ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՔԱՅԼ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչը լքեց իր պաշտօնը:
Պեռնար Շալանտ հրաժարեցաւ հայկական ընտրանիի վերջին շրջանի անբաւարար արդիւնքներուն բերումով:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչը լքեց իր պաշտօնը:
Պեռնար Շալանտ հրաժարեցաւ հայկական ընտրանիի վերջին շրջանի անբաւարար արդիւնքներուն բերումով:
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը թողարկեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ի պահ դրուած Սրբալոյս Միւռոնի կաթսային նուիրուած յուշադրամ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յուշադրամի երեսակներէն մէկուն վրայ պատկերուած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը, որու ներքեւ արձանագրուած է յուշադրամի անուանական արժէքը՝ 1000 դրամ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները Վիեննայի մէջ այսօր քննարկումներ կը ծաւալեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Համանախագահները՝ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսաստան) եւ Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կաս-պըրչիկ կ՚անդրադառնան Արցախի ճակատի բռնութեան նոր դէպքերուն եւ միջնորդական ջանքերուն։ Ըստ Ճէյմս Ուորլիքի, իրենք հակամարտութեան կարգաւորումը պէտք է դարձնեն առաջնահերթութիւն։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ շփումներ ունեցաւ Սլովենիոյ մայրաքաղաքը՝ Լիուպլիանայի մէջ։ Էրտողան, որ այս օրերուն երեք իրերայաջորդ պաշտօնական այցելութիւններ կ՚իրականացնէ, արդէն այսօր շփումներ կ՚ունենայ Սլովաքիոյ մայրաքաղաքը՝ Պրաթիսլաւայի մէջ։
Ռուսաստանի Պետական տումայի նախագահ Սէրկէյ Նարիշքին երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց ռուս բարձրաստիճան խորհրդարանականը։
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան երէկ Ստեփանակերտի մէջ հիւրնկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Գանատայի մասնաճիւղի ատենապետ Շահէ Տանաճեանը եւ ատենադպիր Յակոբ Արսլանեանը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Սլովենիա, Սլովաքիա եւ Ռումանիա։
«Ես ազգայնական չեմ, սակայն կատարուածը ցեղասպանութիւն մըն էր»։
Էթիէն Մահչուպեան վերապահութիւն յայտնեց Չանաքքալէի կարգադրութիւններուն շուրջ։