ԻՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ յատկապէս վերջին տարիներուն տասնեակ անգամ կարդացած է Անկախութեան հռչակագիրը։ «Ես եկած եմ սարսափելի եզրակացութեան մը, թէ այդ Անկախութեան հռչակագրին բովանդակութիւնը այն մասին է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կրնար գոյութիւն ունենալ։ Սա մեր ամենամեծ խնդիրն ու ողբերգութիւնն է», ըսաւ ան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 2025 թուականի պետական պիւտճէի մասին օրէնքի նախագծի քննարկումներու եզրափակիչ փուլին Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս։ Այս փուլին ան հերթական անգամ խօսեցաւ իր բանաձեւած «իրական Հայաստան»ի մասին։ Փաշինեանի խօսքով՝ «իրական Հայաստան»ի քաղաքացին ան է, որ Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս հայրենիք ու պետութիւն չի փնտռեր։ Արդարեւ, այդ քաղաքացին երկար փնտռտուքէ վերջ գտած է իր հայրենիքը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

«Այսօրուայ մեր հաւաքական ընկերային մտածելակերպը էականօրէն ապապետական է՝ ինձմէ սկսած», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ այդ մտածելակերպը կը պայմանաւորեն այնպիսի կերպարներ, որոնք պետութեան չգոյութեան նշաններ են։ «Միայն պետութիւնն է մեր ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման գրաւականը։ Այդպէս եղած է միշտ, բայց, մենք նոյնիսկ սա մինչեւ վերջ եւ ամբողջական չենք գիտակցած», նշեց վարչապետը։

Միւս կողմէ, Պաքու երէկ արձագանգեց Փաշինեանի կողմէ նախօրէին հնչած յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց՝ Ատրպէյճանի Սահմանադրութիւնը տարածքային պահանջներ կը բովանդակէ Հայաստանէն։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճըզատէ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ՝ ընդգծելով, որ այդ յայտարարութիւնները անհիմն են։

Փաշինեան նախօրէին յայտնած էր, որ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացը փակուղիի կրնայ մատնուիլ՝ Ատրպէյճանի՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջին պատճառով։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2024