Թրքահայ կեանք

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Ֆրանսայի Ազգային տօնին՝ 14 յուլիսի առթիւ սարքուած ընդունելութիւնը այս տարի քանի մը օր կանուխ տեղի ունեցաւ։

ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ ԵՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ հանդիսաւորապէս նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։ Այս տարի եւս Վարդավառը առիթ դարձաւ, որպէսզի հաւատացեալները թէ՛ տաղաւարի հրճուանքը ապրին եւ թէ աւանդութիւններու վերապրումով բարձր տրամադրութեամբ համակուին։

ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ պատարագեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արարողութեան ներկայ էին Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։

ԺՊԻՏ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵՑ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱՆՈՑԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներէն Ժպիտ Համբարեան իրաւունք շահած է՝ Իսթանպուլի պետական երաժշտանոցը յաճախելու։

ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ «ԴԷՊԻ ՎԱՐԴԱՎԱՌ»

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Դէպի Վարդավառ» խորագրեալ դասական երաժշտութեան համերգ մը։ «Մենք երգ ենք» երիտասարդական համերգաշարի նախաձեռնութեան շրջանակին մաս կազմեց այս երեկոյթը, որու հանդիսավարն էր Անի Էրտողան։

ՈՉ ԵՒՍ Է ՄԵՐԻ ԶԻՎԷՐ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է երախտաշատ կրթական մշակ Մերի Զիվէր։ Յետ երկարատեւ ու տառապալի հիւանդութեան ան աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքը, նաեւ մեծ ցաւ պատճառելով իր սիրելիներու շրջանակին։

ՍՈՒՐԲ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած է փոքրիկն Ալեքս Քէյիշօղլուի Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի եւ կնքահայրութեամբ Գամէր եւ Առլէթ Չատըրճեանի։

ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ ԵՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԱՆԸՆԴՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐՈՒ ԼԻԿԻՆ ՄԷՋ

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքի ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր ՈՒԷՖԱ-ի կեդրոնին վրայ, որ կը գտնուի Զուիցերիոյ Նիոն քաղաքին մէջ։ Այսպէս, ֆութսալի յաջորդ ախոյեաններու լիկի կառուցուածքի ձեւաւորման տեսակէտէ տեղի ունեցաւ կարեւոր հաւաքոյթ մը։

Էջեր