ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՔԱՆԴԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը, որ մաս կազմեց 2015-ի ոգեկոչումներու շրջագծին։ Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հանդիսապետութեամբ, Նիւ Եորքի Ս. Վարդան մայր տաճարի եւ յարակից Առաջնորդարանի համալիրէն ներս կատարուեցաւ «Գաղ-թականութիւն» քանդակին օրհնութիւնը եւ տեղի ունեցաւ բացման արարողութիւնը։