ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Չինաստանի մէջ։ Երեւանի եւ Փեքինի համագործակցութեան տեսանկիւնէն կարեւոր հանգրուան մըն է այս մէկը։ Չինաստան ներկայիս աշխարհի խոշորագոյն տնտեսութիւններէն մին է եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները տարուէ տարի կ՚ամրապնդուին քաղաքական, տնտեսական եւ առեւտրային բնագաւառներէն ներս։
Մեկնաբաններ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն այն հանգամանքին վրայ, թէ Չինաստանի հետ Հայաստանի առեւտրաշրջանառութիւնը այսօր կը մօտենայ շուրջ 600 միլիոն ամերիկեան տոլարի։ Հայաստանի արտաքին առեւտուրի շուրջ 10 տոկոսը կ՚իրականացուի Չինաստանի հետ։ Վերջին մէկ տարուան ընթացքին Հայաստան երկուքուկէս անգամ աւելցուցած է արտածման ծաւալները դէպի Չինաստան։ Շուրջ 8 տոկոսով աւելցած է նաեւ Չինաստանէն Հայաստան ներածումը։
Առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը պայմանաւորուած է նաեւ քաղաքական գործօններով։ Երեւանի եւ Փեքինի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած են 1992 թուականին եւ այդ ժամանակէն ի վեր Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն շարքին մաս կազմած է Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը։ Պատահական չէ, որ Ասիոյ տարածքաշրջանէն ներս Հայաստան Փեքինի մէջ հիմնած է իր առաջին դեսպանութիւնը։ Վերջին շուրջ քսան տարիներուն ընթացքին երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացած են բաւական աշխոյժ։ Երեւանի եւ Փեքինի միջեւ ստորագրուած են շարք մը միջկառավարական համաձայնագրեր՝ տնտեսական, առեւտրային, մշակութային, զբօսաշրջութեան եւ այլ բնագաւառներու զարգացման առաջադրութեամբ։ Մեկնաբաններ կը մատնանշեն, թէ միջազգային եւ տարածքաշրջանային հարցերու կապակցութեամբ հայկական եւ չինական կողմերը ունին իրերանման մօտեցումներ։ Այս բոլորը արդէն կու գան ապացուցանել, թէ Հայաստանի եւ Չինաստանի քաղաքական յարաբերութիւններուն մէջ չեն ապրուիր անհամաձայնութիւններ կամ տարաձայնութիւններ, ինչ որ քանիցս ընդգծուած է ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ամէն տարի Չինաստանի կառավարութեան կողմէ մեծածաւալ ելմտական օժանդակութիւն կը կատարուի Հայաստանի համար։ Այս շրջագծէն ներս է, որ Երեւանի մէջ կը գործեն Չինաստանի մէջ արտադրուած օթօպիւսներ եւ շտապօգնութեան ինքնաշարժներ։
Թէեւ այսօր վերջին երկու տասնամեակներու կտրուածքով հաշուեյարդար մը կը կատարուի, սակայն իրականութեան մէջ հայ-չինական առեւտրային յարաբերութիւնները ունին պատմական խոր արմատներ։ Վկայութիւններ պահպանուած են այն մասին, թէ տակաւին Նախքան Քրիստոս հայերը առեւտուր ընելու համար կ՚ուղեւորուէին դէպի Չինաստան։ Հայերը Չինաստանէն կը գնէին մետաքս եւ ճենապակի, իսկ Չինաստանին կը վաճառէին դեղաբոյսեր, բնական ու հանքային ներկեր եւ որդան կարմիր։ Պատմականօրէն հաստատուած այդ յարաբերութիւնները այսօր ալ ունին իրենց դրսեւորումները։ Հայաստանէն Չինաստան կատարուած արտահանման մէջ յառաջատար դեր կը խաղայ հանքանիւթի մատակարարումը։ Արտածուող ապրանքատեսակներու շարքին կը գտնուին հագուստեղէնն ու կօշիկները, մեքենաշինական ու քիմիական արտադրանք, շինանիւթ, սննդամթերք, սարքաւորումներ եւ այլ ապրանքներ։
Ներկայիս Չինաստան միջազգային քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան մէջ ունի իր հաստատուն տեղը։ Մասնագէտներու կանխատեսումներով՝ ան իր տնտեսական ներուժով յառաջիկայ քսան տարիներուն ընթացքին կրնայ գերազանցել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Չինաստան ներկայիս կը համարուի աշխարհի երկրորդ տնտեսութիւնը։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Փեքինի մէջ քննարկումներ կը ծաւալէ իր չինացի պաշտօնակցին՝ Սի Ծինփինի հետ։ Շաբաթավերջին ան կը մասնակցի նաեւ ասիական հեղինակաւոր Պոայոյի միջազգային համաժողովին։