ՎԱՌ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու պարագային, մեծ հաշուով, սպասում խնդրոյ առարկայ է։ ԱՄՆ-ի մէջ նախագահի ընտրութիւնը արդէն վերջացաւ։ Յառաջիկայ տարեմուտին Տանըլտ Թրամփ պիտի վերադառնայ Սպիտակ տուն։
Ինչպէս ամբողջ աշխարհը, նոյնն է պարագան Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին, որ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի ԱՄՆ-ի քաղաքական գործընթացներուն։ Անշուշտ, Հայաստանի պարագային շատ չէ թիւը անոնց, որոնք մեծ մանրամասնութիւններ գիտեն ամերիկեան խաղին կամ այդ երկրի քաղաքական խորապատկերի հիմնական առանցքներուն մասին։ Այդպէս է պարագան նաեւ Հայաստանի շրջապատի երկիրներուն, որոնց հասարակութիւններուն համար (ինչպէս հայկականի պարագային) կան որոշակի կարծրատիպեր եւ նոյնիսկ նախապաշարումներ։ Մեծ հաշուով, այս հետաքրքրութիւնը կապուած է Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւններով, տեսակէտներով ու մօտեցումներով, որոնք տարբեր ձեւաչափերով, տարբեր հանգամանքներով ու շարժառիթներով դիմակ կը փոխեն։
ԱՄՆ մեծ խաղացող մըն է ու հակառակ առկայ տեսակէտներուն, թէ այսօր աշխարհ կը պատրաստուի դուրս գալու միաբեւեռ վիճակէն եւ կը պատրաստուի մտնել բոլորովին նոր փուլ մը, գետնի վրայ իրականութիւնը ամբողջութեամբ այդպէս չ՚երեւիր։ Անշուշտ, ամբողջ մարդկութեան համար շատ աւելի նպաստաւոր կրնար ըլլալ այն դրոյթը, որուն շնորհիւ ալ աշխարհ օր մը պիտի կառավարուի ոչ-միահեծան կերպով, սակայն, իրականութիւնները չթաքցնելու համար հարկ է կրկին շեշտադրել, որ ներկայ փուլին ԱՄՆ կը շարունակէ ըլլալ աշխարհի թիւ մէկ գերտէրութիւնը։ Այս բոլորին զուգահեռ, ԱՄՆ-ի ընտրութիւններուն արդիւնքով ստեղծուած իրավիճակը, մեծ հաշուով, կարեւոր փուլ մը պիտի հանդիսանայ։
Նախ, ամերիկեան ներքին առումով, ապա կապուած Մերձաւոր Արեւելքի, Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի, Չինաստանի հետ դիմակայման եւ վերջապէս Եւրոպայի նոր դերակատարութեան յստակեցման հետ։
Այստեղ նշուած իւրաքանչիւր օրակարգը իր մէջ ունի յաւելեալ ճիւղեր եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ծանրացած է աւելի մանր, սակայն, յաճախ ալ պայթիւնավտանգ բաղադրիչներով։
Ու այստեղ է, անշուշտ, որ ի յայտ կու գայ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի վառ ուշադրութիւնը, որովհետեւ Հարաւային Կովկասի վիճակին համար, այսօր ԱՄՆ կը համարուի Հայաստանի անվտանգութեան հիմնական հովանաւորներէն մին, եթէ ոչ հիմնականը։ Քիչ մը զարմանալի է այս մօտեցումը սեղանի վրայ դնելը, որովհետեւ Երեւան պաշտօնապէս կը շարունակէ մաս կազմել Արեւելեան պլոքին, կ՚անդամակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիր կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ), աշխոյժ մէկ անդամն է Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) ու տարբեր ոլորտներու մէջ կը շարունակէ հանդիսանալ Ռուսաստանի եւ անոր համակիրներու ակումբի ամենահին անդամներէն մին։ Այս բոլորը ճշմարտութիւններ են ու հակառակ անոնց՝ օգտուելով Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին ընթացքին Ռուսաստանի եւ անոր դերի նահանջէն՝ ԱՄՆ փորձեց ու դեռ ալ կը շարունակէ փորձել՝ տիրական նոր դեր մը ունենալ Հարաւային Կովկասի մէջ։
Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն առընթեր, ի հարկէ, կան մի քանի երեւալի երեսակներ, սակայն, միւս կողմէ կայ նաեւ որոշ պղտորութիւն եւ հարցադրական մթնոլորտ մը, թէ ԱՄՆ պիտի շարունակէ՞ նեցուկ կանգնիլ Հայաստանի անվտանգութեան եւ ապահովել զայն։ Անշուշտ, երբ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի անվտանգութեան, պէտք է մտաբերել «Զանգեզուրի միջանցք»ի խնդիրը, որու պարագային զարմանալիօրէն համակարծիք են երկու ոխերիմ հակառակորդները՝ ԱՄՆ եւ Իրան։ Այդ միջանցքին բացուիլը ո՛չ Իրանին ձեռնտու է, ո՛չ ալ ԱՄՆ-ին։ Ըստ երեւոյթին, անոնք այս առումով Ատրպէյճան-Նախիջեւան ցամաքային ճանապարհի մը մատուցման շուրջ ունին յստակ եւ հասկնալի ժխտական հայեացքներ։ Ու հոս է նաեւ մեծ հարցադրումը, որ կապուած է ո՛չ միայն ԱՄՆ-ի ընտրութիւններուն հետ, այլեւ այն դիտարկմամբ, թէ արդեօք աչքերէ հեռու Թեհրան-Ուաշինկթըն բանակցութիւնները ի՞նչ արդիւնք կ՚ունենան։
Այս բոլորը դիտարկելէ ետք ու կերպով մըն ալ հաշուի նստելով Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու նախապատմութեան հետ՝ կարելի է եզրակացնել, որ Երեւանի հետ Ուաշինկթընի այժմու յարաբերութիւնները ունին նոր որակ մը, սակայն, սա երբեք չի նշանակեր, որ Հայաստան ուղղակիօրէն մտած է ամերիկեան ուղեծիրին մէջ։ Պէտք չէ մոռնալ, որ ամերիկացիներուն համար դէպի Արեւմտեան պլոք թեքումի մը խնդիրը պայմանաւորուած է Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացմամբ։ Բայց եւ այնպէս, այս ժամանակներուն այդ մէկը եւս խոցելի է, որովհետեւ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Թուրքիոյ մէջ միջոցէ մը ի վեր անհամբերութեամբ կը սպասէին, թէ ո՛վ պիտի ըտրուէր ԱՄՆ-ի նոր նախագահ։ Հետեւաբար, Թրամփի ընտրութիւնը յառաջիկայ շրջանին աստիճանաբար յստակութիւն կրնայ ապահովել կուտակուած հարցականներուն։
Ի դէպ, ԱՄՆ-ի ընտրութիւններուն եւ հայկական կողմի ակնկալութիւններուն մասին ուշագրաւ տեսակէտներ արտայայտած է յայտնի վերլուծաբան Սուրէն Սարգսեան։ «Հայաստանի համար լաւ պիտի չըլլայ ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութեան որեւէ արդիւնք», համոզուած է ան։ Վերլուծաբանը կը յիշեցնէ, որ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը Հայաստանի մէջ անկախութենէն ի վեր աշխուժացած է առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային:
Ան կը յիշեցնէ, որ Պիլ Քլինթընի վարչախումբը դրական կ՚ընկալէր Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի դիրքորոշումը եւ աշխուժօրէն կ՚աջակցէր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հարցով: Հայաստանի հետ աշխատանք տարուած էր նաեւ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտօնավարութեան օրօք՝ մանաւանդ Քի-Ուեսթի ծրագիրով։ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի աշխուժութեան երրորդ շրջանը Սերժ Սարգսեանի օրօք էր՝ Երեւան-Անգարա ֆութպոլային դիւանագիտութեան, որ Պարաք Օպամայի վարչախումբի ժամանակներուն էր։ Տանըլտ Թրամփի վարչախումբը Հայաստանով գրեթէ չէ զբաղած, որովհետեւ ԱՄՆ արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններ ունէր այլ տարածաշրջաններու մէջ։ Նոյնիսկ բարձր մակարդակի վրայ շփումներ չեն եղած։ Թրամփի վարչախումբին հետ միակ շփումը փոխ-նախագահ Մայքըլ Փենսի հեռախօսազրոյցն էր Սերժ Սարգսեանի հետ՝ Հայաստանի յեղափոխութենէն ամիսներ առաջ:
Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք (2020 թուական) արեւմտեան ուժերը կրկին զգալիօրէն աշխուժացած են տարածաշրջանին մէջ, ինչ որ պայմանաւորուած է երկու գործօնով։
Առաջին հերթին, Ռուսաստանի ուշադրութիւնը շեղած է Ուքրայնայի տագնապին բերումով, իսկ «սուրբ տեղը դատարկ չի մնար»։ Երկրորդ` ամերիկացիները կը տեսնեն, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է ամէն զիջում ընելու՝ միայն թէ ամէն ինչ լաւ ըլլայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ։
ԱՄՆ գործողութիւններուն մէջ կ՚առաջնորդուի տարածաշրջանային, այլ ո՛չ թէ հայ-ամերիկեան օրակարգով։ Ճօ Պայտընի վարչակազմի եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ բարձր մակարդակի որեւէ շփում չէ եղած: Սա անգամ մը եւս կ՚ընդգծէ ԱՄՆ-ի տարածաշրջանային օրակարգը, որ առաջին հերթին շահագրգռուած է Հարաւային Կովկասի մէջ ռուսական ազդեցութեան թուլացմամբ, այլ ո՛չ թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացմամբ: Հայաստանը պէտք չէ ինքզինք խաբէ ԱՄՆ-ի նախագահի ընտրութեան արդէն իսկ յայտնի արդիւնքներու հաւանականութիւններով։
«Չեմ գիտեր՝ ո՛ր մէկն է աւելի լաւը. աշխուժօրէն զբաղի՞լ Հայաստանով, ինչպէս Պայտընը, թէ՞ նուազ ուշադրութեամբ, կրաւորականօրէն՝ ինչպէս Թրամփը։ Յամենայնդէպս, Թրամփի ժամանակ մենք կորսնցուցինք Ղարաբաղը, իսկ Պայտընի ժամանակ «եղաւ այն ինչ, որ եղաւ»։ Այնպէս որ, սկզբունքօրէն, այս առումով մեզի համար ամէն պարագայի յարմար նորութիւն մը դժուար է ակնկալել», կը կանխատեսէ վերլուծաբանը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան