Հարթակ

ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հակադիր բոլոր կողմերը պէտք է մտածեն ուժ դառնալու մասին. բան մը, որ չեն կրնար ընել առանց մէկը միւսին։ Իրականութիւն է, որ առանձինն կարելի չէ անցնիլ գետի միւս կողմը:
Եթէ ըլլայ գիտակցութիւն, թէ այս փուլէն վերջ հայերը պարտաւոր են ազգովին համախմբուելու, ապա միայն այդ պարագային ապագայի նկատմամբ տեսլականը կրնայ մեծնալ ու նոր ճանապարհներ կրնան բացուիլ:

ԱԿՆԱՐԿ - 68 - ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԵՒ ՏԻՊԱՐ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԸ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Յաւերժի ճամբորդ դարձողներու մասին գրելը թէեւ յուզական ներքին դրական ու ժխտական ապրումներ կը պատճառէ, բայց եւ այնպէս հեշտութեամբ կարելի է գրել: Բայց, գրել ողջերու մասին, այն ալ մանկավարժութեան ասպարէզին իր կեանքը նուիրած անձի մը մասին, բաւական ծանր, դժուար եւ պատասխանատուութիւն պահանջող իրողութիւն մըն է:

ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Լիբանանցի պատասխանատուն, որ պարտականութիւն ունէր Լիբանանի մէջ ազգային հաշտութիւն իրականացնելու, իր ձեռքերը ոգեւորուած իրարու շփելով դուրս եկաւ [այդ պարտականութիւնը] իրեն յանձնարարած բարձր պաշտօնեային գրասենեակէն, յոյս ունենալով իր պարտականութիւնը յաջողցնելու:

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Այսօր յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք վիճակով լաւ են եւ օգնելու կարողութիւն ունին, սակայն չէք գիտեր ինչու, կը դժկամին: Այդ մարդոց մասին որեւէ մէկ բան ըսա՞ծ է Իմաստունը:

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ - 2

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Եթէ պարզ ձեւակերպենք համամարդկային արդարութեան հասկացողութիւնը կամ նուազագոյնը անոր պատկերացման ընթացքը միջին չուղղորդուած, ազդեցութեան դաշտի մարդու մը կամ հաւաքականութեան մը մօտ, սա մարդկութեան բարօրութեան հասնիլն ու համերաշխութիւնն է՝ առանց խորանալու այդ նպատակին հասնելու ձեւաբնոյթներու մէջ:

ԱՐԱԳԱՎԱ՞ԶՔ, ԹԷ ՎԵՐՋՆԱՎԱԶՔ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւանի երէկուան հանրահաւաքը. մեծ ռիսքերու բովին ընդմէջէն «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» շարժումը կը թեւակոխէ իր ճակատագրական փուլը:
Գրեթէ անհաւանական է Նիկոլ Փաշինեանի սահմանադրական ճանապարհով հեռացումը, մնացեալ վարկածներու պարագային կան ներքին բախումներու ծագման վտանգները, որոնք աւելիով կրնան զօրացնել վարչապետին դիրքերը՝ ձախողեցնելով իշխանափոխութեան ջանքերը: Հանրապետութեան հրապարակի ցոյցը քայլ մը ետ էր՝ 9 մայիսի նախորդին բաղդատմամբ:

ԱԿՆԱՐԿ - 67 - ԽՐՈԽՏ ՍԵՐՈՒՆԴ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ Ի ԽՆԴԻՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

21 մայիս 2024-ին, Վաղարշապատի Համայնքապետարանի «Մակար Եկմալեանի անուան թիւ 1 երաժշտական դպրոցի» համերգային մեծ դահլիճէն ներս տիկնոջս եւ փոքր զաւակիս հետ ներկայ գտնուեցանք դաշնամուրային բաժինի համերգին:

ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Եթէ Լիբանանի բոլոր ուժերը, կուսակցութիւնները, համայնքները եւ զինեալ խմբաւորումները կարմիր, կամ կանաչ, կամ դեղին գիծ մը ունին՝ ուր անհրաժեշտութեան պարագային կրնայի քաշուիլ, հապա Լիբանանի սովորական քաղաքացին ո՞ւր քաշուի, երբ իր հայրենիքին մէջ հեռաձայնի գիծէն զատ ուրիշ բան մը չունի, որ այդ եւս կտրուած է:

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ամուսիններու յարաբերութիւններուն մասին գրուած բան կը գտնե՞նք Առակացին մէջ:
Պատասխան.
Անշուշտ: Այսպէս, Առակաց 21.9-րդ համարին մէջ, հետեւեալ հետաքրքրական մտածումին կը հանդիպինք. «Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ, քան թէ կռուազան կնոջ հետ մեծ տան մէջ»

Էջեր