Լրահոս

ՀԲԸՄ-ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Եւ­րո­պա­յի մաս­նա­ճիւ­ղին հա­մար պաշ­տօ­նի կո­չուե­ցաւ նոր վար­չու­թիւն մը։ ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նի կող­մէ նշա­նա­կուած վար­չու­թիւ­նը պաշ­տօ­նի կո­չուած է Մար­տի 1-ի դրու­թեամբ։

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՏՄ-Ի ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀՆԵՐ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ թեք­նիկ ա­ջակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նագ­րի մը նա­խա­գի­ծը պատ­րաս­տուած է՝ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) ան­դա­մակ­ցու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի շրջա­նակ­նե­րէն ներս։

ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

 Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւնները յարատեւ վերելք կ՚արձանագրեն վերջին երկու տասնամեակներուն:
 Երեւանի եւ Փեքինի քաղաքական իրերանման մօտեցումները կը խրախուսեն նաեւ առեւտրատնտեսական գործընկերութիւնը:

ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ… ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐԸ

Մինչ կ՚ընթանայ Սթրազպուրկի դատավարութիւնը, «Հիւրրիյէթ»ի մէջ ուշագրաւ հարցազրոյց մը:
«Վաթան» կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչէք. «Եթէ հարցը թուրք-հայ կռիւի վերածէինք, ապա չէինք կրնար դատը շահիլ։ Ազգայնականները չէին կրնար արձանագրել այս յաջողութիւնը»:

ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան նա­խըն­թաց օր տե­սակ­ցե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Թիւրք­մե­նիս­տա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պան Մու­հա­մետ­նիազ Մա­շա­լո­վի հետ, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մագ­րե­րուն կրկնօ­րի­նակ­նե­րը։

ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔԱՆՊԵՐԱՅԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Աւստ­րա­լիա։ Քան­պե­րա­յի մէջ ան շփում­ներ ու­նե­ցաւ տեղ­ւոյն ղե­կա­վա­րու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

ՍԱՀՄԱՆԻ ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՊԱՏՃԱՌ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ լա­րուած մթնո­լոր­տը կը մնայ առ­կայ։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, վաս­տա­կա­ւոր զօ­րա­վար Ար­քա­տի Տէր-Թա­դէո­սեան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծի վրայ առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան դրդա­պատ­ճառ­նե­րուն շուրջ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ԲԱՆԱՁԵՒ ՄԸ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՎ ՃԱՆՉՑԱՒ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ՊՈՆՏՈՍԻ ՅՈՒՆԱՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը ե­րէկ ըն­դու­նեց բա­նա­ձեւ մը, ո­րով ճանչ­ցաւ 1915-1923 թուա­կան­նե­րուն Օս­մա­նեան պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րէն ներս ապրուած ա­սո­րի­նե­րու եւ Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։

Էջեր