Հարթակ

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍՈՒԹԻՒՆ - 1

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Քաղաքական կուսութիւն արտայայտութիւնը ինծի յիշեցուց ֆրանսական հեռուստացոյցի մը կայանէն հաղորդուած մարզական լուր մը: Վերլուծողները զայն կապեցին մարզական խաղերու կազմակերպման-հիւրընկալման երկիրներու տարած գործին արդիւնքներուն հետ, ինչ որ կ՚առընչուի տուեալ երկրի մը ունեցած մարդու իրաւունքներու, աղտոտ քաղաքականութեան վարման զուգահեռ, մեծ ջանքերուն հետ այսպէս ըսած՝ երեսի լուացման ու աշխարհի հանրային կարծիքին եւ միջազգային ընտանիքին ներկայանալու մղումին իբրեւ յառաջադէմ, զարգացած, իրաւական ու համամարդկային արժէքներ կրող երկիր:

ԽԱՂԻ ՆՈՐ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» ընդդիմադիր շարժման հերթական հանրահաւաքն ու զուգահեռ բողոքի ցոյցերը:
Տ. Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեան պիտի կարողանա՞յ ապահովել, որ իշխանական ճամբարի երեսփոխանները վերատեսութեան ենթարկեն իրենց ամուր կեցուածքը. ներկայ օրերը անկիւնադարձային կը համարուին Հայաստանի ներքին քաղաքական համայնապատկերին տեսակէտէ:

ՅՈԲԵԼԵԱՆԷ ՄԸ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻՆ…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնութեամբ, 2009 թուականին հիմնուած Հայկական համացանցային համալսարանը (AVC) 15 տարեկան:
Արեւմտահայերէնի բաժինը կը համակարգէ Զեփիւռ Խպլիկեան-Թամերեան, որ շփումներ մշակած է նաեւ պոլսահայ կրթական մշակներու հետ:

ԿԱԶԶԷԻ ԱՌԱՋԻՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉԸ՝ ԳԵՂԱՄԸ

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Օրեր առաջ, Գահիրէի կեդրոնի բանուկ փողոցներէն մէկուն մէջ ամուսնոյն հետ քալող մեծահասակ կնոջ մը ուշադրութիւնը գրաւեց կախուած ազդ մը, որ զինք տարաւ դէպի հեռաւո՜ր անցեալ։ Հինգ թէ վեց տարեկան էր ան, երբ մայրը ձեռքէն բռնած տարած էր այդ օրերուն Կազզէի մէջ գործող միա՛կ լուսանկարիչին՝ Գեղամին աշխատանոցը։

Կ՚ԸՍԵՆ…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

​Կ՚ըսեն... հայու երկնքի գարունն էր կորսուած,
Իսկ երկիրն ալ՝ ցաւի աշխարհ դարձած,
Եւ բոլոր երազները լռած, քայքայուած,
Ինքն ալ կեանքի աղմուկին՝ զինաթափ կեցած:

ԱԿՆԱՐԿ - 69 - ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՂԵԿԱՎԱՐԵԼ՝ ՓՈՂՈՑԱՅԻՆԻ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

28 մայիս 2024 թուականը մեր նոր պատմութեան ամենէն սեւ էջերէն մէկը դարձաւ, շնորհիւ փողոցէն մեր պետութեան ղեկին գլուխը անցնող խումբ մը չկայացած անհատներու, որոնք անցնող վեց տարիներու ընթացքին, ջանք չեն խնայեր մեր պետութեան հիմքերը արմատէն կազմաքանդելու:

ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Քաղաքացի արաբը, որդի արաբացիութեան, որդի արաբներուն առտու կանուխ իր անկողինէն ելաւ, անմիջապէս պաղ ջուրով իր երեսը լուաց, ան սուր ածելիով մը ինչպէս որ պէտք էր՝ ածիլուեցաւ, մազերը սանտրեց կոտրուած սանտրով մը, ապա նախքան «դատի» թուղթերուն ծրարը իր թեւին տակ առնելը, անցողակի նայուածք մը նետեց իր դէմքին ու կեցուածքին, յետոյ՝ իր մօր ու քրոջ, ու ուղղուեցաւ դէպի պետական կառոյցներ, որպէսզի իր իրաւուքնին ետեւէն իյնայ:

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ կ՚ըլլայ այն մարդուն հետ, որ խոհեմութեան ճամբայէն կը մոլորի:
Պատասխան.
Առակագիրը կը գրէ. «Խոհեմութեան ճամբայէն մոլորող մարդը մեռելներուն ժողովին մէջ պիտի մնայ» (Առ 21.16):

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ - 3

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Զանց առնելով աշխարհի ղեկավարման քաղաքական համակարգերը, ըլլան անոնք միաբեւեռ, երկբեւեռ կամ բազմաբեւեռ, կրնանք ըսել, որ ներկայ աշխարհի դասաւորման մէջ կան երկիրներ, որոնք իրենք զիրենք կը համարեն ժառանգորդը մեծ կայսրութիւններու եւ որոնք տրոհուած են պատմութեան ընթացքին, այս երկիրները թաքուն կամ անթաքոյց կ՚երազեն իրենց հին կայսրութիւններու վերականգնումը եւ նոյնիսկ կ՚աշխատին այդ մէկը իրագործելու համար:

ԻՍՐԱՅԷԼԸ ՊԱՇԱՐՈՒԱ՞Ծ. ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԿՐԱԿՈՑԸ…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իսրայէլի համար ծանր գիշեր մը դարձաւ Կազզէի պատերազմը։ Այս դրութեան շատ հաւանաբար համաձայն է նոյնինքն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։

Էջեր