Հարթակ

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ - 1

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ակադեմական, նաեւ պարզ ընկերային մակարդակով յաճախ կրկնուող արտայայտութիւն մըն է պատմական արդարութիւնը եւ ունի հասկացողական լայն ենթաբաժանումներ, որոնց մէջ հիմնականն են՝ քաղաքականը, ընկերայինը եւ տնտեսականը:

ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՏԱՊԱԼԻ՞

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անվիճելի փաստ է, որ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ վճռորոշ դերը այլեւս անուրանալի է։ Ընդունինք կամ ոչ, Երեւանի վերջին իրադարձութիւնները արդէն կը յուշեն, թէ Եկեղեցին ալ անխառն մասնիկն է Հայաստանի հասարակութեան եւ բաւարար ներուժ ունի հանրային կարծիք ձեւաւորելու եւ այդ մէկը որոշ հունով մը առաջնորդելու։

ԱԿՆԱՐԿ - 66 - ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԳՈՐԾ ՈՒՆԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՄԷՋ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ներկայիս, Հայաստանի մէջ, յատկապէս վերջին հինգ-վեց տարիներուն մեր հասարակութեան մէջ զարգացաւ գաղափար մը, ըստ որում հոգեւորականները պէտք չէ միջամուխ ըլլան ազգային գործերու մէջ:

ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ծոցի երկիրներուն մասին կը գրես, Պարսկաստանը կը յուզուի:
Պարսկաստանի մասին կը գրես, Ծոցի երկիրները կը յուզուին:
Արաբական աշխարհի ձախակողմեաններուն մասին կը գրես՝ աջակողմեանները կը նեղուին:

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ծուռ ճամբայով եւ ուղիղ ճամբայով ընթացողներուն միջեւ տարբերութիւն կա՞յ:
Պատասխան.
Անշուշտ որ կայ: Ծուռն ու ուղիղը, շիտակը իրարու հետ չե՛ն համաձայնիր: Ծուռը ծո՛ւռ է: Շիտակը շիտա՛կ է: Ուղիղ ճամբայով ընթացողը արդար ու առաքինի կ՚ըլլայ: Ծուռ ճամբայով ընթացողը՝ հակառակը:

ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԵՐ. ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆ, ԳՈՐԾԱԴՐՈՒՄՆԵՐ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Աշխարհը ձեւով մը կառուցուած է համաձայնեցուածութեան վրայ, ինչ որ կը պարփակէ պատմական, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ շատ մը այլ երկար ու բարդ ճիւղաւորուած համակարգեր:

ՓՈՂՈՑԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ՎՃՌՈՐՈՇ ԱԶԴԱԿ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւանեան իրադարձութիւնները սպասումներու նոր շրջան մը կը բանան։ Գալիք օրերը բոլոր առումներով բազմաբովանդակ հարցադրումներու պատասխանը պիտի տան։ Երկար ամիսներէ ի վեր բաւական ամլացած Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը ո՛չ միայն զարթնած է, այլեւ զանազան առումներով կը պարզէ ջրբաժանի փուլի մը սկիզբը ըլլալու ամենալուրջ պատկերը։

Ո՞ՒՐ ԵՒ ԻՆՉՊԷ՞Ս…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մինչ այժմ Լիբանանի քաղաքցիներ (մանաւանդ երկրի հարաւային հատուածներու բնակիչներ) աղաչական հայեացքով կը նային սահմանային շրջաններու իրենց բնակարաններուն։ Ու փաստ է, որ Կազզէի պատերազմի սաստկացումէն ասդին Լիբանան-Իսրայէլ սահմանի ամբողջ գօտին կ՚ապրի մեծ ցնցումներու տարափին ներքեւ։

ՏՕՆԵՐՈՒՆ ԳԵՂԵՑԻԿԸ՝ «ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ»

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այս տարի, ամբողջ Ամերիկայի տարածքին, «Մայրերու օր» տօնը կը զուգադիպի կիրակի, մայիս 12-ին:
Պարզապէս յիշեցնելու միտումով, ըսեմ որ այս տօնը մեծ անցեալ մը չունի: Ան սկիզբ առած է Միացեալ Նահանգներու մէջ 1908-ին, եւ ապա տարածուած ամբողջ քաղաքակիրթ երկիրներէն ներս:

Էջեր