Լրահոս
ՀԱՐՍՏԱՀԱՐՄԱՆ ՀԱՐՑԸ
ՊՈՒՔՐԷՇԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ԱՅՑԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր շրջագայութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Տաճիկիստան եւ Խրղըզիստան։ Ուղեւորութեան առաջին հանգրուանը կը հանդիսանայ Տուշանպէն։ Աշխատանքային այցելութեան շրջագծով Նալպանտեան Տաճիկիստանի մայրաքաղաքին մէջ կը մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։
ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ՇԷՆՔԻՆ ՎՐԱՅ ԶԻՆԵԱԼ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Իսթանպուլի մէջ երէկ դարձեալ ապրուեցաւ բռնութեան դէպք մը։ Մինչ բովանդակ երկիրը նախընթաց օր Իսթանպուլի Արդարադատութեան պալատին մէջ ապրուած դէպքերուն բերումով բռունցքի մը վերածուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ, երէկ ալ յարձակում մը գործուեցաւ Իսթանպուլի Անվտանգութեան տնօրէնութեան վրայ։ Իրերայաջորդ այս երկու դէպքերը պատճառ դարձան, որ ահաբեկչութիւնը հերթական անգամ անիծուի։
ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ներկայացուցիչները երէկ Վիեննայի մէջ քննարկումներ կատարեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ։
3300 ՏԱՐՈՒԱՆ ՍՐԲԱՎԱՅՐԵՐ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ
Հնագէտները Հայաստանի մէջ շուրջ 3300 տարուան անցեալ ունեցող երեք սրբավայր յայտնաբերած են: Ըստ «International Business Times»ի, փորձագէտներուն կարծիքով՝ Գեղարօտի բլուրին գագաթը գտնուող ամրոցին մէջ յայտնաբերուած սրբավայրերը ժամանակուան իշխողներուն կողմէ կը գործածուէին` ապագան կանխատեսելու համար:
ՆՈՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Հետազօտութեան 100 տարի» քառօրեայ գիտաժողովի լոյսին տակ:
Ըստ Էտհէմ Էլտէմի, տարբեր պատմագրութիւններու վերջին շրջանի համադրումը յոյս կը ներշնչէ:
ԱՐԻՒՆԱԼԻ ԵՒ ՏՄԱՐԴԻ
Իսթանպուլի Արդարադատութեան պալատին մէջ երէկ ապրուածները ահուսարսափ պատճառեցին բովանդակ երկրին:
Դատախազ Մեհմէտ Սելիմ Քիրազ ութ ժամուան գերեվարութենէ վերջ նահատակուեցաւ ահաբեկիչներուն կողմէ:
ՖՐԱՆՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԳԾՈՎ ԺՈՂՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի Եւրոպայի տարածքաշրջանային բաժանմունքներու նախագահներուն համաժողովը այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Պատուիրակութեան անդամները երէկ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։