ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ… ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐԸ
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի մէջ սիւնակագիր Ահմէտ Հաքանի «Չորեքշաբթիի զրոյցներ»ու այսօրուան հիւրը եղած է «Վաթան» կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչէք։ Ահմէտ Հաքան բազմաբնոյթ նիւթերու շուրջ շօշափած է իր զրուցակցին՝ Տողու Փերինչէքի տեսակէտները։ Ծանօթ է, որ Տողու Փերինչէք ներկայիս դարձեալ հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած է՝ Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի հետ ունեցած հանդիպման բերումով։
Հարցազրոյցին մէջ Ահմէտ Հաքան Տողու Փերինչէքի կարծիքը շօշափած է նաեւ հայկական հարցին շուրջ։ Ծանօթ է, որ իր գործը ներկայիս վերատեսութեան կ՚ենթարկուի Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանի (ԵՄԻԱ) Մեծ պալատին մօտ։
Ահմէտ Հաքան առաջին հերթին հետեւեալ հարցումը ուղղած է Տողու Փերինչէքին. «Կարգ մը արեւմտեան երկիրներ սահմանեցին «Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման յանցագործութիւն» մը։ Դուք ալ պայքարեցաք անոր դէմ։ Գացիք այդ տեղերը եւ գործեցիք այդ յանցանքը։ Հետաքրքիր եմ գիտնալու, թէ ձեր կողմէ ղեկավարուած երկրի մը մէջ անձ մը ազատօրէն պիտի կարենա՞յ ըսել, թէ «տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը»»։
Ի պատասխան, Փերինչէք յայտնած է, թէ իրենց կողմէ ղեկավարուելիք Թուրքիոյ մէջ ազատօրէն պիտի կարենան խօսիլ անոնք, որոնք կ՚ըսեն, թէ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Արդէն այս պահուն ալ անոնք կը խօսին ազատօրէն։
Այս նիւթին կապակցութեամբ Ահմէտ Հաքանի երկրորդ հարցումը եղած է այն, թէ այդ ուրացման յանցանքը գործելէ վերջ ԵՄԻԱ-ի կողմէ աջակցութիւն ցոյց տրուած է Փերինչէքին։ Պատասխանելով այս հարցման Փերինչէք նշած է, թէ իրենք յաղթանակ մը տարած են։ «Ազգայնականները չէին կրնար յաջողիլ այս բանը։ Հարցը թուրք-հայու կռիւի վերածելով այսպիսի յաջողութիւն մը չ՚արձանագրուիր։ Մենք այս դատին մէջ հայոց ուղղեալ թոյզն իսկ վիրաւորանք մը չըրինք։ Ուշադրութիւն ցուցաբերեցինք զանոնք չվիրաւորելու համար, նոյնիսկ ունեցանք զանոնք պաշտպանող արտայայտութիւններ։ Օրինակի համար ըսինք, թէ սա ծաւալապաշտ սուտ մըն է։ Պայքարը դրինք կարծիքի ազատութեան հունին մէջ», մատնանշած է Տողու Փերինչէք։
Ահմէտ Հաքան յիշեցուցած է, թէ յամենայնդէպս Տողու Փերինչէք արդար դասուած է արտայայտութեան ազատութեան նման եւրոպական արժէքի մը շնորհիւ։ Այս կապակցութեամբ ան ըսած է, թէ այդ արժէքները չեն պատկանիր Եւրոպային, այլ՝ համամարդկային են ու միջազգային։
Իսկ եթէ սուտ է Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա ի՞նչ պատահած է 1914-ին։ Ահմէտ Հաքանի այս հարցման ի պատասխան նշած է, թէ բոլոր փաստաթուղթերը կ՚ապացուցանեն, թէ փոխադարձ կոտորածներ տեղի ունեցած են։ Ան այդ փաստաթուղթերու շարքին թուարկած է ռուսական ցարութեան դատարաններու տեղեկագրերը։ Ըստ Փերինչէքի սա թուրքերուն կողմէ կատարուած միակողմանի կոտորած մը չէ։ Ան մէջբերած է նաեւ Զիյա Կէօքալփի բանաձեւումը, ըստ որու փոխադարձ սպանդներ պատահած են։
Աւելի վերջ Ահմէտ Հաքան ըսած է, թէ այդ բանաձեւումը ընդունելի կրնայ ըլլալ զինեալ հայոց եւ թուրք զինուորներու միջեւ պատահած դէպքերուն համար։ Բայց եւ այնպէս, դէպքերուն ընթացքին սպաննուած են քաղաքային հայեր, որոնց ձեռքը զէնք չկար։ Տեղահանութեան որոշման հետեւանքով անոնք կը մահանան ճանապարհին։ Ինչպէ՞ս բացատրել այս երեւոյթը։
Այս կապակցութեամբ Տողու Փերինչէք նշած է, որ երբեք չեն ուրացած այս հանգամանքը, ինչ որ գործօն մը հանդիսացած է՝ ԵՄԻԱ-ի մօտ դատը շահելու ուղղութեամբ։ «Եթէ ուրանայինք, ապա չէինք կրնար շահիլ», ըսած է Փերինչէք։
Այս կէտին վրայ Ահմէտ Հաքան աւելցուցած է հետեւեալը. «Ի՛նչ բանն է, որ չէք ուրացած»։ Ի պատասխան Փերինչէք նշած է հետեւեալը.
«Փոխադարձ կոտորածներ ապրուեցան։ Քաղաքային բնակչութիւնն ալ սպաննուեցաւ։ Բայց այդ բոլորի պատասխանատուները արդէն դատուեցան։ Օսմանեան պետութեան կողմէ հիմնուած դատարաններուն կողմէ շուրջ հարիւր անձ մահապատիժի ենթարկուեցաւ։ Տեղահանութեան ընթացքին պատահեցաւ, որ մեր հայ եղբայրներու ստացուածքին ձեռք դրուի։ Բայց ի՞նչ է այս երեւոյթին պատճառը։ Այդ ժամանակ ծաւալապաշտ ծրագիր մը կար՝ Օսմանեան պետութիւնը բաժնելու համար։ Սա Ցարական Ռուսաստանի, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի ծրագիրն էր։ Անոնք են նաեւ հայկական հրոսախումբերու կազմակերպողները։ Լենինի «Ծաւալապաշտութիւն» գիրքին մէջ նշուած է, թէ Ցարական Ռուսաստանը կը կազմակերպէր հայկական հրոսախումբեր, որպէսզի զանոնք յառաջ քշէր պատերազմի ընթացքին ու բաժնէր Օսմանեան պետութիւնը»։
Ահմէտ Հաքանի հայկական հարցին վերաբերեալ վերջին հարցումը եղած է այն, որ միթէ կարելի չէ՞ր առանց տեղահանութեան այս հարցը լուծել։ Փերինչէք պատասխանած է ըստ հետեւեալի.
«Առանց տեղահանութեան որոշումը առնելու, անկարելի էր մղել Անկախութեան պատերազմը»։