ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Առակաց 21.31-ին մէջ կը կարդանք. «Ձին պատերազմի համար կը պատրաստուի, բայց փրկութիւնը Տիրոջմէ է»: Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ այս համարը:
Պատասխան. Այս համարով իմաստուն առակագիրը կու գայ պատգամելու մեզի, որ ճի՛շդ է, թէ փրկութիւնը Տիրոջմէ է, բայց միաժամանակ, մարդ այդ փրկութեան մէջ իր մասնակցութիւնը պէտք է ունենայ, այսինքն՝ մարդ պէտք է աշխատի, ջանք թափէ, որպէսզի արժանանայ փրկութեան: