ՍԷՎ-Ի ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԳՈՒՄԱՐՈՒԱԾ
ՍԷՎ հիմնարկի մէջ երէկ գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով։ Դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ Հերման Պալեան, ատենադպրի պաշտօնը վստահուեցաւ Մկրտիչ Թիմուրճուօղլուին։
ՍԷՎ հիմնարկի մէջ երէկ գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով։ Դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ Հերման Պալեան, ատենադպրի պաշտօնը վստահուեցաւ Մկրտիչ Թիմուրճուօղլուին։
Այսու խոր յուզումով կը յայտնուի մերազն ժողովուրդին, թէ Պոլսահայ համայնքի կարկառուն դէմքերէն, բազմամեայ ուսուցիչ՝ Էսաեան լիսէի, բազմամեայ ատենադպիր՝ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան, նուիրեալ մշակ՝ Ս. Մեսրոպեան աւանդին, մեկենաս՝ հրատարակութեանց, հեղինակ՝ հատորներու, բարերար՝ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի, Կեդրոնական եւ Մէրամէթճեան վարժարաններու, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի. Հայաստանի Հանրապետութենէն, նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարքի անուան շքանշանով պարգեւատրեալ՝
ՏԻԱՐ
ԱՐԱՄ ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆ
յետ երկարատեւ հիւանդութեան 10 յունիս 2024, երկուշաբթի միջօրէին, իր հոգին աւանդեց Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի յարկին ներքեւ, ուր կը դարմանուէր։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ կէսօրուան ժամերուն իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ երէց սերունդի մտաւորական դէմքերէն Արամ Գամպուրեան, որ այնքան յարգանք ու համակրանք կը վայելէր բոլորին կողմէ։
Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի առաջին դասարանի աշակերտներու ընթերցման տօնը։ Ձեռնարկը մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ՝ մինչ առաջին դասարանի սաները բոլորի գնահատանքին արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը վերջին օրերուն զանազան ձեռնարկներով մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ։ 2023-2024 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը թաղի Տատեան վարժարանէն ներս բնորոշուեցաւ արտասովոր ոգեւորութեամբ։
Թոփգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ ապրեցաւ մեծ հրճուանք։ Զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ բաժակի օրուան առթիւ համախմբուեցան դպրոցին մէջ։
Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքական Աթոռը լոյս ընծայած է «Աւետիք Պատրիարքի խորհրդաւոր կեանքը» գիրքը, որու հեղինակն է Սիրվարդ Մալխասեան։ Աւելի առաջ «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ այս գիրքը թրքերէնով լոյս տեսած էր՝ պատմական ուսումնասիրութեան հիման վրայ։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդիսութիւնը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։
Կալաթասարայ լիսէին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու տարեկան աւանդական հաւաքը։ Հարուստ աւանդութիւններով այս կրթօճախի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները զիրար վերագտան բացառիկ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Շաբաթավերջին Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշանակ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, «ՀայMUN» նախագիծը համախմբեց պոլսահայ համայնքային լիսէներէ երիտասարդներ, որոնց համար հայերէնով կարծիքներ փոխանակելու եւ քննարկումներ ծաւալելու հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ։