ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ՎԵՐՍՏԻՆ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԷ ԱՄՆ-Ի ՂԵԿԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւն, որու հիման վրայ Տանըլտ Թրամփ վերստին կը ստանձնէ երկրին ղեկը։ Համայն աշխարհի անմիջական ուշադրութեան պայմաններուն ներքեւ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւնը։ Դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած այժմու փոխ-նախագահ Քամալա Հարիսի դիմաց՝ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ հասաւ առաւելութեան։ Հարցախոյզներու արդիւնքները թէեւ երկու թեկնածուներու ժողովրդականութիւնը գրեթէ հաւասար ցոյց կու տային, սակայն, գործնականին մէջ տարբեր կացութիւն մը ստեղծուեցաւ։
Թէեւ տակաւին պաշտօնական վերջնական արդիւնքները չեն հրապարակուած, սակայն, քուէահամարի ընթացքը կու գայ ապացուցանել, որ Տանըլտ Թրամփ ընտրութենէն յաղթական դուրս եկած է։ Ըստ վերջին լուրերուն, Թրամփ արդէն յայտարարած է իր յաղթանակին մասին՝ նշելով, որ ԱՄՆ-ի 47-րդ նախագահը դարձած է։
Ըստ ԱՄՆ-ի համակարգին, ընտրիչներու ժողովը պէտք է ընտրէ նախագահը։ Այդ հարթութեան վրայ անհրաժեշտ է առնուազն 270 քուէ ունենալ, իսկ Թրամփ այժմէն արդէն այդ շեմը աւելիով գերազանցած է։ Այն նահանգներուն մէջ, ուր քուէահամարը տակաւին կը շարունակուի, Թրամփ նոյնպէս առաջատար դիրքի վրայ է։
Այսպէսով, թէ՛ ԱՄՆ-ի եւ թէ համայն աշխարհի տեսակէտէ կը սկսի նոր շրջան մը՝ քանի Տանըլտ Թրամփ լրջօրէն կը հակադրուի միջազգային համակարգի նախընթացներուն։ Ան այդ գիծը որդեգրած էր իր առաջին պաշտօնավարման շրջանին եւ այժմու նախընտրական փուլին ալ հանդէս եկած էր համապատասխան խօսոյթով։
Կը հաղորդուի, որ ընկերային ցանցերու վրայ Թրամփը արդէն իսկ շնորհաւորած է՝ Եւրոմիութեան շրջանային նախագահ երկրի՝ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան, որ տարակարծութիւններու մէջ է Պրիւքսէլի հետ։