ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ
Սա անուրանալի իրողութիւն մըն է, թէ մարդկային միտքը անկայուն, թերի եւ թոյլ է, եւ այս պատճառով՝ մարդուս իմաստութիւնը սահմանափակ է։
Մարդ անզօր է ճշմարտութիւնը գտնելու եւ ճանչնալու նկատմամբ։ Հակառակ այս իրողութեան, մարդ կը փորձէ միշտ իր մտային զօրութեան վստահիլ, ինքզինք ինքնաբաւ համարել, եւ այս ունակութեանը պատճառով հետզհետէ կը հեռանայ Աստուծմէ, քանի որ ինքզինք «իմաստուն» համարելով՝ այդպէս կարծելով կ՚անտեսէ իրական Իմաստութիւնը։
Եւ իմաստութիւնը՝ ճշմարտութիւնը ճանչնալու առաքինութիւնն է։ Այս իմաստով, իմաստունը՝ ճշմարտութիւնը ճանչնողն է։ Աստուած ճշմարտութիւնն իսկ է եւ հետեւաբար Աստուած Ի՛նք Իմաստութիւն է։ Արդարեւ, իմաստութիւնը Աստուծոյ նկարագիրն է, եւ այս իմաստութենէն մարդու տրուած բաժինը՝ Աստուծոյ շնորհն է մարդուս տրուած։ Եւ քանի որ «բաժին» է, ապա ուրեմն, ան բաժնուած է, այսինքն՝ ամբողջ չէ, կատարեալ չէ՛…
Ուրեմն, մարդ թէեւ իմաստութիւն ունի, բայց անիկա Աստուծոյ իմաստութեան միայն մէկ մասն է՝ ամբողջ չէ, այլ պակա՛ս։ Այս ուղղութեամբ, իմաստութիւնը երկու տեսակ է՝ մարդկային իմաստութիւն եւ աստուածային իմաստութի՛ւն։ Աստուածային իմաստութիւնը՝ Աստուծոյ ճաճանչն է, իսկ մարդկայինը՝ աստուածաճանաչո՛ւմ։
Աստուածային իմաստութիւնը, քանի որ ճշմարտութիւնն իսկ է, հաստատ, կայուն եւ ամուր հիմերու վրայ կը բարձրանայ, ան բացարձակ իմաստութիւնն է։
Իսկ մարդկային իմաստութիւնը, որ աստուածային իմաստութեան մէկ մասն է միայն, թերի եւ անկատար է։ Մարդ երբ միայն իր իմաստութեան վստահի եւ ապաւինի, անտեսէ աստուածային իմաստութիւնը կրնայ սխալիլ, կրնայ իր ուղղութիւնը կորսնցնել եւ շեղիլ իր նպատակէն։ Ուստի, երկրաւոր եւ երկնային արժէքները պէտք է իմաստութեամբ զանազանել։
Ըսինք, որ Իմաստութիւնը՝ Աստուած Ի՛նքն է, իմաստուն է Ան։ Իսկ իմաստուն մարդը ա՛ն է, սիրելի՜ներ, որ կը յանձնուի Աստուծոյ, այսինքն՝ Իմաստութեան եւ կը վստահի Անոր անկասկած, անվարա՛ն։
Ճշմարտութենէն միայն կը բխի ճշմարիտը։
Իմաստութիւնը, արդարեւ, ճշմարտութիւն է, եւ հանճարով, ձիրքով եւ գիտութիւնով լեցուած է, եւ ուրեմն՝ ան ճշմարտութեան անվիճելի ճամբան եւ միջոցն է։
Իմաստութիւնը, քանի որ ճշմարտութեան միակ ճամբան է, ապա ուրեմն ան «բարի» ճամբայ մը, լուսաւոր ուղի մըն է։
Արդարեւ, իմաստութեան ամենագեղեցիկ եւ ամենայստակ բացատրութիւնը կը գտնենք Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայոց Կաթողիկոսի (Սուրբ Ներսէս Դ. Շնորհալի-Կլայեցի. 1166-1173) աղօթքին մէջ, ուր կ՚ըսէ.
«Իմաստութիւն Հօր Յիսուս, տո՛ւր ինձ իմաստութիւն զբարիս խորհիլ եւ խօսիլ եւ գործել առաջի քո յամենայն ժամ. ի չար խորհրդոց, ի բանից եւ ի գործոց փրկեա՛ զիս, եւ ողորմեա քո արարածոց եւ ինձ՝ բազմամեղիս»։
Եւ ուրեմն, բացայա՛յտ է, որ իմաստութիւնը՝ բարի խորհիլ, բարի խօսիլ եւ բարի գործել, եւ չար խորհուրդներէ, չար խօսքերէ, չար գործերէ հեռու մնալ կը նմանակէ։ Չէ՞ որ Աստուած նաեւ «Բարի»ն է, բացարձակ եւ կատարեալ «բարի»ն։ Ուրեմն, իմաստութիւնը կը կայանայ ճշմարտութեան եւ բարութեան բարձր արժէքներու վրայ, եւ եթէ մարդուն նպատակն է հասնիլ ճշմարտութեան, ապա ուրեմն անոր ճամբան իմաստութիւնն է՝ միշտ այդ ճամբուն վրայ քալելով բարի խորհելով, բարին խօսելով եւ բարին գործելով…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 31, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024