Ընկերա-մշակութային

«ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄՈՒՄ»

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
(ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ - ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ)
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Տ. Գրիգոր Արք. Չիֆթճեանի երկրորդ հատորը՝ «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմում. Ղարադաղ. Հայկական յուշարձանների հետքերով», որ լոյս տեսած է 2021-ին, Թաւրիզ: Գիրքը լաթակազմ է, բաղկացած՝ 618 էջերէ:

ԼՈՒՍԱԲԵՐԸ

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Ինչո՞ւ էր այդքան խիստ իր դէմքը, որ մենք կը վախնայինք նոյնիսկ իր տան դրան առջեւէն անցնելու։ Ամենէն «քաջը մեր մէջ, ինչպէս վարժ էինք ըսելու, գաղտնի մը պիտի նայէր կամարին տակէն, որ վստահ ըլլայինք, որ «Ծուռ երես Լուսաբեր»ը իր սենեակն էր վերջնականապէս, որովհետեւ վերջին անգամ ժամը հինգին կ՚երթար սենեակէն քսան քայլ անդին իր փայտեայ խոհանոցը, ընթրիքը կը բերէր ու կը փակուէր իր քանի մը մեթրանոց սենեակին մէջ։

ԱՆՀԱՏԱԿԱ՞Ն, ԹԷ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ընկերային հոգեբաններ՝ Ճիմ Սիտանիուսի եւ Ֆելիսիա Փրաթթոյի գրի առած «Ընկերային գերակայութիւն» գիրքին մէջ կայ ուշագրաւ կէտ մը. «Անհատի վրայ հիմնուած դասակարգութիւններու մէջ անհատները կրնան վայելել մեծ ուժ, հեղինակութիւն կամ հարստութիւն, որոնք շնորհուած են իրենց ֆիզիքական ուժի, առաջնորդելու կարողութեան, գեղարուեստական, քաղաքական, գիտական տաղանդներու կամ նուաճումներու միջոցաւ»։

«ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ»

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երեք տարի առաջ էր հեռախօսազանգ մը ամբողջովին փոխեց տրամադրութիւնս դէպի լաւը։ Դեռ թագաժահրին սարսափին մէջ էինք, երբ մեր աշխարհը, հայուն աշխարհը աւելի սարսափելին ալ տեսաւ՝ 2020-ի նոյեմբերը, պահ մը կարծեցի որ վերջն է աշխարհին, հիւանդութիւն, պատերազմ պիտի ջնջեն, տանին ամէն բան…

ԱՆՈՒՇ ԷԼԲԱԿԵԱՆ 8-ՐԴ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՍՏԱՑԱՒ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԵՌԱՏԵՍԻԼԱՅԻՆ ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, օրերս, տեղի ունեցաւ Ամերիկեան հեռատեսիլային բարձրագոյն մրցանակաբաշխութիւնը՝ «Էմմի»ն: 51-րդ անգամ ըլլալով նշանաւոր այս մրցանակաբաշխութիւնը իր շուրջ կը համախմբէ հեռատեսիլային աշխարհի նորութիւններուն հետեւող հազարաւորներու ուշադրութիւնը՝ երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս:

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Փիլիսոփայութիւնը կը կողմնորոշէ մարդու աշխարհայեացքը եւ իւրաքանչիւր տնտեսական ու ընկերային համակարգ հիմնուած է անոր վրայ։ Փիլիսոփայութիւնը մարդկային գաղափարներու արտադրանքներէն մին է։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ԿՈՄԻՏԷԷՆ ՆԵՐՍ ՁԵՌՆԱՐԿՈՒԱԾ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐԸ ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ ՄԱՅՐԵՆԻԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՏԵՍԱԿԷՏԷ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան առընթեր Լեզուի կոմիտէի նորընտիր նախագահուհի Սիրանոյշ Դւոյեան հայագէտի, գրականագէտի հարուստ փորձառութիւն ունի եւ իր փորձն ու լեզուի հանդէպ սրտցաւութիւնը բերած է լեզուի քաղաքականութիւն իրականացնող պետական բարձրագոյն կառոյց:

ՎԱՀՐԱՄ ՄԱՎԵԱՆ (1926-1983)

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Դարերէն եկող յաւերժութեան նայող գիրքեր կան, որոնց մասին կը լսենք յաճախ, ամէն օր, կը պահենք զանոնք մեր սեղաններուն վրայ կամ դարակներուն մէջ, հիացումով կը խօսինք անոնց մասին երբ պէտք ըլլայ, առանց սակայն հաղորդ ըլլալու անոնց բովանդակութեան, ներքին արժէքին:

ԱԶԱՏ ԿԱՄՔԸ ԸՍՏ ՇՈՓԵՆՀԱՈՒԷՐԻ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Փիլիսոփայութեան պատմութեան մէջ կան մտածողներ, ըստ որոնց մարդկութիւնը ոստումներ կը կատարէ եւ սրընթաց կը զարգանայ օր ըստ օրէ։ Նման փիլիսոփաներ իրենց յաջորդելիքներու առջեւ նոր հորիզոններ, ուղիներ կը բանան, սահմանները անդրանցնելու ձեւեր կ՚առաջարկեն եւ կը խրախուսեն, կը ներշնչեն մտածելու համար։

Էջեր