«ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄՈՒՄ»
Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Տ. Գրիգոր Արք. Չիֆթճեանի երկրորդ հատորը՝ «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմում. Ղարադաղ. Հայկական յուշարձանների հետքերով», որ լոյս տեսած է 2021-ին, Թաւրիզ: Գիրքը լաթակազմ է, բաղկացած՝ 618 էջերէ: Հատորը լոյս տեսած է մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Համազասպ եւ Սեդա Ոսկանեանի:
Հատորի սկիզբը զետեղուած է Իրանի եւ Ատրպատականի հայոց թեմի քարտէսը: Իսկ իւրաքանչիւր գլուխի սկիզբը, ուր գաւառակներ ներկայացուած են, զետեղուած է տուեալ գաւառակի քարտէսը՝ իր գիւղերով միասին, ինչ բանը առիթ կ՚ընծայէ ընթերցողներուն գիրքին մէջ յիշուած բազմաթիւ գիւղերու եւ շրջաններու անունները գտնել եւ մօտաւոր պատկերացում կազմել հատորին մէջ ներկայացուած շրջաններուն: Գիրքը հարուստ է լուսանկարներով եւ քարտէսներով:
Հատորի վերջաւորութեան տեղադրուած են անձնանուններու, տեղանուններու, արխիւային եւ արտատպուած լուսանկարներու ու օգտագործուած գրականութեան ցանկեր:
Աշխատասիրութիւնը կը բացուի սրբազան հեղինակին երկու խօսքով, ուր կը կարդանք. «Ամենակալ Աստուծոյ փառք կու տանք, որ հազար նեղութիւններէ եւ վտանգալից արշաւներէ յետոյ, Ատրպատականի հայոց թեմի մշակութային քարահունչ ժառանգութիւնը ներկայացնող մեր այս երկրորդ հատորը սրտի անհուն ուրախութեամբ կը դնենք հայ մշակոյթի գանձանակի մէջ, որպէս դոյզն ընծայ: Միշտ հաւատացած ենք, որ նման հատորներու արժէքը իմացող եւ անոնց տողերու միջով անցեալը արժեւորող գիտակից անձեր եղած են, կան, եւ դեռ կը ծնին մեր ժողովուրդի զաւակներու շարքերուն:
Սոյն հատորը կ՚ընդգրկէ Ղարադաղը, մեր թեմի վաղուց հայաթափուած մէկ շրջանը՝ Իրանի հիւսիս-արեւելեան մասին մէջ, քարտէսային պատկերով՝ «կատուի աջ ականջ»ին մէջ: Ղարադաղի սահմաններն են՝ հիւսիսէն Արաքս գետը, հարաւէն Ահարը, արեւմուտքէն Մարանդը եւ արեւելքէն Մուղանի տափաստանը» (էջ 11):
Ղարադաղը, «նոյնինքն պատմական Փայտակարանն է, Մեծ Հայքի տասնհինգ նահանգներէն 11-րդը: Այն 428 թիւին միացուած է Ատրպատականի մարզպանութեան: Պատմութեան ընթացքին այն կոչուած է նաեւ Ղարադաղ (թրքերէնով «Սեւ լեռ», նաեւ՝ «Մեծ կամ բարձր լեռ»), իսկ այսօր ամբողջ տարածաշրջանը կը կոչուի Արասպարան: Շատ վաղ ժամանակներուն Փայտակարանը ունեցած է 10 գաւառներ՝ ա) Հրաքոտ-Պերոժ կամ Ռոտստակ, բ) Վարդանակերտ, գ) Եւթնափորական Բագինք, դ) Բաղան-Ռոտ, կամ Ռոտ ի Բաղա, ե) Առոս-Պիճան, զ) Հանի, է) Աթշի Բագաւան, ը) Սպանդարան Պերոժ, թ) Որմիզդ Պերոժ եւ ժ) Ալեւան» (էջ 12):
Ղարադաղը ներկայիս գրեթէ ամբողջութեամբ հայաթափուած է: «Ղարադաղի հայաթափումը տարբեր փուլեր ունեցած է, սկսեալ 1800-ականներէն, հասնելով մինչեւ 20-րդ դարի կէսերուն, երբ այն վերջնականապէս հայաթափուած է: Այսօր ոչ մէկ հայ կ՚ապրի Ղարադաղի նախկին հայաբնակ գիւղերուն մէջ, որոնցմէ ոմանց տիրացած են այլազգիներ, իսկ ուրիշներ իրենց հիմնադիրներէն՝ հայերէն լքուելէ յետոյ անտիրութեան մատնուած են ու աւերակ վիճակի մէջ մնացած» (էջ 11-12):
Գիրքը օրագրութիւն չէ, ինչպէս կը գրէ հեղինակը, թէ «այս հատորին մէջ, վեց գաւառակներուն գտնուող իւրաքանչիւր գիւղի մասին կատարուած ուսումնասիրութիւնը տուեալ գաւառակ կամ գիւղ մեր այցի թուականի հերթականութեամբ չէ՛ ներառուած: Այսինքն՝ նիւթերու օրացուցային թուականի հերթականութիւնը չէ՛ պահպանուած այս գիրքին մէջ: Ուստի, հարկ կը համարենք յիշեցնել, որ սոյն գիրքը օրագրութիւն չէ՛, դէպքերու կամ մեր այցի շարայար ընթացքը ներկայացնող: Անցած հինգ տարիներու ընթացքին մենք Ղարադաղ այցելած ենք ամէն անգամ, երբ հնարաւորութիւն ունեցած ենք, երբ առաջնորդական մեր ամենօրեայ աշխատանքներու առընթեր, ժամանակի առմամբ բաց միջանցքի հանդիպած ենք, շարունակելու համար Ղարադաղի մեր տեղագրական գործը» (էջ 13):
Սոյն հատորի աշխատանքներու մասին Գրիգոր Սրբազան, կը գրէ. «Այս գիրքը գրած ենք ամենածանր պայմաններու մէջ: Մէկ կողմէ առաջնորդական պարտաւորութիւններու բեռի տակ, Թաւրիզի մեր գրասենեակին մէջ, յաճախ առաջնորդական մեր յարկաբաժնի մէկ անկիւնին եւ երբեմն՝ արձակուրդ օրերուն, Սբ. Թադէ եւ Սբ. Ստեփանոս Նախավկայի վանքերու վանական մեր խուցերուն մէջ: Ժամերով կռացած ենք մեր գրասեղանին, գրի առնելով ուղեւորի մեր ծոցատետրի խիտ տողերու վրայէն այն՝ ինչ որ տեսած էինք Ղարադաղի մէջ, մեր պապերէն մնացած յիշատակ՝ պատ ու քար, լեռ ու ժայռ: Երբեմն այս աշխատանքը կատարած ենք այս կամ այն գիւղէ վերադառնալէ անմիջապէս յետոյ, յաջո՛րդ օրն իսկ, եւ երբեմն բազմազբաղ ըլլալով՝ յաջորդող ամիսներուն: Նոր լուսանկարները բոլոր մեր անձնական գործիքով ենք լուսանկարած, իսկ պատմական մի քանի տասնեակ արտատպուած լուսանկարներու ցուցակը հրատարակած ենք հատորի վերջին էջերուն» (էջ 14):
Սոյն աշխատասիրութեան համար Գրիգոր Սրբազան հինգ տարի շրջագայած է Ղարադաղի գաւառները: Այս մասին, ան կը գրէ. «Ի դէպ, խղճի հանգստութեամբ կրնանք արձանագրել, որ Ղարադաղի վեց գաւառակներուն գտնուող գիւղերու գրեթէ բոլորը, որոնք ներկայացուած են այս գիրքին մէջ, եւ որոնց մասին ակնարկներ կան յուշագրութիւններու եւ արխիւներու մէջ, այցելած ենք: Այցելած ենք գիւղեր, որոնք ժամանակակից հեղինակներու գիրքերուն մէջ իսկ չեն յիշուած, պարզապէս վաղուց հայաթափուած եւ ցուցակներէ ու քարտէսներէ դուրս մնացած ըլլալու պատճառով: Անոնք յայտնաբերած ենք տեղի գիւղացիներու հետ մեր զրոյցներու ընթացքին, համոզելով զանոնք տանիլ մեզ յիշեալ գիւղատեղերը կամ անոնց արդէն մոռացուած աւերակներու մօտ: Բոլոր գիւղերու եւ հայկական հնավայրերու՝ եկեղեցիներու եւ գերեզմանատուներու արբանեակային տեղագրումները կատարած ենք, սակայն սոյն հատորին մէջ չենք նշած զանոնք, կանխելու համար նոր գանձախուզութիւններ:
Ղարադաղի աշխարհագրական ընդարձակ տարածաշրջանին մէջ հնարաւոր չէր մի քանի տարիներու սահմաններով աւարտել նման աշխատանք: Բազմաթիւ գիւղեր կան, որոնք մի քանի տարբեր բնակավայրեր ունեցած են, այսինքն տեղափոխուած են տեղէ տեղ, իսկ նախկին բնակավայրերը անտէր մնացած են: Այսպիսով, անտառներու մէջ բազմաթիւ աւերակներ կան թաքնուած, որոնք դարձեալ հայկական հետքեր կը կրեն, ունենալով գերեզմանատուներ:
Սոյն հատորը հրատարակութեան յանձնելու պահուն, մեր փորձառութեան լոյսի ներքեւ կրնանք յայտնել, որ հինգ տարի եւս եթէ շարունակէինք մեր աշխատանքը, վստահաբար նոր յայտնաբերումներով առաւել եւս պիտի ճոխացնէինք այս հատորը, համալրելով սոյն գիրքի ուսումնասիրական աշխատանքը» (էջ 16):
Սրբազան Հօր երկու խօսքէն ետք վեց գլուխներու տակ ներկայացուած են Ղարադաղի վեց գաւառակները.
ա. ՔԷՅՒԱՆ ԳԱՒԱՌԱԿԻ ԳԻՒՂԵՐԸ (թիւով՝ 19 գիւղ):
բ. ՄԵՇԱՓԱՐԱ ԳԱՒԱՌԱԿԻ ԳԻՒՂԵՐԸ (թիւով՝ 11 գիւղ):
գ. ՄՆՋԵՒԱՆ ԳԱՒԱՌԱԿԻ ԳԻՒՂԵՐԸ (թիւով՝ 6 գիւղ):
դ. ՀԱՍԱՆՈՎ ԳԱՒԱՌԱԿԻ ԳԻՒՂԵՐԸ (թիւով՝ 10 գիւղ):
ե. ՂԶՄԱՐ ԳԱՒԱՌԱԿԻ ԳԻՒՂԵՐԸ (թիւով՝ 22 գիւղ):
զ. ԱՐԱՔՍՊԱՐ ԳԱՒԱՌԱԿԻ ԳԻՒՂԵՐԸ (թիւով՝ 12 գիւղ):
Որպէսզի մեր սիրելի ընթերցողները աւելի յստակ գաղափար կազմեն Սրբազան Հօր կատարած աշխատանքի մասին, այստեղ կը ներկայացնենք Ղզմար Գաւառակի Օջախ գիւղի նկարագրութիւնը:
* Ղարադաղի գիւղերուն մէջ շրջագայելու եւ տեղագրութեան մեր աշխատանքը իրագործելու ժամանակաշրջանը հետզհետէ կը սեղմուէր, նկատի ունենալով ձմրան ամիսներու շատ մօտալուտ ըլլալը: Անձրեւներու պատճառով յառաջացող ցեխը ու մանաւանդ ձիւնի հետեւանքով ճանապարհներու անանցանելիութիւնը մեծ արգելքներ էին մեր նպատակին հասնելու համար։ 25 սեպտեմբեր 2020-ին Զիագու գիւղէն շարունակելով մեր ճանապարհը հասանք նախկին հայկական «Օջախ» գիւղը, որ այսօրուան բնակիչները զայն կը կոչեն «Օջախ քենթի»։ Ի դէպ, Տեղանուններու բառարանը Ղարադաղի մէջ Օջախ անունով գիւղ չի նշեր։
Ղարադաղի տարբեր գաւառակներուն մէջ հանդիպած էինք գիւղերու, որոնց մէջ եւս կային նոյն «Օջախ» անունը կրող մատուռներ կամ պարզապէս իրար վրայ դրուած քարեր եւ կամ նոյնիսկ մէկ ծառ, որ սրբավայր համարուած էր նախկին գիւղացիներու կողմէ: Հանդիպած էինք նաեւ նման սրբավայրերու, որոնք թէ՛ հայ եւ թէ մահմետական գիւղացիներու կողմէ յարգանքի արժանացած էին, ուր անոնք գացած էին ուխտի, մատաղ կտրելու եւ աղօթելու՝ իրենց մուրազին հասնելու համար։
Հեթանոսական ժամանակաշրջանին եւ ապա նաեւ քրիստոնէական դարաշրջանին, կրօններու հետեւորդներու համար նման բարեպաշտական երեւոյթները յաճախակի բնոյթ ունեցած են: Այսօր եւս գնահատելի երեւոյթ է ոմանց երկիւղալից հաւատքը սուրբերու բարեխօսութեան նկատմամբ, որպէս նախախնամական միջամտութեան ակնկալիք եւ պաշտամունքային գնահատելի նախաձեռնութիւն։
Ջուրերու, քամիի, ծառերու, կրակի եւ կուռքերու պաշտամունքը, որպէս անոնցմէ մարդու ունեցած վախի արտայայտութիւն, նախապատմական ժամանակաշրջաններուն տիրող եղած է կրօններու հաւատալիքներուն մէջ, ինչ որ նաեւ որոշ չափով շարունակուած է քաղաքակրթուած դարաշրջաններուն։ Վախը մեծագոյն գործօնը եղած է այս շրջագիծին մէջ, որմէ ազատուելու համար ճշմարիտ աստուածաճանաչողութեան հասաւ մարդը առաջատուական ընթացքով, եւ Աստուծոյ կողմէ հետեւողական ու անոր ըմբռնելու կարողութեան համաչափ մօտեցմամբ։
Գիւղի անուան շուրջ
Վերեւին մեր կատարած նախաբանը ինքնին կը բացատրէ գիւղի անունը, որ պարզապէս կը նշանակէ «սրբավայր»։ Սակայն ինչո՞ւ այսպէս անուանած էին այս գիւղը, որ սրբավայրի պատիւին արժանացած էր։
Յովսէփեանի յուշերուն մէջ կը կարդանք այս գիւղի մօտակայքին գտնուող սրբավայրի մը մասին, ուր ուխտի կ՚երթային մասնաւորապէս անզաւակ անձեր։ Սրբավայրը գտնուած է մօտակայ «Աննաբաթ» անուամբ գիւղին։ Այսօր շրջապատին մէջ նման անունով գիւղ չգտնուելու պատճառով, կ՚ենթադրենք, որ Օջախ գիւղի ընդարձակուելով, այն իր սահմաններու մէջ ընդգրկուած է:
Մեզ դէպի գիւղ առաջնորդող հովիւին հարցուցինք, թէ ի՞նչ կը նշանակէր կամ ինչո՞ւ «Օջախ» կոչած էին այս գիւղը։ Ան պարզապէս ըսաւ, որ այնտեղ կը գտնուի «Օջախ» մը՝ այսինքն սրբավայր, իսկ անոր կողքին կան երկու «սուրբ ծառեր»։
-Ի՞նչ կը կոչուին այս ծառերը, - հարցուցինք հետաքրքրութեամբ:
-«Շիշ աղաջլարը» (թրգմ.՝ «Շամփուրի ծառեր»), - պատասխանեց ան փութով: Սակայն մեր միւս հարցին, թէ ինչո՞ւ այս անունը տրուած էր ծառերուն, ան չկարողացաւ պատասխանել, ըսելով, որ իր մեծերէն լսած էր, սակայն չէր իմանար, թէ ի՞նչ նպատակով այսպէս կոչուած են ծառերը:
Սուրբի գերեզմանը՝ Օջախի մէջ
Մինչեւ այսօր գիւղին մէջ բնակողներու կողմէ սոյն գիւղի «Օջախ Քենթի» անուանումը կ՚իմաստաւորուի անծանօթ սուրբի մը այն գերեզմանով, որ այժմ վերանորոգուած եւ մահմետականներու սրբավայրի վերածուած է, կը գտնուի վերոյիշեալ գիւղին մէջ:
Ուխտավայրը կլորաձեւ փոքր մատուռի տեսք ունի: Անոր մէջ գտնուած սուրբի գերեզմանաքարը չ՚երեւիր, երկաթեայ ցանցով ամրացուած ըլլալու պատճառով:
Դարեր առաջ հետաքրքիր ուխտ կատարուած է այս սրբավայրին, որու հետեւանքով մեծ հռչակ շահած է Օջախի «Աննաբաթ»ը: Ի դէպ, այս անունը շատ համահունչ է «անապատ» բառի հետ, որ քրիստոնէական եկեղեցիի պատմութեան մէջ օգտագործուած է որպէս հոմանիշ՝ ճգնազգեաց անձերու յատուկ անմարդաբնակ վայրերու, ուր միայնակեցութեան կամ միանձնութեան կեանք կը վարէին անոնք։
Յովսէփեանը խանագահցիներէն լսած մէկ աւանդութիւն կը յիշէ այս ուխտավայրի մասին. «Խանագահցի աղքատ մարդ մը ժառանգ չէր ունենար։ Ան կնոջ հետ ուխտի կ՚երթայ սուրբ Աննաբաթ եւ ուխտ կ՚ընէ, որ եթէ երեխայ ունենայ, յաջորդ տարի նորէն կու գայ սուրբի ոտքը, կը բերէ իր ունեցած միակ ոչխարն ու մատաղ կ՚ընէ»: Յաջորդ տարի անոնք տղայ զաւակ մը կ՚ունենան: Կնոջը հետ ան կ՚երթայ յիշեալ ուխտավայրը: Սակայն հարկապահանջները հարկի փոխարէն իր մատաղացուն առած ըլլալով, ան իր ճանապարհի վրայ եղնիկի ձագ մը կ՚որսայ, մատաղ ընելու համար:
Ուխտավայրի մօտ ան հազիւ իր մատաղացուն մորթած եւ շամփուրներու վրայ շարած, ձայն կու տան, որ երեխան ինկած է եւ ուշաթափուած: Ձեռքի շամփուրներու միսերը որպէսզի հողաթաթախ չըլլան, աճապարանքով գետին կը մխրճէ եւ դէպի կանչի կողմը կը վազէ, փութով հասնելով կնոջ մօտ։ Երեխան հրաշքով ուշքի կու գայ։ Երբ կը վերադառնան ուխտավայրի մօտ խորովածի կրակը վառելու, կը տեսնեն, որ գետին խրուած շամփուրները սուրբի գերեզմանի աջ ու ձախ կողմերուն, որտեղէն ինքն ալ անցած էր, կանաչած էին եւ մէկ զոյգ տունկ դարձած։
Ուստի, կը հետեւցնենք, որ սրբավայրի շուրջ գտնուող երկու ծառերը, որոնք մինչեւ այսօր գիւղացիներու կողմէ «սուրբ ծառեր» կը համարուին, ըստ աւանդութեան խանագահցի հայ ուխտաւոր հօր ձեռքին եղած եւ ծառերու վերածուած շամփուրներն են։ Անոնց համար կ՚ըսէր մեզ առաջնորդող հովիւը, որ բոլոր գիւղացիները «Շիշ աղաջլարը» կ՚անուանեն այս զոյգ ծառերը, սուրբի գերեզմանի մօտ, առանց իմանալու այս կոչման դրդապատճառը։
Անծանօթ հայ սուրբի գերեզմանը մահմետականներու սրբավայրի վերածուած է այսօր։ Այն շրջափակուած է ո՛չ միայն ցանկապատով եւ մասնաւոր ցանցով, այլեւ՝ տանիքով ու ապահովութեան այլ յարմարութիւններով: Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս բազմաթիւ ուխտաւորներ ունի այս սրբավայրը, նոյնիսկ հեռաւոր գիւղերէ ու քաղաքներէ։ Ի դէպ, անցեալին եւս այն եղած է հաւասարապէս քրիստոնեայ եւ մահմետական հաւատացեալներու ուխտավայր։ Կրկնելու գնով ըսենք, որ գիւղական միջավայրի մէջ, կոյր հաւատքով օժտուած ու մանաւանդ բազմապիսի նախապաշարումներով առաջնորդուող մարդոց համար նման վայրեր շատ կարեւոր նշանակութիւն կը ներկայացնեն, անկախ տուեալ հաւատացեալներու դաւանած կրօնէն կամ ունեցած ազգային մշակոյթէն:
Անծանօթ սուրբի գերեզմանի վրայ մենք եւս աղօթեցինք մեր ազգի, եկեղեցիի եւ հայրենիքի բարօրութեան, պայծառութեան եւ խաղաղութեան համար, հաւատքի ուժով ծաղկած զոյգ «Շամփուր ծառեր»ու շուքի ներքեւ պահ մը հանգստանալով:
***
Մեզի կը մնայ արեւշատութիւն մաղթել սրբազան հեղինակին՝ Գրիգոր Արք. Չիֆթճեանին, մաղթելով որ Ամեաբարին Աստուած առատապէս օրհնէ զինք, աւելցնէ իր իմաստութիւնը, կամքն ու կորովը, որպէսզի շարունակէ իր նուիրական ծառայութիւնը բերել Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024