ԴԵՐԱՍԱՆԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ դե­րա­սան Կա­րէն Ջա­նի­բէ­կեա­նի վեր­ջին հրա­ժեշ­տը։ Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ռըն­թեր, դա­գա­ղը զե­տեղուե­ցաւ նաեւ դե­րա­սա­նի աշ­խա­տած թատ­րո­նի մուտ­քաս­րա­հին։ Այս առ­թիւ իր ա­րուես­տի հա­մա­կիր­նե­րը դա­գա­ղը շրջա­պա­տե­ցին ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար ի­րենց վեր­ջին յար­գան­քը։ Այս­տեղ եւս ա­ղօթք մա­տու­ցուե­ցաւ հան­գու­ցեալ դե­րա­սա­նի հոգ­ւոյ խա­ղա­ղու­թեան հա­մար, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ՝ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեա­նի։ 

Դերասան Կա­րէն Ջա­նի­բէ­կեա­նի վեր­ջին հրա­ժեշ­տին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան, որ վշտակ­ցե­ցաւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ դե­րա­սա­նի ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն։

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2015