Հարթակ

ԳՐՈՂՆ ՈՒ ԻՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂԸ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չեմ գիտեր ուրկէ՞ սկսիմ: Բայց ըսեմ...: Խօսքս հաստատապէս հայ գրողի եւ հայ ընթերցողի մասին է: Գրող, որուն շրջագիծէն ներս կ՚իյնան յօդուածագիրն ու բանաստեղծը, արձակագիրն ու սիւնակագիրը, հրապարակագիրն ու խմբագիրը եւ միւս բոլոր գրիչները:

ԱԿՆԱՐԿ - 78 - ՃԻ՞ՇԴ, ԹԷ՞ ՍԽԱԼ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջերս Ֆրանսայի մայրաքաղաքը Փարիզի մէջ, տեղի ունեցաւ ամառնային Ողիմպիական խաղերուն պաշտօանական բացումը: Բացումի ընթացքին տեղի ունեցած գեղարուեստական յայտագիրի ընթացքին, բացայայտօրէն ծաղրուեցան եւ անարգուեցան կրօնական խորհրդանիշներ, յատկապէս քրիստոնէական, որով բացման հանդիսութեան կազամակերպիչները մարմնացուցած էին Տէր Յիսուսի Իր աշակերտներուն հետ ունեցած Վերջին Ընթրիքը, բայց ծայրայեղ սանձարձակ կերպով, միաժամանակ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն զգացումները վիրաւորող եւ ընդվզումը յառաջացնող:

ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. ո՜վ բանաստեղծ, կ՚ուզես պալատները իրենց տէրերուն գլուխի՞ն փլել:
Պատասխան. ո՛չ, պարզապէս հառաչել կ՚ուզեմ անոնց պարիսպներուն դիմաց:

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ կու տայ խոնարհութիւնը մարդուն:
Պատասխան.
Նախորդող մեր այս շարքին մէջ մի քանի անգամ անդրադարձած ենք խոնարհութեան, առաջնորդուելով Սողոմոն Իմաստունի բազմիցս խոնարհութեան մասին անդրադառնալուն վրայ: 

ՅՈՒՇԸ ԻԲՐԵՒ ՀԻՄՔ. ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆԱՑՈՒՄ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Կը փնտռենք յուշեր, որոնք, հաւանաբար, մասամբ կամ լիակատարօրէն մեզի ալ չեն պատկանիր: Հոն է հիմքը ապրուածութեան, երբ միայն քուկդ մաս չի կազմեր, այլեւ յուսալի ու ամենակուլ տիրականութիւն վերածելու անձը իրական եւ ոչ միայն տեսողական տիեզերքի լինելութեան:

ԹՈՅԼ ՕՂԱԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔՈՎ…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստան չի կրնար դուրս մնալ՝ Մերձաւոր Արեւելք-Հարաւային Կովկաս-Կեդրոնական Ասիա եռանկիւնի տարածաշրջանային «եղանակի կանխատեսումներէն»:
Էրտողան-Էսատ հաւանական հանդիպման ընդառաջ Անգարա կը ձգտի, որ Դամասկոս թէեւ մնայ ուրուական, սակայն, ստանայ անուանական օրինականութիւն: Սուրիա չի կրնար Ռուսաստանի հաւանութիւնը ստացած չըլլալ՝ Թուրքիոյ վերաբերեալ պահանջներու պարագային: Դաշտի վրայ դերակատարներու համախոհութիւնը կը սահմանափակէ ԱՄՆ-ը, որ ընթացքին վրայ կրնայ ազդել՝ «ներսէն պայթումներով»:
 

«Վերջին Ընթրիք»ը՝ Ընդվզո՞ւմ, թէ Զգաստութիւն

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Փարիզի մէջ Ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայացուած Քրիստոսի «վերջին ընթրիք»ի պատկերը յառաջացուց ընդվզումի մեծ ալիք մը՝ քրիստոնէական շրջանակներու մէջ։

ՇՈՒՆՇԱՆՈՐԴԻ ԿԱՏՈՒ…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Տասնեւութ հոգիով սկսաւ մեր պարախումբը, ինն զոյգ էինք եւ աննման պարուսոյց մը՝ Սասունը…
Անունը Գէորգ էր, բայց Սասուն կը կանչէինք, ո՛չ միայն որովհետեւ սասունցի էր, այլեւ Գէորգներու շարք մը ունէինք եւ զանազանելու համար մէկը միւսէն, իւրաքանչիւրը իրեն յարմար անունով մը կնքած էին։

ԱԿՆԱՐԿ - 77 - ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ակնարկի անցնող մեր չորս սիւնակներով, մեր ձեռքին տակ ունենալով Մուշեղ Եպիսկոպոս Սերոբեանի «Վաղուան հոգին» գրքոյկը, յաջորդաբար անդրադարձանք հոգեւորականութեան, դաստիարակութեան, դաստիարակի ու դպրոցի, ընտանիքի եւ պետութեան մասին:

ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ուսանող մը. Նազէք ալ-Մալաիքէին1 «Քարարադ ալ-մաուճա - ալիքի լուծումները» հատորը ունի՞ք:
Վաճառողը. ունիմ՝ «ինչպէ՛ս ալիքը թիավարել» հատորը:
Ուսանողը. ո՞վ է հեղինակը:
Վաճառողը. արաբ ամենէն նշանաւոր գրողներէն ու բանաստեղծներէն մէկը:

Էջեր