ԺԸՆԵՒԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՒՍՄԱՆՑ 50-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ժընեւի համալսարանի հայկական ուսմանց 50-ամեայ յոբելեանը պիտի նշուի յառաջիկայ շաբթուան մէջ։ Այսպէս, նոյեմբերի 13-ին, Ժընեւի համալսարանին մէջ, այս յոբելեանին առթիւ նախատեսուած է կլոր սեղան մը՝ «Պատմութիւն, սիներժի եւ մարտահրաւէրներ» խորագրին ներքեւ։ Ժընեւի համալսարանի գրականութեան ֆաքիւլթէէն ներս կը գործէ հայկական ուսմանց այս միաւորը, որու գլուխը կը գտնուի յայտնի գիտնական մը՝ Վալենթինա Քալցոլարի։
Հայկական հետազօտութիւններու կեդրոնի 50-ամեակին ձօնուած կլոր սեղանի ատենախօսները պիտի ըլլան՝ Վալենթինա Քալցոլարի, Քորին Ամաշէ, Եասմինա Ֆէօհըր-Եանսէ։ Ծրագրին պիտի մասնակցին՝ Լորենցօ Քոլոմպօ, Պիւշրա Տէօնէր, Արմէնուհի Մկրտիչեան, Սարա Սքարփելլինի եւ Էմիլիանօ Զանելլի։ Բաց աստի, յոբելեանին առթիւ ելոյթներ պիտի ունենան շարք մը դէմքեր, որոնց կարգին պիտի ըլլան ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնին մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Անդրանիկ Յովհաննիսեան եւ զուիցերահայ յայտնի գործիչ Վահէ Կապրաշ։
1974 թուականին, Ժընեւի համալսարանէն ներս հիմնուած է հայկական ուսմանց կեդրոնը, որ Եւրոպայի այն սակաւաթիւ վայրերէն է, իսկ Զուիցերիոյ մէջ միակը, ուր ուսանողները հայագիտութեամբ կրնան զբաղիլ՝ պաքալորէայի, մասթըրի կամ տոքթորայի մակարդակով։ Ամբողջական այս դասընթացքները կ՚ընդգրկեն թէ՛ հին եւ թէ արդի ժամանակաշրջանները։ Անոնք հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն վերանորոգ եւ զարգացող ձեւով մը հետեւելու հայոց լեզուին ու մշակոյթին՝ ձգուած շուրջ մէկուկէս հազարամեակի վրայ։
Այլ բազմաթիւ դասընթացքներ, որոնք հաւասարապէս բաց են ուսանողներուն համար, տարբեր գիտական ճիւղերու մէջ եւ տարբեր կաճառներէ ներս (մանաւանդ՝ Կլոպալ հետազօտութիւններու կաճառը) բոլորին հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն հայոց լեզուն սորվելու եւ հայերէնի գիւտը ընելու զանազան չափումներով կամ առանձնայատկութիւններով՝ մանաւանդ պատմութեան եւ գրականութեան կտրուածքով։ Հայոց արդի պատմութիւնը կ՚ընձեռէ առանձին տեսանկիւն մը՝ ներթափանցելու համար Միջին Արեւելքի պատմութեան կարգ մը երեսակներուն, նոյնպէս Կովկասի եւ Ռուսաստանի պարագային։ Աւելին, հայկական փորձառութիւնը կը դիւրացնէ ընկալումը մշակոյթներու եւ արհեստներու կերպարանափոխութիւնն ու փոխանցումը՝ սկսեալ Միջնադարէն, մինչեւ աւելի վաղ ժամանակաշրջաններ։
Ժընեւի համալսարանի հայկական հետազօտութիւններու կեդրոնի 50-ամեայ յոբելեանը հիանալի առիթ մը կը համարուի վերարժեւորելու համար անոր պատմութիւնը, լուսարձակի տակ բերելու համար անոր պայմանաւորած սիներժին եւ, անշուշտ, մտածելու համար առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ։