ՕՏԱՐԻՆ ՍՈՒՐԲՆ ՈՒ ՄԵՐԻՆԸ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Փոքր ժամանակ բազմիցս կրկնեցին, որպէսզի հասկնանք. «փոքր ու մեծ մեղք գոյութիւն չունի. մեղքը մեղք է». այսպէս կամ այնպէս հասկցանք, որ մէկ հաւկիթ գողցողն ու ամբողջ հաւնոց մը յափշտակողը նոյնացնողը անոնց գող ըլլալն է. ի՜նչ փոյթ թէ Ջիւանին մէկ հաւ գողցողը «խեղճ» նկատելով «խելքի՛ աշեցէք» կը բարձրաձայնէր: