ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երէկ Ժընեւի մէջ տեսակցեցաւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահ Միրիանա Էկէրի հետ։ Նախագահ Խաչատուրեան, որ դէպի Զուիցերիա աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ, Միրիանա Էկէրի հետ արծարծեց Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ գերիներու, պատանդներու եւ կորսուած անձերու վերաբերեալ խնդիրները։ Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան նաեւ մարդասիրական բնոյթով այլ հարցեր։ Վահագն Խաչատուրեան կարեւորեց Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին հետ սերտ համագործակցութիւնը՝ ընդգծելով անոր դերակատարութիւնը մարդասիրական ճգնաժամերու յաղթահարման եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ։

Զրոյցի ընթացքին նախագահը շեշտեց, որ գերիներու եւ պատանդներու վերադարձի եւ կարսուածներու ճակատագրի պարզաբանման ուղղութեամբ շարունակական աշխատանքը չափազանց կարեւոր է։ Ուստի, այս ուղղութեամբ համատեղ ջանքերու աշխուժութիւնը կը համարուի անհրաժեշտութիւն։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարոյի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի տեւողութեան կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային հարցերուն շուրջ։ Նախարարները արծարծեցին նաեւ Երեւան-Փարիզ օրակարգի զանազան երեսակները։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 16, 2024