ԼՈՒՍԱԲԵՐԸ
Ինչո՞ւ էր այդքան խիստ իր դէմքը, որ մենք կը վախնայինք նոյնիսկ իր տան դրան առջեւէն անցնելու։ Ամենէն «քաջը մեր մէջ, ինչպէս վարժ էինք ըսելու, գաղտնի մը պիտի նայէր կամարին տակէն, որ վստահ ըլլայինք, որ «Ծուռ երես Լուսաբեր»ը իր սենեակն էր վերջնականապէս, որովհետեւ վերջին անգամ ժամը հինգին կ՚երթար սենեակէն քսան քայլ անդին իր փայտեայ խոհանոցը, ընթրիքը կը բերէր ու կը փակուէր իր քանի մը մեթրանոց սենեակին մէջ։
Այդ դռնէն դուրս ալ ոչինչ կը հետաքրքրէր զինք… Առօրեայ կեանքը, որ կը սկսէր առտուան վեցին գործի երթալով, այդպէս ալ այդ ընթրիքով կ՚աւարտէր եւ անկէ ետք ինչ կ՚ընէր գաղտնիք էր բոլորին համար։ Հեռուստացոյցը դեռ տարածուած չէր տուներուն մէջ, ձեռագործ ձեռքին ոչ ոք տեսած էր, որովհետեւ այցելութիւններ չէր տար։ Ժպիտը նոյնպէս ոչ ոք տեսած էր, նայուածքը մի՛շտ գետին, միայն ուզած անձերուն բարեւը կու տար առանց երեսնին նայելու։
Ի՞նչ կ՚աշխատէր… Դժո՞ւար էր գործը թէ շատ յոգնեցուցիչ… Ինչո՞ւ գէնցած էր «ժպիտ»ին հետ… Կարելի՞ էր այդպէս ապրիլ…
Այդպէս կ՚ապրէր…։
Ձմրան երկա՜ր գիշերներէն մէկն էր նորէն… Այն գիշերներէն՝ երբ յաջորդ օրը դպրոց չկար, ուրեմն կրնայինք, ինչպէս սովոր էինք ըսել, մինչեւ ուշ նստիլ…
-Թանթիկ Մարի ինչո՞ւ «Ծուռ երես Լուսաբեր»ը կը վախցնէ…
-Կը վախցնէ՞… Ո՜չ, այդ շատ տխուր պատմութիւն է։ Չնայած Անուշիկ, մենք ալ երբ պզտիկ էինք կը կարծէինք, որ կը վախցնէ, բայց երբ իր կեանքի պատմութիւնը լսեցինք… է՜հ, տխուր է, շա՜տ տխուր։
-Թանթիկ Մարի կը պատմե՞ս։
-…………
-Հաճի՜ս…
-Մեզի դրացի էր, երբ մեծցանք, այսինքն քիչ մը աղջիկ եղանք՝ բարեւնուս կը պատասխանէր։ Մենք ալ բարեւել սկսանք երբ իր պատմութիւնը լսեցինք։ Մայրս ուղն ու ծուծը գիտէր պատմութեան, բայց ոչ ոք կը խօսէր այդ մասին… Այդ թէեւ Լուսաբերին պատմութիւնն էր, բայց բոլորին չփակուած վէրքն էր…։
Մարաշցի էր։ Հօրաքոյրը եղբօր միամեայ դուստրը գրկած, տասնմէկ տարեկան եղբօրորդին ալ փէշէն կախուած կը բռնեն գաղթի ճամբան։ Հարսը տկար էր, չի դիմանար անօթութեան եւ յոգնութեան, այդ ճամբուն վրայ ալ աչքերը կը փակէ։ Եղբօրմէն շատոնց լուր չկար, ո՞ղջ էր թէ մեռած միայն Աստուած գիտէր։ Ամբողջ հարստութիւնը իր մեծ գերդաստանէն, տունէն ու այգիէն ինք ու եղբօր զաւակները մնացեր էին… Եւ անոնք պէտք էր, որ ապրէին։
Եղբօր ամունութենէն տարի մը ետք աշխարհ եկած էր Մատթէոսը, սակայն երկրորդ զաւկին ծնունդը դժուար եղած էր։ Տասը տարի սպասած էին։ Այդ տասն տարիներու ընթացքին քանի մը պտուղ չէին կրցած աշխարհ գալ, երկու հատ ալ մեռած ծնած էին։ Ի՜նչ ուխտեր ըրած էին մինչեւ երկրորդ զաւկին գալը եւ Աստուած օրհնած էր, լոյս աշխարհ եկած էր լուսաւոր աղջիկ մը, որուն Լուսաբեր անուանեցին իրենց մօր անունով։
Եւ հիմա Մարիամ հօրաքոյրը եղբօր ժառանգներուն հետ՝ բռնած էր գաղթի ճամբան, փառք տալով, որ այս երկուքը ազատած էին, մինչեւ…
Հարուստ քիւրտ մը իրենց հսկող ոստիկանին կաշառելով քանի մը գաղթական առողջ տղաներ գնած էր եւ անոնց մէջ էր Մատթէոսը։
Աշխարհը անգամ մը եւս փլած էր Մարիամ հօրաքրոջ գլխին…
Կը հասնին Հալէպ։ Երկու տարի հազիւ կը դիմանայ Մարիամ հօրաքոյրը։ Չորսամեայ Լուսաբերը կը յանձնէ մարաշցի հեռաւոր ազգականներու։
-Միակ ժառանգն է մեր մեծ գերդաստանէն, կ՚աղաչեմ զաւակի նման պահեցէք։
Որքան պահեցին իրենց խոստումը Տէրը գիտէ, բայց Լուսաբերը ուխտի եկող խումբի մը միանալով Երուսաղէմ կու գայ եւ ալ Հալէպ չի դառնար։
Առանձին աղջիկ մը… Քաղաքացի հայեր տէր կ՚ըլլան։ Սակայն որքան ալ ուրախ կը ձեւանար, տխրութիւն մը սեւ ամպի նման կը դառնար իր շուրջ, որ որեւէ վայրկեան կրնար անձրեւել…
Եւ անձրեւեց…
Հոգեւորական մը օր մը կը կանչէ զինք.
-Աղջիկս, այսպէս առանձին չես կրնար մնալ, Իրաքէն մարաշցի երիտասարդ մը եկած է, որ մարաշցի աղջիկ մը կը փնտռէ կնութեան առնելու համար։ Լաւ մարդ կ՚երեւի, արհեստ ունի, դերձակ է։ Քեզի նման գաղթի ճամբուն կորսնցուցած է ընտանիքը։ Քանի մը մարաշցի աղջիկներ կան մտքիս մէջ, սակայն երբ անունդ տուի, ըսաւ. «Հայր սուրբ, ասոր ծանօթացուր, քրոջս անունն ալ Լուսաբեր էր»։ Լաւ մտածէ, այսօր-վաղը ծանօթացնեմ ձեզի, եթէ Տիրոջ կամքն է կիրակի օրն ալ պսակը կ՚ընենք, ի՞նչ ունիս այստեղ, գնա՛ ընտանիք կազմէ։ Աստուած կ՚օրհնէ եւ սէր ալ կը պարգեւէ։
Անակնկալ էր Լուսաբերին համար, այդ գիշեր շատ կը մտածէ, իսկապէս ինչ ունէր այստեղ զինք կապող։ Ո՛չ ընտանիք, ո՛չ պապենական տուն, ոչ մէկ յուշ… Վայրկեան մը կը համաձայնի, յետոյ համարձակութիւնը չ՚ունենար քայլը առնելու, դարձեալ կը համոզուի եւ դարձեալ կ՚երկմտի, գիշերը ձեւով մը կը լուսցնէ։ Սակայն առաջին անգամ ըլլալով առանձնութիւնը գիշերուան մթութեան չափ ծանր՝ կը վախցնէ զինք։ Լուսաբացին սենեակին պատուհանին ճեղքերէն ներս ինկող արեւին ճառագայթներուն հետ որոշումը կը կայացնէ։ Այո՛, պիտի ամուսնանար, մարաշցի երիտասարդը Իրաքէն եկած մարաշցի աղջիկ մը կ՚ուզէր ընտանիք կազմելու համար, ուրեմն լաւ մարդ պէտք էր, որ ըլլար։ Ինք տասնեւութ տարեկան էր, իսկ փեսացուն քսանութ։
Առաջին հանդիպումին, որ եղաւ նաեւ վերջին հանդիպումը ամուսնութենէն առաջ, համակրանք մը կը զգայ Մատթէոսին հանդէպ։ Ջերմութիւն մը կ՚անցնի երակներուն մէջէն։ Առաջին անգամ ըլլալով կին կը զգայ ինքզինք, քնքուշ զգացում մը կը խլրտայ մորթին տակ ամբողջ մարմնովը։ Շոյուիլ կ՚ուզէ ու սիրուիլ, մանաւանդ կողքին տղամարդ մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը կը զգայ։ Ընտանիքը կորսնցուցած էր, ինչո՞ւ ընտանիք չ՚ունենար…
Օժիտ չունէր եւ այդ չէր հետաքրքրեր Մատթէոսին, ինք եկած էր մարաշցի աղջիկ մը առնելու, որբի մը հետ ընտանիք կազմելու։ Առաջին վայրկեանէն համակրանքէ աւելի զգացում մըն ալ ինք ունեցած էր այս լուսաւոր աղջկան նկատմամբ։
Պզտիկ հարսնիք մը կ՚ընեն։ Հարսանեկան գիշերը Մատթէոսին տրամադրուած ուխտաւորի սենեակին մէջ պիտի անցնէր։ Հոն պիտի մնային շաբաթ մը, մինչեւ իրենց մեկնումը Պաղտատ։
Լուսաբերը ամբողջովին շուարած էր։ Ի՞նչ գիտէր ամուսնութեան մասին։ Մայր, մեծ քոյր եւ ոչ ալ այնքան մտերիմ ընկերուհի մը ունեցած էր, որ խօսք եղած ըլլար այդ մասին։
Բայց Մատթէոսը նրբանկատ մարդ էր։ Քիչ մը խօսելէ ետք թէ՛ երկուքը Մարաշէն ելած հիմա իրենց երկրին բոյրովը հայկական բոյն մը պիտի կազմեն, թէ՛ իրեն ալ դերձակութիւն պիտի սորվեցնէ, թէ Աստուած ինչպէս միացուց իրենց ճամբաները, ամենաքիչը չորս զաւակ պէտք է ունենան, հանդարտ կը քակէ Լուսաբերին հարսանեկան հագուստին կոճակները եւ երբ Լուսաբերը ձախ թեւը դուրս կը հանէ հագուստին մէջէն Մատթէոսը կը քարանայ.
-Այս այրուածքը ե՞րբ եւ ո՞ւր ստացած ես…
Շատ յանկարծակի էր հարցումը, որուն երբեք չէր սպասեր Լուսաբերը։ Իր սիրտը կը տրոփէր սպասուող գիշերուան նորութիւններով։
-Հօրաքոյրս պատմած է զիս խնամող ընտանիքին, թէ մէկ տարեկան էի երբ տան բակը ջուր կը տաքցնէին լուացքի համար։ Ես հօրաքրոջս կողքին գետինը նստած կը խաղամ եղեր։ Եղբայրս փայտ մը ձեռքը շունին հետ կը վազվզէր։ Փայտը կը նետէ՝ շունը կը բերէ եւ ինչպէս կը պատահի ջուրով կաթսան կը դառնայ եւ ջուրը կը թափի թեւիս ու ոտքիս վրայ։
Մատթէոսը քար կտրած հեկեկալով ծունկի կու գայ Լուսաբերին առջեւ։
-Լուսաբե՜ր… Այդ ե՛ս եմ, ե՛ս եմ Լուսաբե՜ր… Այդ տղան ե՛ս եմ… Այդ փոքրիկը իմ քոյրս էր… Իմ լոյս Լուսաբերը։ Մարիամ հօրաքոյրն էր այնտեղ կողքիդ նստած…
Մատթէոսը կը կոճկէ հարսանեկան հագուստին կոճակները, կը համբուրէ քրոջ ճակատը։ Մինչեւ լուսաբաց կը խօսին, սկիզբը Լուսաբերը անակնկալէն լռած էր, յետոյ շատ հարցումներ ունէր մեծ եղբօրը, որ ժամանակ մը քիւրտին քով ծառայելէ ետք անցած էր Պաղտատ։
Մատթէոսը շատ կը փորձէ համոզել, որ Լուսաբերը իր հետ երթայ Պաղտատ, Լուսաբերը կը մերժէ։
Անձրեւը տեղատարափ իջած էր Լուսաբերին վրայ…
Եւ թէեւ անձրեւէն ետք արեւը կը ծագի, բայց Լուսաբերին երեսը ալ չի խնդար։ Չ՚ամուսնանար։ Մինչեւ կեանքին վերջը այդպէս իր բախտին ու այրուած թեւին հետ՝ խոժոռ դէմքով եւ մեզ փոքրերուս սարսափեցնող քալուածքով տունէն գործ, գործէն՝ տուն, սենեակէն՝ խոհանոց, խոհանոցէն՝ սենեակ կեանքը անցաւ առանց հասկնալու, թէ թե՞ւն էր այրածը, թէ սիրտը…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ, 2024
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024