Օրակարգի նիւթերը

ՏԱՆ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Համահայկական հարթութեան վրայ առաջնահերթութիւններուն շուրջ քնարկումներ ծաւալելու առիթ Երեւանէ ներս: Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովը՝ ապագայ ծրագրելու մշակոյթ հաստատելու ուղղեալ ջանքերու ճանապարհին կարեւոր նախաձեռնութիւն. «Մենք թէեւ հազարամեայ ժողովուրդ ենք, բայց, կը մտածենք կարճաժամկէտ»:
Հայրենիքը հեռուէն չսիրել, դադրեցնել անոր կարեկցանքի առարկայ դառնալը եւ գալիքի տեսլական յստակացնել՝ առանց մտածելակերպի բացարձակութեան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ Հայաստան աշխարհի որքան շատ երկրի հետ տնտեսական փոխկապակցուածութեան մէջ ըլլայ՝ այնքան աւելի անվտանգութեան երաշխիքներ կ՚ունենայ:

ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆԴԱՌԱՋ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Վերամուտի առթիւ բացառիկ հարցազրոյց. 2024-2025 կրթական շրջանի սկիզբին Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Սերքան Հայկ Քըյըճը յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
Պոլսահայ կրթական համակարգը կրնայ զերծ մնալ այն վարչական վաղեմի տագնապներէն, որոնք առկայ են համայնքային կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս:
«Հայերէնի վրայ աշխատելու պարտաւոր ենք։ Համընդհանուր շարժումի մը պէտք ունինք։ Միջգիտաճիւղային համագործակցութիւն մը պէտք է ստեղծուի։ Մեր դպրոցներու ցանցի բոլոր տարրերը պէտք է առաջնորդել մտածելու, միտք յոգնեցնելու, այլապէս հարցերը չեն լուծուիր։ Հարցադրումներ եւ նիւթեր պէտք է մատուցուին միշտ նախագծերու ձեւաչափին մէջ տեղաւորուելով»:
«Գիտակից անձը ժամանակէն ետ չի մնար։ Մենք պէտք է դարուն յարմարինք ու պէտք է հասկնանք, թէ մեր արժէքները մեզի ո՛չ թէ կը հեռացնեն դարէն, այլ ընդհակառակն»:
«Վաստակ պէտք է ներդնել։ Մեր համայնքէն մասնագէտներ պէտք է հասնին։ Մենք պէտք չէ աչք փակենք՝ հայկական լիսէներու շրջանաւարտներու մեր հաւաքական կեանքէն հրաժեշտ առնելուն»:

ՎԵՐՅԻՇԵԼՈՎ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՎԱՐԴԱՆ ՕԶԻՆԵԱՆԸ…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Այսօր կ՚ոգեկոչենք բարեյիշատակ ու յաւէտ ողբացեալ Վարդան Օզինեանը. մահուան հինգերորդ տարելից… Բի՜ւր յարգանքով եւ անսահման կարօտով կը խոնարհինք անթառամ յիշատակին առջեւ՝ հերթական անգամ անդրադառնալով իր մարմնաւորած կերպարի վեհութեան։

Դիտարկումներ՝ Փարիզի Ողիմպիականներու բացման արարողութեան լոյսին տակ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Փարիզի հրապոյրը, մեծ հաշուով, անվիճելի է։ Սերունդներէ ի վեր մարդիկ, ընդհանրապէս, համոզուած են, թէ կեանքի ընթացքին գոնէ անգամ մը պէտք է տեսնեն լոյս քաղաքը։ Սենի երկու ափերուն ձգուած՝ Ֆրանսայի մայրաքաղաքը մէկ կողմէ ազգային է, իսկ միւս կողմէ բարձր ձգողականութեամբ համամարդկային հարթակ մը։

Ընթացք

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Աշխարհի ընդհանուր ընթացքը քիչ թէ շատ հասկնալու համար ընդունուած բան է՝ միջազգային լրահոսին մէջ շրջագայութիւն մը կատարել։ Նախ, անշուշտ, քաղաքական օրակարգն ու անոր ածանցուած նիւթերը, որոնց կը յաջորդեն նաեւ այլ զանազան գլուխներ՝ գիտականէն կամ մշակութայինէն սկսեալ, մինչեւ մարզական։

PANGALTI LİSESİ'NDEKİ BUHRANIN VARDIĞI NOKTA: BRAVO EVA ORAKYAN, BRAVO ŞAHNUR KAZANCI...

Ara KOÇUNYAN

İstanbul Ermeni toplumu çoktan yaz tatilinin rehavetine kapılmış durumda. 2023-2024 öğretim yılı geride kaldı, 2024-2025 öğretim yılı ise önümüzde. Kısır tartışmalarla, yönetsel buhranlarla, mali açmazlarla, kangrenleşmiş genel verimsizlikle yüklü cemaat gündeminde değişiklik yok.

ՊԻՏԻ ԿԱՐՕՏՆԱՆՔ ԱՐԱՄ ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆԸ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պոլսահայ կեանքի երկնակամարէն սահեցաւ Արամ Գամպուրեանի աստղը։ Համայնքի երէց սերունդի խորհրդանշական ու բարձր ներկայացուցչական կարողութեամբ տիրական դէնքերէն մին էր ան։ Իր բազմակողմանի ծառայութիւններէն, բազմառանցք գործունէութենէն ու թրքահայութեան արդի տարեգրութեանց մէջ թողած անջնջելի հետքերէն անդին՝ Արամ Գամպուրեան լիարժէք անհատ մըն էր։

Տ. ՇՆՈՐՀՔ ԱԲԵՂԱՅ ՏՕՆԻԿԵԱՆ՝ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒԸ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Խնդիր մը, որու կապակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռը այլեւս պէտք է դադրի լռութիւն պահելէ:
Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս կու գայ զգայացունց եւ գայթաղեցուցիչ յայտարարութիւններով:

PANGALTI LİSESİ'NDEKİ ÇALKANTI, BAŞPİSKOPOS LEVON ZEKİYAN'IN MEKTUBU VE KURUMSAL ÇÖZÜM BEKLENTİSİ...

Ara KOÇUNYAN

Mıkhitaryan'da, Pangaltı Lisesi'nde olup bitenler Türkiye Ermeni toplumunun gündeminde son dönemde büyük dikkatle izleniyor. İstanbul'daki Ermeni cemaatinin eğitim kurumları ağını uzun zamandan beri prangası altına almış bulunan genel kısırlıktan, köklü geleneklerine karşın bu okul da payını ziyadesiyle almakta.

Էջեր