ԿԼԻՄԱՅԻ ՀԱՄԱՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Համաշխարհային դրամատունը կը ծրագրէ յառաջիկայ տասն տարուայ ընթացքին 150 միլիառ ամերիկեան տոլար յատկացնել՝ կլիմայի վերաբերեալ նախագծերու գանձատրման համար։ «Ինթերֆաքս»ի հաղորդումներու հիման վրայ, «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Համաշխարհային դրամատան կայուն զարգացման հարցերով փոխ-նախագահ Եուրկէն Ֆիյոկէլ Պաքուի COP29 գագաթաժողովի ընթացքին այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ մանրամասնութիւններով։ Եուրկէն Ֆիյոկէլ դիտել տուաւ, որ մինչեւ 2023 թուականը զարգացող երկիրներէն տարեկան 2,4 եռիլիոն տոլար պիտի պահանջուի՝ ածխաթթու կազի արտանետումները նուազեցնելու եւ ապագայ ռիսքերու նախապատրաստուելու համար։

«Համաշխարհային ելմտական համակարգ. կլիմայական աշխուժութեան գանձատրման ընդլայնում» խորագրեալ քննարկման ընթացքին Եուրկէն Ֆիյոկէլ յայտնեց, որ Համաշխարհային դրամատունը նոր միջոցներ հաստատած է՝ պարտքերու պարտաւորութիւններու յատկացման պայմաններու շարքին նախատեսելով կլիմայի փոփոխութեան գործօնները։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2024