտութեան ստուերը կամ հեռաւոր նմանութիւնը միա՛յն։ Այս իմաստով զանգակը միայն ձայն մը չէ՛ որ կ՚արձակէ եւ մարմնական ականջով կը լսուի։ Աւելին է ան։ Զանգակը եկեղեցիին՝ աղօթքի, հաւատքի, պաշտամունքի եւ բոլոր հոգեւոր ու մտաւոր ապրումներու դարաւո՜ր պատմութեան յուշարար մըն է՝ անդրադարձման առիթ մը այդ բոլոր արժէքներուն, որոնք առօրեայ կեանքի զբաղումներու մէջ անտեսուած կը մնան շատ անգամ, դժբախտաբար։ Զանգակը Աստուծոյ յայտնութեան յայտարար ձա՛յնն է, Աստուծոյ սիրոյն, Աստուծոյ նախախնամութեան՝ որոնց մէջ մարդիկ կը գիտակցին իրենց եղբայրութեան՝ իբրեւ որդիներ միա՛կ հօր մը, տիեզերքի ստեղծիչին՝ Աստուծո՛յ։
Զանգակը մարդուս մէջ կը ներշնչէ վստահութեան ոգին, թէ՝ զինք կը կանչէ վստահելու, ապաւինելու մէկու մը՝ որ ամենակարող է եւ ամենավստահելի։ Եւ զանգակին ձայնով մարդ կը զգայ, թէ մինակ չէ՛ այս աշխարհի վրայ, եթէ նոյնիսկ առանձին է ան։
Զանգակի ղօղանջը հեռուի այն ձայնն է՝ որ կը մօտեցնէ իրեն իր Ստեղծիչը, իր Նախախնամը, իր ապաւէ՛նը։
Զանգակին ղօղանջով մարդ կը զգայ՝ թէ պաշտպան մը ունի՝ ո՛չ թէ հեռո՜ւն, այլ իր անմիջապէս մօ՛տը։ Զանգակը, այս իմաստով, պաշտամունքի հրաւէր մը ըլլալէ աւելի՝ կո՛չ մըն է վստահութեան։
Արդարեւ վստահութիւնը՝ մարդուս պատասխանն է հաւատքի միջոցաւ, Աստուծոյ Ինքզինք յայտնութեան։ Աստուած Ինքզինք կը յայտնէ, եւ մարդ հաւատքով, վստահութիւն ցոյց տալով կը պատասխանէ Անոր։ Հօր եւ որդիի յարաբերութիւն մըն է՝ Աստուած ու մարդ փոխյարաբերութիւնը։
Զանգակը միութեա՛ն կոչ մը, հրաւէր միջոց մըն է նաեւ։ Եւ երբ զանգակը կը ղօղանջէ եւ պաշտամունքի կը հրաւիրէ անհատը՝ կը հրաւիրէ նաեւ հաւաքականութեան, այսինքն միութեան, կապ հաստատելու, յարաբերութիւն մշակելու անհատներու միջեւ եւ ըլլալու՝ «մէ՛կ», հաստատելով «միութիւն» մը զօրաւոր։
«Եթէ եղբօրդ հետ հարց մը, խնդիր մը ունիս, ձգէ՛ զոհդ, նախ հաշտուէ՛ անոր հետ, եւ ապա՝ դարձի՛ր եւ զոհդ մատուցանէ»։ Կարծեմ զանգակի ղօղանջին ամենէն խոր իմաստը հո՛ս է. մէ՛կ ըլլալ՝ արտով եւ հոգիով, եւ ա՛յդպէս մօտենալ Աստուծոյ, ա՛յդպէս ընդունիլ հրաւէրը։
Ամէն զանգակի ղօղանջին խորհինք մե՛զ վշտացուցածները եւ մե՛ր վշտացուցածները…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 12, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024