ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԲԱՍՔԱԼ, ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԸ՝ ԺԱՆ
Գաղթական դարձած ժողովուրդի մը համար ամենէն կարեւորը օտարութեան մէջ իր ազգութիւնը, իր լեզուն ու աւանդութիւնները պահելն է. օտար երկիրներու մէջ կայք հաստատող մեր նախահայրերը սկզբնական շրջանին դիմագրաւեցին լուրջ խնդիրներ: Սակայն գաղթականութիւնը ունի երկու երեսակ. առաջինը՝ հայրենի հողէն, տունէն հեռանալ, իսկ երկրորդը՝ իր բարքերէն, աւանդութիւններէն, լեզուէն ու սովորութիւններէն հեռանալ: Առաջինը մարդու կամքէն անկախ հանգամանքներով եղած, իսկ երկրորդը՝ մասամբ մը կամայ:
Սակայն հիմնական մտահոգութիւնը այն էր, որ իր հայրենի հողէն հեռացող ժողովուրդը, իր արմատներէն խլել փորձողներ կային. թշուառ ու աղքատ ժողովուրդը անապատին մէջ ովասիս մը տեսած ծարաւ մարդու հոգեբանութեամբ մը շա՜տ դիւրութեամբ կը հեռանայ իր արմատներէն: Շատ մը օտար պետութիւններ իրենց դռները բացին հայ ժողովուրդին դիմաց, սակայն ծածուկ կերպով փորձեցին զանոնք հեռացնել իրենց արմատներէն։ Մեր թուականէն մօտաւորապէս 95 տարի առաջ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կը հրատարակուէր «Հայերը կը լատինացնեն» խորագրեալ գրութիւն մը. այս մէկը լայն տարածում կը գտնէ սփիւռքի այլ գաղութներու մէջ եւս եւ մի քանի օրեր ետք Յիսուսեան հայրերու մեծաւոր Հայր Շանդէօր «Ազդակ»ի մէջ կը հրատարակէ նամակ-պատասխան մը, «Հայերը չեն լատինացներ» խորագրով:
Այս մէկը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի հայը շատ աւելի լուրջ ձեւով սկսի մտածել իր ապագային մասին՝ ուր հարցականի տակ դրուած էր իր հայ մնալ չմնալու առեղծուածը. նոյն օրերուն Փարիզի մէջ հրատարակուող «Յառաջ» թերթը, շաբաթ, 3 յունուար 1931 թուականի իր թերթին երկրորդ էջին մէջ շօշափելով այս նիւթը կը գրէ. «Լատինացումը հայերուս համար ազգասպանութիւն է, որովհետեւ հայրենիք, երկիր չունեցող ցեղի մը համար, երբ օտար հպատակութեան կ՚արձանագրուի, ուրիշ միջոց չի մնար պահելու համար իր ինքնութիւնը, բայց եթէ լեզուն, իբր անձնական ինքնորոշում եւ իր ծէսը կրօնական մարզի մէջ, իբր տոհմային բնորոշում: Լատինացնել ուրեմն ցեղ մը ներկայ պայմաններու մէջ՝ կը նշանակէ զայն ազգովին սպաննել»:
Այլ խօսքով՝ անձ մը իր հայրենի հողէն հեռացնելով չէ՛ որ անոր մէջ կրնաս մեռցնել ազգութիւնը, այլ պէտք է անկէ խլել լեզուն, սովորութիւններն ու բարքերը: Այսօր «լատինացման» գործողութենէն դար մը ետք, ականատես կ՚ըլլանք, որ յիսուսեաններուն եւ կամ այլոց չյաջողածը այսօր մենք ի գործ կը դնենք. այսօր շատ մը գաղութներու մէջ իրենց հայրենի հողէն հեռու ապրող հայորդիներ զուրկ են նաեւ մայրենի լեզուէն, աւանդութիւններէն եւ գրեթէ այն բոլորէն՝ որ հայը օտարութեան մէջ կը յաջողի հայ պահել:
Յիսուսեաններ կը փորձէին հայուն հայութիւնը աղաւաղել՝ հայորդիներ իրենց մօտ քահանայացնելով. անոնք հայուն մօտ առաջին անգամ կը փոխէին անունները. Յարութիւնը կը դառնայ Բասքալ, Յովհաննէսը՝ Ժան եւ այլ անուններ. այս մէկը այդ ժամանակ ապրող հայոց համար օտարացման եւ արմատներէ հեռանալու մտահոգութիւն մը ունէր, սակայն այսօր առանց յիսուսեաններու, մե՛նք ենք որ մեր Յովհաննէսները Ժան եւ Յարութիւնները Բասքալ կը դարձնենք. այս է մեր եւ անցեալի տարբերութիւնը. անցեալին կը բողոքէինք, որ յիսուսեանները մեր հայորդիներու հայկական անունները կ՚աղաւաղեն, սակայն այսօր մե՛նք այդ մէկը կ՚ընենք:
Նման երեւոյթ մը մինչեւ վերջերս գոյութիւն ունէր Յունաստանի մէջ։ Յունաստան եւրոպական այն երկիրներէն է, որ օտարներու դիւրութեամբ քաղաքացիութիւն չի՛ տար, սակայն քաղաքացի դառնալու գործընթացը կրնայ աւելի արագ տեղի ունենալ, եթէ անհատը որոշէ մկրտուիլ յունական եկեղեցւոյ աւազանէն (կապ չունի եթէ նախապէս մկրտուած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ եւ երկրորդ՝ յանձն առնէ փոխել իր անունը եւ մկրտութեան աւազանէն ստանայ նոր անուն՝ օտար անուն, որ անձնագիրի իր անունը պիտի կազմէ): Այս ազգակործան եղելութեան զոհ գացած են բազմաթի՜ւ հայեր, որոնք քաղաքացիութեան համար յանձն առած են կորսնցնել իրենց ինքնութիւնը: Ցաւ ի սիրտ, ունեցած եմ առիթը տեսնելու Սահակեաններ՝ որոնք դարձած են Սահակիտիս, Մուրատեաններ՝ որոնք այսօր Մուրատիս են. ճանչցած եմ հայազգի Մհեր մը՝ որ այսօր Ստեֆանոս է:
Հո՛ն է որ սկիզբ կ՚առնէ հայասպանութիւնը. ամէ՛ն անգամ երբ լսեմ անձ մը զաւակ լոյս աշխարհ բերած է, կ՚ուզեմ լսել, թէ ի՞նչ անուն տուած են զաւակին. մեծամասնութիւնը օտարին անունով կը մկրտէ իր զաւակը: Այսօր հայութեան մէջ բազմաթիւ «Ալեքսանտրա»ներ կան, սակայն չեմ գիտեր կա՞յ ամերիկացի մը, որ իր զաւակը «Զեփիւռ» եւ կամ «Անահիտ» կոչէ: Եթէ անցեալին ակամայ կ՚օտարանայինք, ապա այսօր այդ մէկը կը կատարուի կամաւորաբար:
Սակայն կ՚ուզեն, որ այս բոլորին դիմաց ըլլանք լաւատես. ցաւալին սակայն օտար անուններով մկրտուիլը չէ. ցաւալին այդ երեւոյթը «պարզ» ու «բնական» վերածելն է, որովհետեւ սխալ մը երբ սկսի պարզ թուիլ՝ կը դառնայ անսրբագրելի:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Հայութեան ապագան ինչպէ՞ս կը տեսնես։
Պատասխան. Հայութեան ապագան կը պարունակէ մարտահրաւէրներ եւ շփոթութիւններ. իր հարուստ մշակութային ժառանգութեամբ եւ ռազմավարական դիրքով Հայաստան ունի նորարարութեան եւ արուեստագիտութեան կեդրոն դառնալու ներուժ: Կրթական եւ միջազգային գետնի վրայ կատարուած ներդրումները կրնան ապահովել տնտեսական աճ եւ բարելաւել Հայաստանը: Սակայն պէտք է Հայաստան իր յարաբերութիւնները լաւագոյն ձեւով հաստատէ՝ մանաւանդ դրացի երկիրներու հետ եւ անդրադառնայ իր ունեցած ներքին խնդիրներուն. ինչպէս՝ քաղաքական անկայունութիւնը: Հաւասարակշռութիւնը պահելով Հայաստան կրնայ իր ուժերը օգտագործել՝ կառուցելու համար կայուն ապագայ մը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024