Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ԲԱՐԵԼԱՒՄԱՆ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼՆԵՐ
Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս իրավիճակի բարելաւման նախադրեալներ կան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու Մոսկուայի ժողովին ընթացքին Շոյկու նշեց, որ թէեւ տարածաշրջանի իրավիճակը կը շարունակէ մնալ բարդ, սակայն անոր բարելաւման նախադրեալները կան։ Ռուս նախարարի խօսքով՝ այդ բանը կը խոչընդոտեն արտաքին խաղացողները եւ առաջին հերթին արեւմտեան երկիրները, որոնք, մեղմ խօսքով, ոչ-բարեացակամ նպատակներ կը հետապնդեն։ «Սա կրկին կը հաստատէ, թէ տարածաշրջանային խնդիրներուն անհրաժեշտ են տարածաշրջանային լուծումներ», ըսաւ ան։
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2024