«ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆԸ՝ ՈՐ ԿԻՆ ՄԸ ՈՒՆԷՐ»
Հաւատացէ՛ք, որ աշխարհի մէջ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելը շա՜տ դիւրին է. սակայն պէտք է վստահ ըլլալ, որ այդ մէկը ազնիւ ու աղէկ ձեւով ընելը դժուար եւ գրեթէ անկարելի է: Պէտք է պարզապէս հասկնալ, որ ամէն գրաւիչ բան միշտ ճշմարիտ չէ՛ եւ ամէն ճշմարտութիւն՝ գրաւիչ: Սակայն պէտք է զանազանել, թէ ո՞րն է կարեւորը. ըլլալ ճշմարի՞տ՝ թէ ըլլալ գրաւիչ. ինչի՞ն մէջ է մրցակցութիւնը: Մերօրեայ աշխարհի մէջ մարդոց ուշադրութիւնը կարելի է գրաւել հիմնական երկու ձեւով. կա՛մ պէտք է յուզել եւ կամ ափիբերան զարմացնել եւ այդ երկուքէն մէկուն շուրջ կազմել բանի մը բովանդակութիւնը: Սակայն զարմանալին հո՛ն է, որ մարդոց կեանքին մէջ ամենէն շատ «փնտռած» բանը ազնուութիւնն է, սակայն այդ ազնուութիւնը «փնտռել» ձեւացնելով հանդերձ արհեստական ու շինծու «ճշմարտութիւն» մը կը հետապնդեն:
Այլ խօսքով՝ ողորմութեան կարեւորութեան մասին խօսող մարդասպաններով լեցուն է մեր աշխարհը այսօր. մարդիկ՝ որոնք երեւութապէս այլ բան կը հետապնդեն՝ սակայն գործնականով ամբողջութեամբ հակառակը ի գործ կը դնեն. եւ հետեւաբար մարդոց ուշադրութիւնը կարելի պիտի չըլլայ գրաւել՝ եթէ ոչ խաբէութեամբ:
Անցնող օրերու ընթացքին համաշխարհային մամուլը լայն տեղ տուաւ «Փարիզ-2024» Ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցած խեղկատակութեան, որ ծաղրանքէ մը աւելի մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու ամենէն յաջող ձեւն էր. համաշխարհային մամուլը այնքան լայն տեղ պիտի չտար, եթէ անոնք բացման հանդիսութեան ընթացքին «կին» Յիսուս մը բեմ չբարձրացնէին, կիսամերկ ու այլանդակ դէմքերով առաքեալներ չներկայացնէին: Շատեր այսպէս կամ այնպէս քննադատեցին այդ արարքը, մտածելով, որ նման արարք մը կրնայ վնաս պատճառել հանդիսութիւնը կազմակերպողներուն, մոռնալով, որ անոնց հետապնդած հիմնական նպատակը նոյնինքն այդ քննադատութիւններու տարափն էր՝ որ լաւագոյն միջոցը պիտի ըլլար իրենց անունը լսելի դարձնելու եւ լայն տարածում գտնելու:
Եւ հո՛ս է աշխարհի ուշադրութիւնը. պաշտօնական տարազով մարդիկ բեմ բարձրանային այնքան լայն տարածում պիտի չգտնէին, ինչքան մեր առաքեալի մը կամ «կին» Յիսուսի մը ելոյթները: Եթէ այսօր համացանցի ու մամուլի մէջ կը շարունակուի այդ հանդիսութեան մասին խօսուիլ, ապա վստահ կրնաք ըլլալ, որ անոնք հասած են իրենց նպատակին եւ քննադատութիւնները պարզապէս շահ են իրենց համար եւ ո՛չ խոցելիութիւն: Գայթակղութիւններով լեցուն մեր աշխարհը այսօր կը զուարճանայ հիմնական երկու նիւթերու վրայ. կա՛մ պէտք է խօսիլ անբարոյական նիւթերու մասին եւ կա՛մ պէտք է ծաղրել հոգեւոր եւ սրբազան արժէքները եւ դժբախտաբար այս երեւոյթը առաւելաբար քրիստոնեաներուն մօտ կը գտնուի։ «Փարիզ-2024» Ողիմպիական խաղեր կազմակերպող կոմիտէ՛ն եւս քրիստոնեաներէ բաղկացած է, սակայն անոնց համար Յիսուսն ու առաքեալները ծաղրել ո՛չ մէկ հոգեւոր ու մարդկային սայթաքում կը նկատուի, որովհետեւ նման խեղկատակութիւններ ունին նաեւ զիրենք ծափահարողներն ու քաջալերողները:
Այս արտառոց երեւոյթին օրինակը տանք հետեւեալ ձեւով. մինչեւ մի քանի տարիներ առաջ աշխարհին այդքան ծանօթ չէր «Charlie Hebdo» անունը կրող երգիծական թերթը՝ մինչեւ որ առիթով մը այդտեղ լոյս տեսաւ Մուհամմէտի եւ մահմետական կրօնի հետ կապուած ծաղրանկար մը. հաւատացէ՛ք Թուրքիոյ տարածքին գուցէ մարդ չմնաց ոչ չլսեց այդ թերթին անունը եւ կամ չտեսաւ ծաղրանկարը:
Հիմա ի՞նչ... ուշադրութիւն գրաւելու համար մեր թերթի առաջին էջին վրայ մերկ Յիսո՞ւս մը նկարենք. մի քանի թիւ աւելի ծախելու սիրոյն ծաղրանկարով մը ամուսնացնե՞նք Յիսուս Քրիստոսն ու Պուտտան: Վերջապէս պէտք չէ՛ խօսիլ այլեւս թերթի առաքելութեան մասին, այլ պէտք է խորապէս մտածել, թէ ի՞նչ կ՚ուզէ մարդ արարածը տեսնել իր շուրջ. պէտք է լրջօրէն մտածել, թէ ինչո՞ւ համար ապուշութիւններ շատ աւելի գրաւիչ սկսած են դառնալ՝ քան լուրջ ու հասուն նիւթեր եւ երեւոյթներ. այսօր եկեղեցականի մը քարոզը դնենք, գուցէ մատի վրայ հաշուենք ընթերցողները, սակայն պատկերացուցէք նման խորագիր մը. «Եկեղեցական մը կը բռնուի սիրային յարաբերութեան ընթացքին». հաւատացէ՛ք բազմահազար մարդ պիտի կարդայ՝ պարզապէս հասկնալու համար, թէ ո՛վ է այդ եկեղեցականը եւ բերնէ բերան պիտի տարածուի այդ նիւթը՝ ստանալով համազգային բնոյթ. մինչեւ այսօր ես ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ գրած եմ աւելի քան 1200 յօդուած, սակայն տարօրինակ ձեւով մարդիկ կը յիշեն «Ծիծիկներ» խորագրեալ յօդուածը. նման մարդոց հարց տուէք, որպէսզի 1200 եւ աւել յօդուածներու մէջէն տան այլ խորագիր մը... եւ պիտի տեսնէք որ չունին պատասխան:
Կը հաւատանք, որ այս բոլորը դեռ սկիզբն է երկանց. այս քաոսային ընթացքը վերջ պիտի չունենայ եւ ժամանակի ընթացքին պիտի աղաւաղուին բոլոր անոնք՝ որոնք տակաւին այսպէս կամ այնպէս յաջողած են մնալ որպէս «սրբազան» արժէք: Վերջապէս իր Տէրը ծաղրող ժողովուրդէ մը ի՞նչ կարելի է ակնկալել:
Այս բոլորը նկատի ունենալով այս գրութեան կու տանք արտառոց խորագիր մը, վստահ ըլլալով «Ուշադրութեան չափանիշները» տրամաբանական խորագիրը ո՛չ մէկը պիտի հրաւիրէ կարդալու նման յօդուած մը: Եթէ դո՛ւն, սիրելի ընթերցող, վերնագիրին համար այստեղ ես ու կը շարունակես կարդալ... պէտք է վերատեսութեան ենթարկես արժեչափերդ, որովհետեւ երեւոյթը առողջ վիճակ մը չունի:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մարդկութիւնը ինչո՞ւ սրբութիւնները կը ծաղրէ:
Պատասխան. Մարդկութիւնը սրբութիւնները կը ծաղրէ հիմնական պատճառներով. թերահաւատութիւն, թիւրիմացութիւն եւ վախ. սրբութիւնները յաճախ կը ներկայացնեն վարքագիծեր, որոնք անհասանելի են մարդ արարածին եւ որպէս պաշտպանութիւն մարդ յանձն կ՚առնէ ծաղրել, որպէսզի յաջողի սրբութեան եւ կեանքին միջեւ եղող չափանիշներու տարբերութիւն «վերացնել»: Ծաղրը կրնայ ըլլալ նաեւ որպէս բողոք՝ բոլոր այն բարոյական սկզբունքներուն դէմ, որոնք կրօնը սահմանած են մարդոց եւ որոշ չափով «պարտադրած»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024