ԱՆՈՒՇ ԷԼԲԱԿԵԱՆ 8-ՐԴ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՍՏԱՑԱՒ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԵՌԱՏԵՍԻԼԱՅԻՆ ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, օրերս, տեղի ունեցաւ Ամերիկեան հեռատեսիլային բարձրագոյն մրցանակաբաշխութիւնը՝ «Էմմի»ն: 51-րդ անգամ ըլլալով նշանաւոր այս մրցանակաբաշխութիւնը իր շուրջ կը համախմբէ հեռատեսիլային աշխարհի նորութիւններուն հետեւող հազարաւորներու ուշադրութիւնը՝ երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս:
«Էմմի»ն ԱՄՆ-ի մէջ կը նկատուի այդ երկրի չորս գլխաւոր մրցանակաբաշխութիւններէն մէկը: Միւս երեքն են՝ «Կրէմմի»ն (երաժշտութեան), «Օսքար»ը (շարժապատկերի) եւ «Թոնի»ն (թատերական ներկայացումներու):
Այս տարուայ «Էմմի»ի մրցանակաբաշխութեանը հայաստանցի լրագրող, վաւերագրող, այժմ՝ ամերիկաբնակ Անուշ Էլբակեանը ութերորդ անգամ ըլլալով ստացաւ ամերիկեան հեռուստալրագրութեան այդ բարձրագոյն պարգեւը՝ «Պոսթըն Կլոպ» լրատուամիջոցի հեռատեսիլային բաժնին մէջ կատարած իր աշխատանքի համար: Մասնագէտներ նկատեցին, որ այս ասպարէզին մէջ այսպիսի մրցանակային յաջողութեան տակաւին ոչ ոք հասած է:
Ամերիկեան լրատուական ասպարէզին մէջ մեծ է թիւը յաջողութեան հասած հայերուն: Անոնք զանազան տարիներու մասնակից եղած են ամերիկեան նշանաւոր թերթերու, ամսագիրներու, հեռատեսիլի, ձայնասփիւռի կայաններու եւ լրատուութեան այլ միջոցներու գլխաւոր յաջողութիւններու կերտման: Սակայն անոնց մէջ քիչ են հեղինակաւոր մրցանակակիրները, մանաւանդ՝ «Էմմի»ի արժանացածները:
34-ամեայ Անուշ Էլբակեան իր տարիքի համեմատ արժանացած է ամենամեծ թիւով մրցանակներուն, որոնցմէ ութը՝ «Էմմի», երկուքը՝ «Փուլիցըր»: Ան արժանացած է նաեւ Էտուարտ Մուրոյի եւ Սքրիփս Հովարտի անուան մրցանակներուն, ինչպէս նաեւ՝ համացանցային լրագրողական ընկերութեան մրցանակին: Այս մրցանակները նոյնպէս մեծ կշիռ ունին, եւ ԱՄՆ-ի մէջ կարեւորութիւն կը տրուի ատոնց արժանացած լրագրողներուն, իբրեւ արհեստավարժներ:
Անուշ Էլբակեան «Պոսթըն Կլոպ» լրատուական խոշոր ընկերութեան տեսա-բովանդակային բաժնի տնօրէնն է: Այդ պաշտօնին հասած է երկար տարիներու աշխատանքի շնորհիւ՝ ստեղծելով տեսաժապաւէններ, վաւերագրական նիւթեր, հետաքննական ծրագրեր, որոնք միտուած են կարեւոր հարցերու լուծման:
Անուշ Էլբակեան ծնած է Երեւան՝ Էլբակեան արուեստագէտներու ընտանիքին մէջ: Մեծցած է արուեստի միջավայրի մէջ, որ իր շուրջը ստեղծած է իր հայրը՝ դերասան, բեմադրիչ լրագրող Արթուր Էլբակեանը, Անուշին քոյրը նոյնպէս շրջան մը լրագրող եղած է:
Անուշ պզտիկ տարիքին, Երեւան ապրած ժամանակ, երգած է՝ մրցանակներ շահած է մանկական երգի ասպարէզին մէջ: Այնուհետեւ ան ուսանած է Մոսկուայի մէջ, հետաքրքրուած է մանաւանդ լեզուներու ուսումնասիրութեամբ, ինչն ալ դռներ բացած է, տեղափոխուած են ԱՄՆ, ուր ան ուսանած է լրագրութիւն: Իր առաջին գործատուն եղած է ԱՄՆ-ի հնագոյն եւ հեղինակաւոր լրատուամիջոցներէն մէկը՝ «Տը Պոսթըն Կլոպ»ը («Տը Կլոպ»), որուն հաւատարիմ մնալով Անուշ Էլբակեան, իր աշխատանքով համալրած է «Տը Կլոպ»ի ձեռքբերումներուն թիւը:
Ամերիկեան հնագոյն եւ հեղինակաւոր պարբերականներէն այս մէկը՝ հիմնուած 1872 թուականին, երկար տարիներ լոյս կը տեսնէր միայն իբրեւ թերթ: Սակայն լրատուական ասպարէզի զարգացումներուն քայլ պահելով՝ միշտ եղած է յառաջատար եւ այսօր ունի զանազան բաժիններ, որոնցմէ է նաեւ տեսաբաժինը, որ վստահուած է մեր հայրենակցուհիին:
«Տը Կլոպ»ը միշտ թարմ գաղափարներու համար բաց եղած է, եւ Անուշ Էլբակեանի գաղափարները, աշխատելոճը մէկ անգամէն գրաւած են «Տը Կլոպ»ի ղեկավարները: Անոնք աշխատանքի ընդունած են Անուշը, մանաւանդ երբ իրենց առջեւ ունեցած են «Տը Կլոպ»ի մէջ մեծ ներդրում ունեցած մէկ այլ հայու փորձը՝ ամերիկահայ գրող, լրագրող Սթիվըն Քիւրքճեանի տարիներու աշխատանքը: Այսօր 80-ամեայ Սթիվըն արդէն հանգստի կոչուած է, եւ Անուշ Էլբակեան ամերիկեան խոշոր այդ լրատուամիջոցի մէջ աշխատող միակ հայն է: Ան միշտ կ՚ըսէ, որ հեռուէն հետեւած է Սթիվըն Քիւրքճեանի աշխատանքի ոճին, նիւթերուն, հետաքննութիւններուն եւ իրեն համար ան տեսակ մը օրինակ եղած է: Անոնք բարեկամներ են, եւ Սթիվըն Քիւրքճեան նոյնպէս «Փուլիցըր» մրցանակի դափնեկիր է՝ երեք անգամ արժանացած է ամերիկեան հեղինակաւոր այդ մրցանակին:
«Տը Կլոպ»ի մէջ աշխատանքի առաջին տարիներուն Անուշ Էլբակեանի ռուսերէնի իմացութիւնը շատ օգնած է զանազան նիւթեր պատրաստելու ժամանակ:
Իր առաջին «Փուլիցըր» մրցանակը Անուշ Էլբակեան ստացած է 2016 թուականին, երբ իր աշխատախումբին հետ միասին հետաքննած է 2013 թուականի ապրիլին Պոսթընի վազքի մրցումի ժամանակ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան մանրամասնութիւնները: Պոսթընի հնագոյն այդ մրցաշարքի ընթացքին պատահած ռմբահարումներու եւ փոխհրաձգութեան ժամանակ զոհեր եւ վիրաւորներ եղած են, հետաքննութիւն ընթացած է, լրագրողական նիւթերն ալ իրենց կարգին բացայայտած են աւելին, ի վերջոյ, ահաբեկչական արարքը կազմակերպելու համար ձերբակալուած են ամերիկաբնակ չեչէն եղբայրներ:
Իր երկրորդ «Փուլիցըր» մրցանակը Անուշ Էլբակեան ստացած է 2021 թուականին՝ «Կոյր բիծ»ը հետաքննական տեսաժապաւէնի համար, որ կը բացայայտէր մեծ մայրուղիներու վրայ կատարուող խախտումներու արձանագրման ազգային համակարգին բացերը, որոնց հետեւանքով ողբերգական վթարներ տեղի կ՚ունենային:
«Էմմի» մրցանակները Անուշ Էլբակեանին նոյնպէս շնորհուած են արհեստավարժ գործունէութեան համար: Ան այդ մրցանակը ստացած է 2016, 2017, 2019 եւ 2020 թուականներուն. 2020-ին Ամերիկեան ազգային հեռատեսիլային ակադեմիան Անուշ Էլբակեանին մէկ անգամէն չորս «Էմմի» շնորհած է՝ զանազան անուանակարգերու մէջ:
Իր եւ իր աշխատախումբի կատարած հետաքննութիւնները եւ լրագրական վերլուծութիւնները տպաւորիչ արձագանգներ կը ձգեն թէ՛ կառավարական պաշտօնեաներու, թէ՛ հասարակութեան շրջանակներէն ներս: Ատոնք բոլորը միտուած են կեանքի բարելաւման, կը բացայայտեն թերացումներ, չարաշահումներ, բռնութիւններ, այդ կարգին՝ ամերիկեան դպրոցական համակարգէն ներս կատարուող բռնութիւններ: Ամերիկեան հասարակութեան մէջ շատ դէպքեր եւ իրողութիւններ թաքնուած կը մնան, մինչեւ լրագրութեան հետաքննութիւնը օր մը կը բացայայտէ ատոնք: Անուշ Էլբակեան անդրադարձած է այնպիսի նիւթերու, ինչպիսիք են՝ կլիմայի փոփոխութիւնը, երկրի մէջ զէնքի իրաւունքի սահմանափակումները, որոնց համար լրատուամիջոցը սպառնալիքներ ստացած է չարագործներէ, ապօրինի ատրճանակ պահողներէ, սակայն այդ մէկը չէ խոչընդոտած, որ հետաքննութիւնը հրապարակուի եւ բացայայտուի զէնքի կիրառութեան բոլոր հնարաւոր վտանգները: Իր «Էմմի» մրցանակներէն մէկը Անուշ ստացած է ամերիկեան առողջապահական բնագաւառին մէջ առկայ սխալներու, թերացումներու, անտարբերութեան համար կատարած հետաքննութեան համար, ինչը մարդկային ճակատագրեր խեղած է:
Առհասարակ, շատ համեստ հայուհին համեստօրէն կ՚արտայայտուի իր յաջողութիւններուն մասին, ան միայն կ՚ուզէ օգտակար ըլլալ հասարակութեան, նպաստել մարդկութեան զարգացման՝ լրագրական բացայայտումներու շնորհիւ: Անուշ տեսանիւթային լրագրութեան մէջ մասնագիտացած է իբրեւ տպաւորիչ բովանդակութիւն ստեղծող:
Համացանցի հնարաւորութիւնները այսօր կը նպաստեն, որ շատ հարցեր արագ լուծուին եւ այդ լուծումները հասնին աւելի շատ մարդոց: «Պոսթըն Կլոպ» հնագոյն լրատուամիջոցը շատ արագ հասկցած է այդ մէկը: Ան ամենաշատ տեսանիւթեր պատրաստող ամերիկեան լրատուամիջոցներէն է, բայց իր ստեղծած բովանդակութիւնները անվճար չի տրամադրեր ընթերցողներուն: Այդ հետաքննութիւնները կարդալու, տեսանիւթերը դիտելու եւ կարեւոր վերլուծումներ եւ բացայայտումներ գիտնալու համար հետաքրքրուողները պէտք է վճարեն, որպէսզի մուտք ունենան «Տը Կլոպ»ի համացանցային էջեր: Վճարները բարձր են, սակայն նկատելի է, որ միլիոնաւոր մարդիկ չեն զլանար վճարել այդ գումարը՝ մուտք գործելու եւ հասնելու համար նիւթերուն: «Տը Կլոպ»ը միաժամանակ ճշգրիտ եւ անկողմնակալ լրագրութեան կողմնակից է, գրեթէ երբեք հերքումներ չի կատարեր, նիւթերը կը մատուցէ բարձրորակ, ահա ինչու ընթերցողները դաշտը հեղեղած զանազան լրատուամիջոցներու մէջ կը փնտռեն որակն ու ճշգրտութիւնը: «Տը Կլոպ»ի մանաւանդ հեղինակային տեսանիւթերը, տեսաձայնային ամբողջ թողարկումները Անուշ Էլբակեանի ղեկավարութեան ներքոյ են: Ան կը սիրէ հետաքրքրական պատմութիւններ պատմել, ճշմարտութիւնը ներկայացնել եւ աշխարհը դարձնել ա՛լ աւելի բարի: Իր մրցանակներու մասին ան գրեթէ չ՚արտայայտուիր, փոխարէնը հպարտ է, որ իր պզտիկ բալիկը իբրեւ առաջին լեզու, կը խօսի հայերէնով:
ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ՀՕՐ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ԴՈՒՍՏՐԸ
Անուշ Էլբակեանը դուստրն է տաղանդաւոր հայ դերասան, բեմադրիչ, վաւերագրող Արթուր Էլբակեանի: Էլբակեանը նոյնպէս ԱՄՆ կը բնակի: Մինչեւ ԱՄՆ տեղափոխուլիը՝ Արթուր Էլբակեան նշանակալի գործունէութիւն ունեցած է Հայաստանի մէջ, խաղացած է շատ դերեր, բեմադրած է ներկայացումներ, հիմնած է «Թատրոն-13»ը, որու բացման ներկայ գտնուած է Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան։ Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան մէջ Արթուր Էլբակեան վարած է թատրոնին նուիրուած հաղորդում, «Ար» հեռուստաընկերութեան հիմնադիրներէն է, յետոյ սկսած է գործել իբրեւ անկախ ստեղծագործող: 2012 թուականին անոր մէկ ժապաւէնը ԱՄՆ-ի մէջ մրցանակ ստացած է, ԱՄՆ-ի մէջ կատարած է թատերական բեմադրութիւններ, իսկ 2017 թուականին ստեղծած է եւ կը վարէ «Արթուր Էլբակեանը կը ժամադրէ» հեռուստահաղորդումներու շարքը, որ նուիրուած է Երեւանին եւ երեւանցիներուն:
ԱՄԵՆԱՏԱՐԵՑ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐԸ՝ «ԷՄՄԻ»Ի ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
«Տիզնի»ի առասպել, ամերիկացի դերասան, կատակերգակ, բեմագիր եւ արտադրիչ, 98-ամեայ Տիք Վան Տայք նոյնպէս ստացած է այս տարուան «Էմմի»ն եւ կը նկատուի «Էմմի»ի 51-ամեայ պատմութեան մէջ այդ տարիքին մրցանակ ստացած միակ գործիչը: Ան, ինչպէս պատմութիւն կերտած է իբրեւ դերասան, այնպէս ալ պատմութիւն կերտած է՝ ըլլալով ամենատարեցը՝ իբրեւ «Էմմի»ի մրցանակակիր:
Տիք Վան Տայք իր առաջին յաջողութեան հասած է 1960 թուականին՝ Պրոտուէյ, երբ անոր շնորհած են «Թոնի» մրցանակ՝ «Ցտեսութիւն թռչնակ» երաժշտական բեմադրութեան մէջ ունեցած դերակատարման համար։ Երեք տարի անց երաժշտական այդ բեմադրութիւնը դարձած է շարժանկար, ուր ան խաղացած է իր դերը։ 1964 թուականին ան նկարահանուած է «Մերի Փոփինս» շարժանկարին մէջ, ուր ան մարմնաւորած է իրարմէ տարբեր երկու դերեր՝ դրական՝ ուրախ երիտասարդ եւ բացասական՝ ծեր ձեռնարկատէր: Ատոր համար դերասանը առաջադրուած է «Ոսկեայ կլոպուս» մրցանակի։
1961-1966 թուականներու միջեւ Վան Տայք CBS հեռուստատեսային կայանի մէջ սեփական հաղորդում վարած է, որուն համար երեք «Էմմի» մրցանակ ստացած է: Ան աստղ ունի Հոլիվուտի փառքի ծառուղիին մէջ, նաեւ բազում մրցանակներ ու պարգեւներ ստացած է, բայց զարմացած եւ ուրախացած է մանաւանդ 100-ամեակէն երկու տարի առաջ ստացած իր «Էմմի»ով:
«ԷՄՄԻ»ԻՆ ԵՒ «ՓՈՒԼԻՑԸՐ»Ը
«Էմմի» մրցանակաբաշխութիւնը կը ներկայացնեն երեք կազմակերպութիւններ՝ Ամերիկեան հեռատեսիլային ակադեմիան, որ կը շնորհէ մրցանակներ՝ հեռուստատեսային հաղորդումներուն, մարզականէն զատ: Մրցանակաբաշխութեան կը մասնակցի նաեւ Ամերիկեան ազգային հեռուստատեսային ակադեմիան, որ կը շնորհէ մրցանակներ՝ առաւօտեան, մարզական, լրատուական եւ փաստագրական հաղորդումներուն։
Միւս մասնակիցը Միջազգային հեռուստատեսային ակադեմիան է, որ մրցանակներ կը շնորհէ հեռուստատեսային հաղորդումներուն, որոնք կը թողարկուին եւ կը հեռարձակուին ԱՄՆ-ի տարածքէն դուրս։
«Փուլիցըր» մրցանակը նոյնպէս ամերիկեան ամենահեղինակաւոր մրցանակներէն է, որ կը տրուի գրականութեան, լրագրութեան, երաժշտութեան եւ թատրոնի ասպարէզներուն մէջ հասած յաջողութեան համար։
1911 թուականին կը մահանայ հունգարական ծագումով ամերիկացի միլիոնատէր Ճոզէֆ Փուլիցըր (1847-1911թթ.)։ Ըստ անոր կտակի՝ մրցանակ մը հիմնելու նպատակով ձգուած 2 միլիոն տոլարով ստեղծուած է այս մրցանակի հիմնադրամը։
Մրցանակները կը յանձնուին 1917 թուականէն ի վեր՝ Նիւ Եորքի մէջ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024